«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ԱՊԱՏԱՆԻ ՔԱՐԻՒՂԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 49 Second

Խմբագրական
Հոկտեմբեր 9, 1952

 

Անգլեւիրանեան վէճը, որ ծագեցաւ Ապատանի անգլիապատկան քարիւղի հանքերուն ու գործարանային բոլոր սարքաւորումներուն բռնի ազգայնացումով՝ Իրանի կողմէ, նոր փուլի մը մէջ մտած է։ Մոսատեղ, Իրանի տիքթաթոր վարչապետը ամսոյս 2-ին ունկնդրութեան հրաւիրելով լրագրողները, յայտարարած է, որ կառավարութիւնը պիտի խզէ դիւանագիտական յարաբերութիւնները Անգլիոյ հետ, եթէ վերջինս մերժէ հաւանիլ՝ Սեպտեմբեր 24-ին իրեն առաջարկուած պայմանին։

Օգոստոս 30-ին Անգլիա եւ Ամերիկա համախորհուրդ առաջարկած էին Իրանի՝ խնդրոյ առարկայ վէճը Միջազգային Ատեանի մը յանձնել ի կարգադրութիւն։ Մօտ ամիս մը վերջ, Մոսատեղ, կը պատասխանէ, թէ կ’ընդունէր այդ առաջարկը, պայմանով սակայն, որ Անգլիա, այսինքն Անգլեւիրանեան ընկերութիւնը, վճարէ Իրանի 137 միլիոն տոլար, որպէս յետնեալ պարտք։ Այդ պատասխանը տալով Սեպտեմբեր 24-ին, տասն օրուան պայմանաժամ կու տար երկու դաշնակիցներուն՝ ճշդելու համար իրենց դիրքը Իրանի պահանջին վերաբերմամբ։

Պայմանաժամը պիտի լրանար Հոկտեմբեր 3-ին։ Եւ ահա ատոր ճիշդ նախօրէին իրանեան վարչապետը նպատակայարմար դատած էր հրապարակաւ ընելու Անգլիոյ հասցէին վերի ազդարարութիւնը։ Սպառնալիք մը, որով Մոսատեղ հաւանաբար ուզեց այն տպաւորութիւնը ձգել անգլիացիներուն վրայ, որ եթէ պայմանաժամի լրումին տեղի չտան իրեն, ապա անխուսափելիօրէն պիտի հարկադրուած ըլլան վերջը՝ ատոր անախորժ հետեւանքները կրելու։

Երբ երկու ամիս առաջ Թեհրանի արիւնոտ բախումները տեղի ունեցան եւ երբ համայնավար Թուտեհ կազմակերպութիւնը թեւերը սոթթած կը պատրաստուէր վճռական կռուի մը՝ իշխանութիւնը իր ձեռքն առնելու համար, դաշնակիցները պահ մը լրջօրէն մտահոգուեցան, թէ արդեօ՞ք աւելի լաւ պիտի չ’ըլլար իրենց համար՝ ամոքումի, որոշ զիջումներու ճամբան բռնել։ Այդ մտահոգութիւնը ունեցան նոյն իսկ Ամերիկայի եւ Անգլիոյ պատասխանատու վարիչներէն ոմանք։ Եւ ըսողներ եղան, թէ Մոսատեղն ու Իրանը համայնավարներու ձեռքը չձգելու համար՝ անհրաժեշտ է կարեւոր սրբագրութիւններ կատարել անգլիացներու եւ ամերիկացիներու վարած մինչայժմեան քաղաքկանութեան մէջ՝ Ապատանի թնճուկին վերաբերմամբ։

Մոսատեղ կ’երեւի թէ հաւատացած էր եւ կամ գէթ կ’ենթադրէր, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզման սպառնալիքը, գուժաբեր ուրուական մը դարձած, պիտի վախցնէր դաշնակիցները, անոնց մէջ այն կասկածը արթնցնելով, թէ իրենց կողմէ վերջնական մերժումի մը պարագային ինք առանց այլեւս վարանելու, երկրի իշխանութիւնը պիտի յանձնէր կարմիրներուն։

Սակայն, տասնօրեայ պայմանաժամը լրանալուն պէս, Անգլիա եւ Ամերիկա միաժամանակ ու հաւասար վճռականութեամբ մը մերժեցին Մոսատեղի պահանջը։ Այս վճռականութիւնը նոր շեշտ մը, նոր դրոշմ մը կը հաղորդէ երկար ատենէ մը ի վեր շարունակուող ու տարտամօրէն ձգձգուող վէճին։ Մերժումը պարունակող յուշագիրը, որ յանձնուեր է Իրանի կառավարութեան Կիրակի օրը, կարճ ու կտրուկ նաեւ ըստ ձեւի։ Ընդամէնը 176 բառ կայ անոր մէջ, մինչդեռ Մոսատեղի սպառնալից պահանջագրութիւնը երեք հազար բառերէ կը բաղկանայ։

Հիմա հետաքրքրական է թէ ի՞նչ պիտի ընէ Մոսատեղ։ Շատ կարճ պայմանաժամ մը տուած ու որոշ սպառնալիք մըն ալ ընելէ վերջ՝ ան արդեօք ի՞նչ ընթացք պիտի որդեգրէ։ Պիտի իսկապէս խզէ՞ դիւանագիտական յարաբերութիւնները։ Նման քայլ մը շատ փափուկ դրութիւն մը պիտի ստեղծէ՝ նախ եւ առաջ Իրանի համար։ Թուտեհի մարդոց ուզածն ալ ճիշդ այդ պիտի ըլլար։ Պղտորուած ջուրերուն մէջ ինկած, անոնք որսի պիտի սկսէին ու բաւականաչափ առատ հունձք մը պիտի ունենային։

Մոսատեղ խելացի, խորամանկ մէկը ըլլալով, դժուար թէ պիտի ուզէ իր երկիրը դարձնել կարմիրներու սխրագործութեանց ասպարէզ։ Ան շրջահայեաց դիւանագէտ մը ըլլալուն հակառակ, կրնայ պահ մը սխալ ըմբռնել Իրանի պետական շահերը եւ այդպիսով չնախատեսել, թէ երկրին ու ժողովրդին համար ի՜նչ աղէտներու դուռ պիտի բացուի՝ Թուտեհի իշխանութեան գլուխ գալով։ Սակայն, ան երբեք պիտի չմոլորի ու ողջմտութիւնը կորսնցնէ այն աստիճան, որ ա՛լ կարող չըլլայ հասկնալու, թէ համայնավար տիրապետութիւն մը Իրանի մէջ պիտի նշանակէ իր իսկ՝ Մոսատեղի կործանումը։

Շատ հեղինակաւոր մարդ մըն է Մոսատեղ, եւրոպական կրթութեամբ իրաւագէտ մը։ Աւելի քան յիսուն տարուան հարուստ փորձառութիւն ունի, վարած ըլլալով կարեւոր պաշտօններ։ Եւ վերջապէս՝ հսկայածաւալ կալուածներու տէր անձ մը։ Արդ՝ չի՞ նախատեսեր միթէ, որ կարմիրները, երբ կացութեան տէրերը դառնան, պիտի փճացնեն, քայքայեն ու ապականեն բոլոր Մոսատեղներու գիտութիւնն ալ, հեղինակութիւնն ալ, արժանիքներն ալ, կարողութիւններն ալ։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles