«ԱՂ ԵՒ ԼՈՅՍ» ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ

0 0
Read Time:27 Second

Ֆիլատելֆիոյ (Փէնսիլվանիա) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Աղ եւ լոյս» երիտասարդական առաքելութեան խմբակը ձեռնարկած է իր նոր ծրագրին՝ «Մաս մեր երէցներուն համար»։ Ամէն շաբաթ, Սուրբ Պատարագէն ետք, պատանիները պիտի բաժնեն մասը եւ եկեղեցւոյ շաբաթական լրատուն այն երէց ծխականներուն, որոնք անկարող են եկեղեցի յաճախել։

2017-ին, Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը որդեգրեց Սուրբ Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ «Աղ եւ Լոյս» երիտասարդական ծրագիրը եւ զայն տարածեց ամբողջ Թեմին վրայ իբրեւ երիտասարդական առաքելութիւն։ Այս ծրագիրը, որուն արդէն կը հետեւին վեց ծուխեր, մեծապէս կը սատարէ մեր պատանիներու քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմքերու ծանօթացման։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles