ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՐԱՄ Ա․ ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ․- ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

0 0
Read Time:2 Minute, 50 Second


Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի:

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Շիքակոյի հայութեան։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, եկեղեցւոյ 80-ամեակին առիթով բարձրացուած խաչքարի օրհնութեան կարգ կատարուեցաւ. բարերարներն են Տէյվիտ եւ Սիւզի Էրիքսըն ամոլը։

Իսկ Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերին, Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, որուն մասնակցեցան շուրջ երկու հարիւր ծխայիններ: Ընթրիքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թալին Արթինեան: Ապա, հերթաբար խօսք առին՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեան, հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան, թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Արամ Սարաֆեան եւ առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան հովուապետի նկարագրին: Ան ըսաւ, թէ Անթիլիասը մեզմէ մղոններով հեռու կրնայ ըլլալ, սակայն իր ծառայական առաքելութեամբ միշտ ներկայ է ամերիկահայութեան կեանքին մէջ:

Պաշտօնական ճաշկերոյթի աւարտին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ յայտնելով, որ համայնքը անշարժ իրականութիւն մը չէ, որուն մէջ կեդրոնական դիրքը կը գրաւէ եկեղեցին: Ան շեշտեց համայնքի կեանքը վերաշխուժացնող, վերանորոգող ու հզօրացնող չորս հիմնական գործօններ՝ ներդաշնակութիւն, գործակցութիւն, ամբողջականութիւն եւ հաշուետուութիւն: Շարունակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը ըսաւ, թէ եկեղեցին սոսկ կառոյց մը չէ, այլ ժողովուրդին կեանքը փոխակերպող ու պայծառակերպող առաքելութիւն է: Եկեղեցին պէտք չէ բանտարկել կառոյցի նեղ սահմաններու մէջ, այլ հարկ է զայն տանիլ ժողովուրդին: Ապա, ան ընդգծեց համայնքի կեանքին մէջ երիտասարդութեան մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Ես չեմ կրնար պատկերացնել աշխոյժ համայնք մը, ուր երիտասարդները բացակայ են անոր կեանքին մէջ: Հետեւաբար, հարկ է քաջալերել մեր երիտասարդները մասնակից դառնալու մեր հաւաքական կեանքին, շեշտեց Նորին Սուրբ Օծութիւնը: Իր խօսքի եզրափակիչ բաժնին մէջ, ան կարեւորութեամբ խօսեցաւ նոր սերունդներու դաստիարակութեան ու կազմաւորման մասին: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- «Գիտութիւնը եւ ուսումը կարեւոր են, նոյնքան կարեւոր են հայ արժէքներուն, ոգիին, իտէալներուն, երազներուն ու աւանդութիւններուն փոխանցումը ու պահպանումը: Վայ մեզի եթէ մենք մեր ինքնութիւնը կազմաւորող ազդակներէն հրաժարինք: Հետեւաբար, հարկ է պահել մեզ մեր արմատներուն կապող արժէքները»:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՈՒԱՔԻԿԸՆ

Ուաքիկընի հայորդիները որդիական անհուն ուրախութեամբ դիմաւորեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը, Երկուշաբթի, 21 Հոկտեմբերին, ուր կը գործէ Սուրբ Պօղոս եկեղեցին:

Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ հաւատացեալներու, հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Տարոն Աւ. Քհն. Ստեփանեանին եւ դպրաց դասին կողմէ: «Հրաշափառ»-ի արարողութեան աւարտին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ անցնող երեք շաբաթներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անխտիր այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափին վրայ տարածուած բոլոր հայ գաղութները: Հետեւաբար, մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք անոր: Ուաքիկընը թեմի ամենափոքր գաղութն է, սակայն հարազատօրէն պահած է իր հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը: Այստեղ հաստատուած հայերը երբեք չեն հեռացած մեր եկեղեցիէն ու աւանդութիւններէն:

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամին մէջ պարզեց եկեղեցի ըլլալու պայմանները: «Մենք եկեղեցի կը յաճախենք իբրեւ հայ քրիստոնեաներ. ուր որ ալ ըլլանք, ինչ պայմաններու տակ ալ ապրինք, պէտք է պահենք մեր ազգային ինքնութիւնը, աւանդութիւնները, բարոյական արժէքները եւ իտէալները շեշտելով», եզրափակեց իր պատգամը Նորին Սրբութիւնը:

Պատգամէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, եւ ապա հաւաքական ընթրիք։ Խօսք առին եկեղեցւոյ հովիւ քահանայ հայրը, հոգաբարձութեան ատենապետ Ալթա Միքայէլեան եւ առաջնորդ սրբազան հայրը: Նշենք, որ ընթրիքի ընթացքին եկեղեցւոյ փոքրիկ դպիրները ներկայացուցին կոկիկ յայտագիր մը:

Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ օրհնութեան խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ ծխայինները, քահանայ հայրը եւ հոգաբարձութեան անդամները՝ մեր եկեղեցւոյ ու հայ ինքնութեան պահպանութեան նկատմամբ անոնց ցուցաբերած նախանձախնդրութեան համար:

Ընթրիքը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգով եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգով:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles