Գէորգ Պետիկեան
bedig43@aol.com
Կը պատմուի (մեղքը՝ պատմողին վիզը) թէ հոգեբուժարանի մը.- որուն խենթանոց անունն ալ կու տանք .- գլխաւոր պատասխանտու տնօրէն-բժիշկը, յատուկ տեղեկագիր մը պատրաստելու համար, կ’որոշէ մէկ առ մէկ այցելել իր «հիւանդներուն», եւ բոլորին նոյն հարցումը կը հարցնէ: Ու սկսելով իր ծրագրի գործադրութեան, նախ կը մտնէ առաջինին առանձնասենեակը ու կը հարցնէ.-
-Բարեկամ, այսօր ի՞նչ օր է:
-Այսօ՛ր.- արագ մը կը պատասխանէ առաջին հիւանդը,- այսօ՛ր Ուրբաթ է՛ տոքթոր:
– Լաւ.- կը շարունակէ բժիշկը.- եթէ այսօր Ուրբաթ է, վաղը ի՞նչ օր պիտի ըլլայ:
– Շաբաթ.- կը պատասխանէ խենթը, բարձրաձայն եւ ուրախ:
-Ապրիս.-մը ըսելով, բժիշկը կ’անցնի յաջորդ սենեակ: Հոնկէ ալ նոյն պատասխանը ստանալով, կը հասնի ամէնէն վերջին հիւանդին:
-Այսօր Ուրբա՛թ է, պարոն բժիշկ.- կը պատասխանէ այս մէկը, շատ համարձակ:
-Լա՜ւ… իսկ վաղը՞…-.կը շարունակէ բժիշկը:
-Վաղը՛, պարոն բժիշկ… ըսեմ…վաղըըը նորէն Ուրբաթ է….-հաստատօրէն կը պատասխանէ:
Բժիշկը զարմանքով կրկին հարց կու տայ թէ «ինչպէ՞ս կ’ըլլայ վաղը դարձեալ Ուրբաթ է, սխալ ես…» ու կը կրկնէ իր հարցումը:
-Ո՛չ…ո՛չ, պարոն բժիշկ, դո՛ւն սխալ ես… վաղն ալ Ուրբաթ է…միւս օրն ալ Ուրբաթ է…տե՛ս շուրջս, նոյն մարդիկը…նոյն սենեակը…նոյն կերակուրը…նոյն զբօսանքը…նոյն մարզանքը… նոյն գնդակով մեր խաղերը…նոյն պահակները…նոյն դեղերը…եւ դո՛ւն…դո՛ւն ալ նոյնն ես, չես փոխուած… տասը տարիէ ի վեր մեր մեծն ես…առտու կու գաս ճերմակ շապիկովդ…
իրիկունը կ’երթաս նոյն «օթոյովդ»…ամէն բան նոյնն է…կրկնութիւն է…մեզի համար ամէն օր Ուրբաթ է…:
Բժիշկը լսելէ ետք խենթին «արդարացումները», զարմացած եւ քիչ մըն ալ յանկարծակիի եկած, թուղթերը կը հաւաքէ ու դուրս կու գայ սենեակէն, անորոշ բառեր արտասանելով:
Հոս, պատմութիւնը վերջ կը գտնէ…:
***
Սոյն պատմութիւնը լսելէս ետք, պահանջ զգացի այս մասին անդրադառնալու, որովհետեւ նիւթը իր նպատակով սրտիս շատ մօտ է:
Վերեւ յիշուած խենթին խօսքերը ինծի համար հայելիի մը կը նմանին, որուն մէջէն կրնաս դիտել, տեսնել ծանօթ կամ անծանօթ մարդոց մտքին ու հոգիին ելեւէջները եւ սրտի տրոփումները իրենց մանրամասնութիւններով:
Սակայն չկարծուի, թէ այս տողերը գրուած են, ինչպէս որ առածը կ’ըսէ՝ «խենթը ըսաւ, խելոքն ալ հաւատաց»ին հետեւողութեամբ կամ թելադրանքէն մեկնած: Երբեք: Մէյ մը դո՛ւք ալ ձեր շուրջը լաւ դիտեցէ՛ք: Մէյ մը դուք ձեզի հարց տուէ՛ք…: Անկեղծօրէն եւ անաչառ: Գիտակից ուշադրութեամբ եւ դրական սրտով: Չէ՛ք կարծեր թէ արդէն Հայրենիքէն սկսելով մինչեւ սփիւռքներուն յետին տարածքներուն՝ «ամէն օր Ուրբաթ է»:
Անկասկած բացառութիւններ ըլլալու են… բայց…:
«Ամէն օր Ուրբաթ է»: Ահա տեսակ մը խտացած ճշմարտութիւն: Ու չեմ գիտեր ինչո՞ւ նման բաներ լուրջի չենք առներ: Ինծի համար այս բացատրութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ կեանքի հեգնանք: Միտքս առաւել պարզեմ:
Ամէն տեղ սկսած ենք ծամել եւ որոճալ մեզի հրամցուածը: Կարծես զինաթափ կեցած ենք կեանքի անակնկալներուն առջեւ: Լաւ նայեցէ՛ք…այսօր Կիրակոսն է մեր ղեկավարը…մեր մեծը…մեր ընտրածը…վաղը իր տեղ Մարկոսը կու գայ…իսկ միւս տարի դարձեալ Կիրակոսը կամ անոր խնամին՝ Մարտիրոսը: Մէկը կ’երթայ…միւսը կու գայ: Գուշակ ըլլալու պէտք չկայ: Նման կէտ-հարցերուն մօտենալու համար քաջութիւն պէտք է ունենալ:
Միայն ընդվզումի կամ բողոքի գրիչ մը չեմ ուզեր ըլլալ կամ դառնալ: Կ’ուզեմ որ բոլորս ալ աշակերտենք իրականութեան ճշմարտութեան: Ճանչնանք զիրար եւ մեր շրջապատը:
Արդ, ե՞րբ ազգովին պիտի թեւակոխենք նոր հանգրուան: Ե՞րբ պիտի անդրադառնանք այս իրողութեան եւ զանազանենք էականը, ոչ էականէն, կարեւորը՝ անկարեւորէն: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք վերակազմել եւ վերակազմուիլ: Ուրկէ՞ պէտք է սկսինք: Նայեցէ՛ք Հայրենիքին – Խնամի, բարեկամ, ծանօթ…իրարու ետեւ շարուած են: Ագուցուած: Նոյնը՝ ամէն տեղ:
Կարծես ամէն օր նոյն ճամբայէն կը քալենք: Ո՛չ մէկ փոփոխութիւն: Ո՛չ մէկ նորութիւն: Տակաւին չենք գտած մեր գոյութեան ռիթմը: Այս պատճառով, մեզմէ շատեր հայու աղմուկէն քաշուած կ’ապրին, ուրիշներ ինկած են շուարումի եւ անստուգութեան ծալքերուն մէջ:
Ներշնչող իրականութիւնը կը պակսի: Մեզմէ շատեր խոյս կու տան նոյնիսկ լոյսէն եւ այս իրականութիւն կոչուածէն: Դարձած ենք ամէնօրեայ սովորութիւններու գերին: Ամէն օր նոյնանման Ուրբաթ մըն է որ կ’ապրինք»: Չենք անդրադառնար որ փոխուած են աշխարհի ապրելու, մտածելու եւ գոյատեւելու պայմանները: Մեր կեանքը դարձած է ամէնօրեայ ճակատամարտ: Արդ, որո՞ւ դէմ պէտք է բարձրացնել բողոքի դրօշը: Իրականութիւնը անողոք է եւ ո՛չ թէ ներշնչող: Ո՛չ ոք գիտէ թէ նման քայլերով մենք վաղուան լոյսին ո՞ւր հասած պիտի ըլլանք: Ներշնչող իրականութիւն կը փնտռուի այս օրերուն:
Էհ…ե՞րբ պիտի թեւակոխենք նոր հանգուան:
Չենք կրնար ամէն բան բախտին ձգել: Ատոր իրաւունքը չունինք: Հաստատապէս մեր ուղեղները լուսաւորող շողերու կարիքն ունին: Նորոգելու եւ նորոգուելու առիթ ու ճամբայ տանք:
Այս բոլորը հիմա եւ տեւաբար հրապարակով հնչեցնելը անհրաժեշտ պայման նկատած ենք, որովհետեւ երեւոյթները ապագայի հաշւոյն մտահոգիչ են նոյնիսկ վտանգաւոր կացութիւններ ստեղծող:
Մարդիկ կ’արդարանան «մարդուժի տագնապ ունինք» բացականչելով, եւ ամէնէն վատը՝ «փոխարինողներ չենք գտած… չունինք…» արդարանալով: Կարծես ստիպուած կ’ապրինք գրուած եւ անգիր երգի նման: Սկսած ենք առաջնորդուիլ: Երէկի մեր երազները քնացուցած ենք: Լաւ յիշենք, այս ընթացքով, կամովին կը դաւաճանենք հայ կեանքին: Արդեօ՞ք մտածած ենք թէ ինչպէ՞ս ազգը իր ամբողջութեամբ այս ընթացքով պիտի կարենանք պահել: Չենք տեսներ թէ նոր սերունդը սնդիկի պէս դուրս կը թափի մեր ափէն: Կարծես ձեւով մը ամէն տեղ հայ կեանքը իր վայրէջքը կ’ապրի: Ու չենք զգար որ այս վայրէջքը անկում ալ կը նշանակէ: Ահա թէ ինչո՞ւ ազգային մեր կեանքի հոլովոյթը դժուարացած է: Մեր ներկայ կեանքը մեզ հրած է դէպի հիասթափութեան խորշերը:
Տաք հով պէտք է տալ հայու ազգային կրակին, որպէսզի շարունակէ իր «փայտերուն» կայծկլտուքը, որպէսզի բոլորով չմսինք: Մեզի համար էական է մեր ապրած մթնոլորտը լեցուի նոր կեանքով, որպէսզի ունենանք հաճելի եւ դրական շարունակութիւն:
Վերջապէս իջնելու ենք իրական աշխարհ, ազատուած զանազան արգելքներէ, կաշկանդումներէ, մտայնութիւններէ, հինցած կանոններէ եւ պարտադրանքներէ: Այս բոլորը, որպէսզի հայու մեր հոգին արթուն մնայ: Ժանգ չկապէ: Որովհետեւ այս ընթացքով կրնայ փճանալ: Իսկ նոյն այդ ժանգը սրբելու համար, տրամաբանութիւն եւ գիտակցութիւն է պէտք: Մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալ է պէտք:
Իբրեւ մտահոգ հայեր, ամէն օր իրապէ’ս կը սպասենք որ մեր կեանքին դիմաց բացուին նոր հորիզոններ: Բայց երբեք չենք անդրադառնար որ նախ այդ մէկը մեր կամքով, մեր մտածելակերպով եւ մեր դրական ներդրումով միայն կրնայ իրականանալ:
Անոր համար բոլորս ալ անձկութեամբ ու կարօտով կը սպասենք որ մեր «Ուրբաթէն ետք, Շաբաթը գայ անպայման…»: