Սեւրի Դաշնագիր 104-ամեակ Ժէ. Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան». Հարպորտի Հայաստանի Եւ Մնացեալ Թուրքիոյ Հոգատարութիւնը Ստանձնելու Նախահաշիւը. Տեղեկագիրէն Հատուածներ – 5

2 0
Read Time:4 Minute, 39 Second

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

1 Հոկտեմբեր 2024

Շար. 17/18

haroutchekijian.wordpress.com

Հարպորտ կը շարունակէ (ԺԴ. Մասէն). «Մեր երկիրը կրնայ ներգրաւուիլ այս արկածախնդրութեան մէջ առ նուազն մէկ սերունդ, եւ Քոնկրէսը պէտք է պատրաստ ըլլայ այդպիսի գումարներու յատկացումին, նուազ` այն գումարը, որ կրնայ յառաջանալ թրքական եւ անդրկովկասեան եկամուտներէն: Ստորեւ` առաջին հինգ տարիներուն նախահաշիւը.

 

Առաջին տարին Ամերիկեան տոլար
Ընդհանուր կառավարութիւն $100, 000,000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ, եւ այլն 20, 000,000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն, եւ այլն 50,000,000
Բանակ եւ ծովուժ 88,500,000
Առողջապահութիւն 17,000,000
Ընդհանուր գումար $275, 500,000
Առաքելութիւնը Տիգրանակերտէն կը մեկնի
Տեվէկեշիտ գետին կամուրջին մօտ կը գիշերեն

 

Երկրորդ տարին
Ընդհանուր կառավարութիւն $75,000,000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ, եւ այլն 20,000,000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն, եւ այլն 13,000,000
Բանակ եւ ծովուժ 59,000,000
Առողջապահութիւն 7,264,000
Ընդհանուր գումար $174,264,000

 

 

Երրորդ տարին
Ընդհանուր կառավարութիւն $50,000,000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ, եւ այլն 20,000,000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն, եւ այլն 4,500,000
Բանակ եւ ծովուժ 44,250, 000
Առողջապահութիւն 5,000,000
Ընդհանուր գումար $123,750,000

 

 

Չորրորդ տարին
Ընդհանուր կառավարութիւն $25, 000,000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ, եւ այլն $20, 000,000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն, եւ այլն $4,500,000
Բանակ եւ ծովուժ $44, 250, 000
Առողջապահութիւն $3,000,000
Ընդհանուր Գումար  $96,750,000

 

 

Հինգերորդ տարին
Ընդհանուր կառավարութիւն $15,000,000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ, եւ այլն $20,000,000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն, եւ այլն $4,500,000
Բանակ եւ ծովուժ $44,250, 000
Առողջապահութիւն $2,000,000
Ընդհանուր Գումար  $85,750,000

 

 

Ամփոփում
Առաջին տարին $275,500,000
Երկրորդ տարին $174,264,000
Երրորդ տարին $123,750,000
Չորրորդ տարին $96,750,000
Հինգերորդ տարին $85,750,000
Հինգ տարուան ընդհանուր գումար $756,014,000

Հարպորտի եզրափակիչ, վերջին թելադրանքը, որ հոգատարութեան թեր պատճառարաբանութիւնն է.                                                                                   

«14. Ահաւասիկ մարդկային պարտականութիւն մը, որ բոլոր աշխարհը կ՚ըսէ, թէ՝ Ամերիկան լաւագոյնս կրնայ կատարել: Ամերիկան նիւթականը եւ մարդուժը ունի եւ իր ժողովուրդը որեւէ ձեւով պիտի չտուժէ ու իր աւանդական մեկուսացումի քաղաքականութիւնը արգելք չեղաւ, որ յաջողութեամբ մասնակցի Մեծ Պատերազմին (Համաշխարհային Ա. Պատերազմ*): Միթէ պէտք է ըսուի՞, որ Ամերիկան քաջութիւնը չունի ստանձնելու նոր եւ դժուարին պարտականութիւններ:

Խարբերդի հայ աղջկանց ամերիկեան որբանոցի սաները կը սպասեն Հարպորտին
Խարբերդի բերդը որբանոցէն դիտուած, նկարէն դուրս, ձախին, կը գտնուի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին 

«Առանց այցելելու Մերձաւոր Արեւելք` ամերիկացիի մը համար կարելի չէ նոյնիսկ երեւակայել այն յարգանքը, հաւատքը եւ սէրը, որ մեր երկիրը կը վայելէ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Արդեօք համաշխարհային համբա՞ւն է, որ մենք կը վայելենք մեր արդար գործունէութեան համար: Թերեւս, յարգանքի տուրք` այն խաչակրական ոգիին համար, որ մեզ մղեց Մեծ պատերազմին, այն յոյսով, որ նոյն ոգին կը մղէ մեզ լուծումներ գտնելու այդ հակամարտութենէն բխած մեծ խնդիրներուն, կամ` մէկ դարու անձնազոհ ու անկողմնակալ աւետարանչական եւ կրթական ազդեցութեան: Նոյն հաւատքն է, որ կը համախմբէ քրիստոնեան եւ մահմետականը, հրեան ու հեթանոսը, իշխանը եւ գիւղացին` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Շատ գոհացուցիչ է տունէն հեռու ամերիկացիներուն համար եւ` պարծանք պատճառող:

