ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
27 Սեպտեմբեր 2024
Շար 14/15
haroutchekijian.wordpress.com
Նախորդիւ նշուած ընդհանուր պայմանները նշելէ ետք, Հարպորտ ստորեւ կը ներկայացնէ հոգատարութիւնը (mandate) ընդունելու ի նպաստ 13 պատճառներ եւ իւրաքանչիւրին համապատասխանող 13 դէմ պատճառներ, այլ խօսքով` թիւ «Մէկ» «Թեր» կարծիքին հակակարծիքը տեսնել աւելի վարը՝ թիւ «Մէկ» «Դէմ» պատճառին մէջ եւ այսպէս՝ բոլոր 13-ը: Սա՛կայն թիւ 14-ը, ամփոփող տեսակէտը՝ Հարպորտ առաքելութեան կողմէ հոգատարութիւնը ընդունելու դրական՝ թեր դիրքորոշումը կը ներկայացնէ:
Թեր պատճառներ.
1.- Ազգերու դաշնակցութեան կազմաւորման գլխաւոր սատարողներէն Միացեալ Նահանգները բարոյապէս պարտաւորուած են ընդունիլ պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները իբրեւ հոգատար ուժ:
2.- Պատմութեան սկիզբէն ի վեր պատերազմի վարակի կեդրոնը գտնուող աշխարհի այս քառուղիին խաղաղութեան ապահովումը:
3.- Մերձաւոր Արեւելքը կը ներկայացնէ դարուս ամենամեծ մարդասիրական պատեհութիւնը, պարտականութիւն մը, որուն ամէնէն ատակը եւ յարմարագոյնն է Միացեալ Նահանգները, վկայ`Քուպան, Փորթօ Ռիքոն, Ֆիլիփինները, Հաուայեան կղզիները (ուր հոգատարութիւն ըրինք*) եւ մեր մարդասիրութեան քաղաքականութիւնը` զարգացնելու ժողովուրդները, քան թէ` մի՛այն անոնց նիւթական միջոցները:
4.- Ամերիկան գործնապէս բոլորին միասնական թեկնածուն է եւ ջերմեռանդ յոյսը` խնդրոյ առարկայ ժողովուրդներուն:
5.- Ամերիկան արդէն միլիոններ կը ծախսէ փրկելու համար Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասի սովահար ժողովուրդները, եւ այս մէկը կրնայ աւելի արդիւնաւէտ կերպով կատարել` իբրեւ պաշտօնական հոգատար: Ո՛վ ալ ըլլայ հոգատարը, մեզմէ կ՛ակնկալուի շարունակել տնտեսել անոնց նպաստը եւ հաւանաբար հայթայթել նիւթական բարգաւաճումին դրամագլուխը:
6.- Ամերիկան հայութեան միա՛կ յոյսն է: Անոնց երկրորդ յոյսը Մեծն Բրիտանիան է, որ սակայն անոնք (հայերը*) մտահոգ են, որ ան կրնայ զոհել զիրենք` մահմետականներու հանրային կարծիքին տեղի տալով, որոնց միլիոններուն վրայ կ՛իշխէ: Ուրիշներ մտավախութիւն ունին Բրիտանիոյ կայսերապաշտական վարքագիծէն, թէ ո՛ւր որ անոնց դրօշը կը ծածանի, տեւաբար հոն կը մնան: Ամերիկեան հոգատարութիւնը ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներուն նախընտրութիւնն է, այլ նաեւ`մեծ ուժերուն: Ամերիկան բաւարար հզօր է, ունի մաքուր անցեալ եւ իր շահագրգռութիւնը կասկածէ վեր:
7.- Հոգատարութիւնը ինքնաբաւ կրնայ դառնալ առաւելագոյնը հինգ տարիէն: Երկաթուղիներու կառուցումը պատեհութիւն կրնայ ընծայել մեր դրամագլուխին: Կրնայ առեւտուրի մեծ առաւելութիւն ընծայել ոչ միայն հոգատարութեան տարածաշրջանին, այլ մերձակայ շրջապատին`Ռուսիա, Ռումելիա եւ այլն: Ամերիկան կրնայ մաքրագործել այս ախտավարակ ու կեղտոտ շրջանը, նման` Քուպայի եւ Փանամայի:
8.- Միջամտութիւնը մեր ժողովուրդին վեհանձնութեան դաստիարակութեան կրնայ ծառայել աշխարհաքաղաքականութեան մէջ` ճամբայ բանալով կորովի ու հոգեկան նուիրումի փայլուն օրինակի:
9.- Որոշապէս պիտի կասեցնէ հայերուն եւ այլ քրիստոնեաներուն յաւելեալ սպանդը` արդարութիւն սփռելով թուրքերուն, քիւրտերուն, յոյներուն եւ այլ ժողովուրդներու վրայ:
10.- Արտասահմանի մէջ Միացեալ Նահանգներուն ուժը եւ վարկը պիտի բարձրացնէ եւ ներքնապէս հետաքրքրութիւն արթնցնէ Մերձաւոր Արեւելքի վերածնունդին:
11.- Ամերիկան զօրաւոր զգացական շահագրգռութիւններ ունի տարածաշրջանին մէջ` առաքելութիւններ (միսիոնար՝ աւետարանչական) եւ քոլեճներ:
12.- Եթէ Միացեալ Նահանգները չստանձնեն այս տարածաշրջանին պատասխանատուութիւնը, հաւանական է, որ ազգամիջեան նախանձը եւ մրցակցութիւնը առիթ պիտի ստեղծեն, թուրքերուն անպատմելի վատ կառավարման շարունակութեան:
13.- «Եւ Տէրը ըսաւ Կայէնին` «Ո՞ւր է քու եղբայրդ`Աբէլը»: «Չեմ գիտեր, միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ»…
Նախընտրելի է միլիոններ ծախսել հոգատարութեան, քան թէ միլիառներ` ապագայ պատերազմներուն (այս մարգարէութեան մասին յաջորդիւ*):
Ահաւասիկ մարդկային աշխատանք մը, որ աշխարհը կ՛ըսէ, թէ Ամերիկան աւելի լաւ պիտի իրագործէ, քան ուրիշը: Ամերիկան դրամական կարողութիւնը ունի, մարդուժը ունի, իր ժողովուրդին հանդէպ պարտաւորութիւնները պիտի չազդուին, իր մեկուսացման քաղաքականութիւնը արգելք չեղաւ, որ յաջողութեամբ մասնակցի Մեծ պատերազմին (Ա. Աշխարհամարտ*): Արդեօք թող ըսուի՞, որ մեր երկիրը քաջութիւնը չունի ստանձնելու նոր եւ դժուարին պարտականութիւններ:
Դէմ պատճառներ.
1.- Միացեալ Նահանգները արդէն ունին նախորդ եւ աւելի մերձակայ արտաքին պարտականութիւններ եւ բաւարար պատասխանատուութիւն, նաեւ` պատերազմի պատճառով աճող ներքին խնդիրներ:
2.- Այս շրջանը դարեր շարունակ եղած է ռազմադաշտ` ազատատենչ եւ կայսերապաշտութեան միջեւ ճակատամարտերուն: Հաւանական է, որ յաւակնոտ ազգեր պիտի շարունակեն այս դաւադիր վարքագիծը` տիրանալու համար շրջանին: Մեր դիրքը կրնայ տկարանալ «Մոնրօ վարդապետութեան» պատճառով եւ ի վերջոյ ներգրաւէ մեզ վերակազմուած Ռուսիոյ դէմ (ահա երկրորդ մարգարէութիւն մը*): Այս շրջանին մէջ հոգատարութիւն ընդունիլը Միացեալ Նահանգները պիտի մխրճէ Հին աշխարհի քաղաքականութեան մէջ, հակառակ մեր քաղաքականութեան`հեռու մնալու արեւելեան կիսագունդէն:
3.- Մարդկայնականութիւնը պէտք է սկսի տան մէջ: Կան բաւարար թիւով դժուար իրավիճակներ, որոնք կը կարօտին մեր ներդրումին`բոլորին ծանօթ ամերիկեան ազդեցութեան գօտիներուն մէջ:
4.- Միացեալ Նահանգները որեւէ կերպով մասնակից չէ եղած եւ պատասխանատուութեան բաժին չէ ունեցած այս տարածաշրջանի քաղաքական, ընկերային կամ տնտեսական տիրող (վատ*) կացութեան: Հրաւէրը մերժելը բոլորովին հետեւումն է վերոնշեալին:
5.- Ամերիկեան մարդասիրութիւնը եւ բարեգործութիւնը աշխարհի վրայ տարածուած է արդէն: Այսպիսի քաղաքականութիւն մեզ պիտի մղէ (այլ*) միջամտութիւններու եւ կրնայ մեզ առաջնորդել ուժասպառութեան:
6.- Այլ ուժեր, մասնաւորապէս` Մեծն Բրիտանիան եւ Ռուսիան, շարունակ հետաքրքրուած են Հայաստանի բարօրութեամբ: Մեծն Բրիտանիան փորձառութիւն ունի եւ կառավարում, ունի նիւթական հսկայական աղբիւրներ եւ մասնագիտացած պաշտօնէութիւն: Թէեւ կրնայ ըլլալ, որ ան չի համակրիր հայութեան իղձերուն, սակայն անոր իշխանութիւնը կրնայ երաշխաւորել ապահովութիւն եւ արդարութիւն: Միացեալ Նահանգները անկարող են կանգուն պահել արտաքին քաղաքականութեան շարունակականութիւնը: Ծերակոյտ մը կրնայ չյարգել նախորդին որոշումը: Նոյնիսկ դաշնագիրներ կրնայ չեղեալ համարել`կասեցնելով յատկացումները: Կուսակցական համախոհութիւնը դժուար է նուաճել մեր կառավարութեան մէջ:
7.- Մեր երկրին համար հսկայական ծախսի դուռ մը պիտի բացուի բանակին եւ ծովուժին հաւանական մեծացումով: Մեծ թիւով ամերիկացիներ պիտի ծառայեն զզուելի, կեղտոտ ու ախտերով վարակուած երկրի մը մէջ: Հարցական է, թէ երկաթուղիները երկար տարիներ պիտի կարենա՞ն հատուցել դրամագլուխը եւ տոկոսները այս շատ դժուարին շինարարութեան: Դրամագլուխի ներդրումը կրնայ իրականանալ միայն պետութեան երաշխաւորութեամբ: Ծախսուած գումարը եւ ճիգը կրնան առեւտուրը աւելցնել աւելի մերձակայ երկիրներու հետ, քան կը յուսանք`Ռուսիոյ եւ Ռումելիոյ հետ: Մօտիկութիւնը եւ մրցակցութիւնը կրնան աւելցնել բախումի հաւանականութիւնը մեր քաղաքականութեան եւ մեր այժմու բարեկամ երկիրներուն միջեւ՝ վերածուելով մրցակիցներու:
8.- Մեր կորովը եւ հոգեկան ներուժը կարելի է օգտագործել ներքին ձեռնարկութիւններու, կամ մեր հարաւի եւ արեւմուտքի երկիրներուն մէջ: Մերձաւոր Արեւելք մեր միջամտութիւնը եւ ուժի վատնումը կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ մեր վայելած ռազմավարական առաւելութեան վրայ, դէպի հարաւ եւ Ատլանտեանի հաւանական հակառակորդներուն վրայ:
Մեր արդարամիտի համբաւը կրնայ վնասուիլ: Հոգատարութեան արդիւնաւէտ հսկողութիւնը այսպիսի հեռաւորութենէ դժուար է, կամ` անկարելի: Մենք աշխարհի քաղաքականութեան յաւելեալ կրթութեան պէտք չունինք:
9.- Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն հաւասարապէս կրնան ապահովուիլ որեւէ այլ մեծ պետութեան կողմէ:
10.- Ան կրնայ վատնել եւ շեղել մեր ուժը, որ պէտք է վերապահուի ամերիկեան ցամաքամասին եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հետագայ պարտականութիւններուն համար: Կոստանդնուպոլսոյ հետ մեր հաղորդակցութեան շղթան կախեալ պիտի ըլլայ այլ նաւատորմերու, յատկապէս Մեծն Բրիտանիոյ, Ճիպրալթարի եւ Մալթայի ողորմութենէն եւ այլն:
11.- Այս հաստատութիւնները (միսիոնարներ եւ քոլեճներ) յարգուած են նոյնիսկ թուրքերուն կողմէ պատերազմին եւ ջարդերուն ընթացքին. նոյն համակրանքը կրնայ շարունակուիլ որեւէ այլ մեծ պետութեան հոգատարութեան պարագային:
12.- Խաղաղութեան խորհրդաժողովը որոշապէս տեղեակ պահեց թրքական կառավարութիւնը, թէ ան հոգատարութեան պիտի ենթարկուի: Անհնար է, որ Ազգերու դաշնակցութիւնը թոյլատրէ յաւելեալ կառավարում` անվստահելի ու վարկաբեկուած այս (թրքական) կառավարութեան կողմէ:
13.- Ամերիկայի առաջին պարտականութիւնը իր սեփական ժողովուրդին է եւ` մօտակայ դրացիներուն:
Հարպորտի անհնար կարծած 12-րդ կէտը՝ Անգլիան ու Ռուսիան ուղղակի եւ Ֆրանսան, դաւադրաբար հնարաւոր դարձուցին եւ անվստահելի ու վարկաբեկուած այս թրքական կառավարութեան նեցուկ կանգնեցան թէ՛ դրամով եւ թէ՛ ալ զէնքով:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին: