Սարհատ Մելքոնեան
Նիւ Ճըրզի
Նիկոլ Փաշինեանը մեր ժամանակներու ամենամեծ դաւաճանն է։ Երբ ան 2018-ին իշխանութեան եկաւ, հաւատացուց, որ պիտի փոխէ երկիրը։ Շատերը հաւատացին իրէն, բա՜յց․․․ ինչ եղաւ անոր տեղը՝ պարտութիւն եւ կորուստ։
Փաշինեանի կառավարութիւնը պատերազմի ժամանակ ցոյց տուաւ իր մեծագոյն դաւաճանութիւնը։ Ինքը ոչ միայն ձախող էր Արցախի պաշտպանութիւնը կազմակերպելու, այլ նաեւ, գիտակցաբար թոյլ տուաւ, որ մեր բանակը թուլանայ։ Իր ղեկավարութեան տարիներուն, հայոց բանակը զրկուեցաւ անհրաժեշտ ռազմական միջոցներէն, իսկ պատերազմի օրերուն՝ առանձին ու որբ վիճակի մէջ ձգեց։ Հինգ հազար հայ երիտասարդ զոհուեցաւ, մինչ Փաշինեանը կեղծ «խաղաղութեան» մասին կը խօսէր։ Այս մարդու «խաղաղութիւն»-ը կեղծ խոստում էր եւ ընդամէնը պատճառաբանութիւն՝ մեր հողերը յանձնելու։
Արցախին իմաստը հողէն ալ շատ աւելի է։ Այնտեղ հայու հոգին կ’ապրի։ Արցախցիները պայքարած են ոչ միայն իրենց տուները պաշտպանելու համար, այլ նաեւ մեր ազգի պատմութիւնը, մշակոյթը եւ եկեղեցիները պահելու համար։ Արցախը հայկական մշակոյթէն անբաժանելի է, եւ առանց Արցախի, հայ ազգը չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Հ․Ե․Դ․-ի հիմնադիր՝ Գարեգին Նժդեհի խօսքերէն մէկը մեջբերենք․- «Առանց Սիւնիքի ու Արցախի, առանց աշխարհագրական Հայաստանի այդ հզօր ողնաշարի, մեր ամբողջական հայրենիքը գոյութիւն ունենալ չի կարող։» Մօտ հարիւր տարի առաջ Նժդեհ ըսաւ այս խօսքը, բայց դժբախտաբար մինչեւ հիմա հայեր կան, որոնք չեն հասկցած Արցախի կարեւորութիւնը։
Հայ ժողովուրդը այսօր պէտք է արթննայ եւ ոտքի կանգնի։ Մենք չենք կրնար թիկունք կանգնիլ այն մարդուն, որ մեր հողերը թշնամիին յանձնեց եւ կը խօսի «լաւ յարաբերութիւն» ստեղծելու մասին միեւնոյն թշնամիին հետ։ Արցախը մեր հայրենիքն է, եւ զինք պահելը մեր պարտականութիւնն է։ Հողը եւ մշակոյթը իրարու հետ կապուած են, եւ եթէ մենք մեր հողերը կորսնցնենք, ինքնաբերաբար մեր մշակոյթը եւս պիտի տկարանայ: Մենք պէտք է պայքարի՛նք, որ մեր մշակոյթը, մեր աւանդոյթները եւ մեր հողերը վերադառնան հայ ժողովուրդին։ Այս պատճառով, իւրաքանչիւր հայ պէտք է ըլլայ իր մշակոյթին եւ իր հողին պաշտպանը, որպէսզի կրկին այպիսի սոսկահար կորուստ չունենանք։