«Սակայն ան կը բերէ որոշում տալու այնպիսի՛ մեծ պատասխանատուութիւն, որ պէտք է համապատասխանէ նման հաւատքի արժանի լրջութեան: Այն բեռը, որ կրնանք ստանձնել` մղուելով այսպիսի զգացումներէ, պիտի շարունակուի առ նուազն մէկ սերունդ, այնպիսի յոգնեցուցիչ պարագաներով, որ կրնանք կորսնցնել մեր հանդէպ աշխարհի հաւատքը: Եթէ մերժենք ստանձնել, հոգ չէ թէ մեզի համար հասկնալի պատճառներով, միլիոնաւոր մարդիկ պիտի տպաւորուին, թէ այն նպատակին համար, որ պատերազմին մասնակցեցանք, կիսատ թողեցինք եւ անոնց յոյսերուն դէմ դաւաճանեցինք:

Յարգանքով ներկայացուց

Ճէյմս Հարպորտ,

Հազարապետ-զօրավար, Միացեալ Նահանգներու բանակ, առաքելութեան պատասխանատու»:

Այս տեղեկագիրը կը յստակացնէ, որ հոգատարութեան գլխաւոր նպատակներէն էր հայ ժողովուրդին ապահովութիւնը: Նաեւ, Ամերիկայէն ետք, հոգատարութեան երկրորդ նախընտրութիւնն էր Մեծն Բրիտանիան, որ սակայն դաւադրաբար համաձայնեցաւ Թուրքիոյ հետ տես՝ թիւ 6-ը. «6. Ամերիկան հայութեան միակ յոյսն է: Անոնց երկրորդ յոյսը Մեծն Բրիտանիան է, որ սակայն անոնք (հայերը*) մտահոգ են, թէ ան կրնայ զոհել զիրենք` մահմետականներու հանրային կարծիքին տեղի տալով, որոնց միլիոններուն վրայ կ՛իշխէ»:

Ինչպէս տեղեկագիրը նախատեսած էր ու մարգարէացած թիւ 12-ով` «Եթէ Միացեալ Նահանգները չստանձնեն այս տարածաշրջանին պատասխանատուութիւնը, հաւանական է, որ ազգամիջեան նախանձը եւ մրցակցութիւնը առիթ պիտի ստեղծեն թուրքերուն անպատմելի վատ կառավարման շարունակութեան»:

Ամերիկայի Քոնկրէսը չընդունեց հոգատարութիւնը (1), (2), որուն բացատրութեան մէջ մեղադրանք կար Մեծն Բրիտանիոյ հասցէին՝ նոյնիսկ այպանելով զայն, թէ՝ ան Կիպրոսը գրաւած էր հայերը պաշտպանելու համար, սակայն ձեռնածալ մնաց Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին, ոչի՛նչ ըրաւ կասեցնելու համար սպանդը:

Մարգարէութիւն էր նաեւ թիւ 13-ը. «Եւ Տէրը ըսաւ Կայէնին` «Ո՞ւր է քու եղբայրդ՝ Աբէլը»:… «Չեմ գիտեր, միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ…

Պէտք է ընդունիլ, որ քոնկրեսականները երկու սխալ գործեցին: Առաջինը՝ տարօրինակօրէն, սխալ հասկցած էին, որ նախահաշիւ պիւտճէն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ալ Թուրքիոյ հոգատարութեան mandate կը վերաբերէր եւ ոչ թէ մի՛այն Հայաստանին: Երկրորդ՝ ուշադրութիւն չեն դարձուցած զօրավար Հարպորտի ա՛յն եզրակացութեան՝ մարգարէութեան, ուր կ՛ըսէ. «Նախընտրելի է միլիոններ ծախսել հոգատարութեան, քան թէ միլիառներ` ապագայ պատերազմներուն»:

Ցայսօր Ամերիկան հազարաւո՛ր միլիառներ ծախսեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, մի՛այն անցնող շաբաթ հարիւրաւոր միլիառներ տալէ ետք, 18 միլիառ եւս յատկացուց ցեղասպանութիւն կատարող Իսրայէլին, եւ ըստ նախագահ Թրամփի, մինչեւ Մարտ 2018՝ եօթ թրիլիոն (3), այսինքն` 7 հազար միլիառ տոլար, եւ տակաւին պիտի շարունակէ ծախսել՝ «Հարպորտ առաքելութեան» տեղեկագիրը լրջօրէն չուսումնասիրելուն, հոգատարութիւնը չընդունելուն, շրջանին մէջ սկիզբէ՛ն ներկայութիւն չըլլալուն եւ Սեւրի դաշնագիրը լիուլի չգործադրուելուն իսկ պատճառով: Մանաւա՛նդ Հարպորտին նշած. «Այն նպատակին համար, որ պատերազմին մասնակցեցանք, կիսատ թողեցինք եւ անոնց յոյսերուն դէմ դաւաճանեցինք:

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:

  1. https://www.aztagdaily.com/archives/315557
  2. https://www.aztagdaily.com/archives/406672
  3. https://www.news18.com/news/world/donald-trump-says-7-trillion-wasted-in-middle-east-wars-us-will-pull-out-of-syria-very-soon-1703487.html
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles