Սեւրի Դաշնագիր 104-ամեակ ԺԳ. Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան. «Ի ՎԵՐՋՈՅ, ԹՈՒՐՔԸ ԹՈ՛ՒՐՔ Է՝ ԱՐԻՒՆԱՐԲՈՒ, ԱՆԲԱՐԵԿԱՐԳԵԼԻ ՈՒ ՎՐԷԺԽՆԴԻՐ». Կ՚ըսէ Հարպորտ Եւ Կը Բացայայտէ Քեմալ Աթաթուրքի Սուտը. Տեղեկագիրէն Հատուածներ – 3

3 0
Read Time:5 Minute, 47 Second

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

25 Սեպտեմբեր 2024

Շար. 13/14

haroutchekijian.wordpress.com

 

Հարպորտ բոլոր կողմերուն հետ տեսակցելու իր ծրագիրով, Սվազի մէջ՝ Սեբաստիա, հանդիպում կ՚ունենայ Քեմալ Աթաթուրքին հետ, վերջինիս փափաքով, որ կը խնդրէր Օսմանեան կայսրութիւնն ու Թուրքիան չմասնատել, ներառեալ՝ նոյնիսկ Ռումելիան՝ Եւրոպայի Պալգանեան երկիրներէն, ներառեալ Յունաստանը, մինչեւ Արեւելահայաստան տարածուող Թուրքիա մը կ՚ուզէր…

«…15 Հոկտեմբերին (1919*) տուած յայտարարութեան մէջ, Մուսթաֆա Քեմալ ըսած էր. «Ազգայնական կուսակցութիւնը կը գիտակցի անաչառ օտար երկրի մը օգնութեան անհրաժեշտութեան: Զինադադարին առիթով, մեր նպատակն է ապահովել Թուրքիոյ զարգացումը: Մենք ծաւալապաշտ ծրագիրներ չունինք, սակայն մեր համոզումն է, որ Թուրքիան կրնայ հարուստ եւ բարգաւաճ երկիր դառնալ, եթէ լաւ կառավարութիւն ունենայ: Մեր իշխանութիւնը տկարացած է արտաքին միջամտութեամբ ու դաւերով: Մեր այս ամբողջ փորձառութենէն ետք համոզուած ենք, որ Ամերիկան միա՛կ երկիրն է, որ կրնայ մեզի օգնել։ Մենք կ՚երաշխաւորենք, որ հայերուն դէմ թրքական նոր բռնութիւններ պիտի չըլլան» էջ 17։

Այստեղ Աթաթուրքը յստակօրէն կը խոստովանի, որ հայերուն դէմ բռնութիւններ եղա՛ծ էին:

Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութիւն Երեւանի մէջ, 28 Մայիս 1919-ին
Թուրք ոստիկաններ Երզնկայի պետական շէնքին մուտքին նախագահ Ուիլսընի 14 կէտերէն 12-րդ կէտը ողջունող, ֆրանսերէն պաստառով կը դիմաւորեն Հարպորտը. «Ստեղծել թուրք շրջաններէն Թուրքիա մը եւ ոչ թուրքերուն ապահովել անկախութեան իրաւունք եւ Տարտանէլի նեղուցէն ազատ առեւտուր

 

Հարպորտ կը շարունակէ պաշտպանել այն տեսակէտը, որ նոյն հոգատար երկիրը պէտք է հովանաւորէ, թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ ալ մնացեալ Թուրքիան. «Թէ՛ Անատոլիոյ, թէ՛ ալ Հայաստանի համար պարտադիր է, որ մէկ ուժ ստանձնէ հոգատարութիւնը, Սեւ ծովէն մինչեւ Միջերկրական ծով վստահելի օտար զինուորներու սահմանային գօտի մը տեղադրելով: Եթէ մէկ ուժ վերահսկէ երկու ժողովուրդներուն եւ անոնց միջեւ սահմանին, դժուարութիւններ չեն յառաջանար:

«… Իշխանութեան նման համակեցութեան եւ սահմաններու բաժանման յետաձգումին դէմ պէտք է կշռադատել շատերուն անփոփոխ համոզումը, որ թուրքին տիրապետութիւնը (հայերուն վրայ*) այլեւս անընդունելի է: Ի ՎԵՐՋՈՅ, ԹՈՒՐՔԸ ԹՈ՛ՒՐՔ Է՝ ԱՐԻՒՆԱՐԲՈՒ, ԱՆԲԱՐԵԿԱՐԳԵԼԻ ՈՒ ՎՐԷԺԽՆԴԻՐ: Աներեւակայելի է, որ Հայաստանը երբե՛ք՝ կրկին դառնայ երկրի մը մասը, որ կրնայ կառավարուիլ անոր (Թուրքիոյ-թուրքերուն*) կողմէ: Այժմ (հայերու*) դարերու այս տառապանքներուն վե՛րջ պէտք է տրուի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մնայուն եւ վերջնակա՛ն բաժանումով: Այս ծրագիրը, կարծես, կը նախատեսէ անորոշ ժամանակաշրջանի մը հոգատարութիւնը:» էջ 19:

Հարպորտ կ՚այցելէ Խարբերդի հայ աղջկանց ամերիկեան որբանոցը:

 

Ամերիկեան Տը Սան էնտ Նիւ Եորք Հերըլտի 4 Ապրիլ 1920-ի առաջին էջի լուրը, թէ՝ ըստ Հարպորտի, Ամերիկան պէտք է հովանաւորէ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ ալ Թուրքիան

Հարպորտ Աթաթուրքէն ստացած նամակի մը հետեւեալ պատասխանը կը գրէ մարտանաւէն, 9 հոկտեմբեր 1919-ին, երբ Ամերիկա կը վերադառնար, բացայայտելով հայերուն առնչութեամբ Աթաթուրքին կեղծիքը՝ սուտը, այսպէս. «Զօրավար Մուսթաֆա Քեմալ, ներկայացուցիչը «Թուրքիոյ պաշտպանութեան կոմիտէին» Սվազ, Թուրքիա.

«Իմ սիրելի զօրավար. Սամսոնի մէջ ստացայ ձեր նամակը, որ կը ներկայացնէ ձեր ղեկավարած կուսակցութեան նպատակները: Անոր համար շնորհակալ եմ: Սվազէն հեռանալէն ետք, մեր ճամբորդութեան ընթացքին շատ մը յարգալիր վերաբերմունքի արժանացանք ձեր ժողովուրդին (հետեւորդներո՞ւն*) կողմէ:

«Իմ առաքելութեանս անդամներէն, որոնք ճամբորդեցին Մալաթիա, Կեսարիա եւ Մարզուան քաղաքներ, ինծի տեղեկացուցին, որ այդ շրջաններու հայ ժողովուրդը տակաւին շատ մտահոգ է (ձեր*) ազգայնական շարժումին վտանգէն եւ թէ՝ ոմանք կրկին կը լքեն իրենց տուները՝ իրենց դէմ թուրք դրացիներուն սպառնալիքներուն պատճառով: Ես ինքս ալ տեսայ նման մտահոգութիւններ այլ վայրերու մէջ:

«Ես կրկին կը հրաւիրեմ ձեր ուշադրութիւնը այդ մարդոց (հայերու*) ապահովութեան եւ բարօրութեան նկատմամբ Ամերիկայի մեծ հետաքրքրութեան վրայ, ինչպէս ցոյց տրուած է  Թուրքիոյ կառավարութեան ղրկած նախագահ Ուիլսընի հեռագիրին մէջ, եւ կ՚առաջարկեմ, որ աւելի լայն տարածում գտնէ այն տեղեկութիւնը, որ ձեր կազմակերպութիւնը ոչ մէկ կերպով թշնամութիւն ունի (նախկին*) Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայ բնակչութեան դէմ, ինչպէս ձեզմէ հասկցայ, որ այդպէս է։

«Կը խնդրեմ ընդունիք շնորհակալութիւնս իմ առաքելութեանս հանդէպ ձեր ցուցաբերած յարգանքին համար:

Ձերդ՝ Զօրաւար Ճէյմս Հարպորտ»:

Ինչպէս յստակ է Հարպորտի նամակէն, Քեմալի եւ իր կուսակցութեան կողմէ հայերուն հանդէպ նոյն՝ նախկին թշնամութիւնը կը շարունակուի եւ Հարպորտ հեգնանքով Քեմալին կը թելադրէ, որ հայերուն եւ քրիստոնեաներուն հանդէպ իր կուսակցութեան կարծեցեալ «ոչ թշնամական» կեցուածքը գործնականացնէ եւ հրապարակաւ յայտարարէ՝ չվնասել հայերուն ու այդ՝ բոլո՛ր թուրքերուն սեփականութիւնը դարձնէ:

Հարպորտ էջ 7-ին մէջ կը հաստատէ. «Խեղումը, հաշմումը, անդամահատումը, բռնութիւնը, խոշտանգումները եւ մահը, իրենց սարսափելի յիշողութիւնները դրոշմած են հարիւրաւոր գեղեցիկ հայկական հովիտներուն մէջ, եւ այդ շրջաններուն մէջէն անցնող ճամբորդը, դժուար թէ զերծ մնայ բոլոր դարերու այս ամենէն ահռելի յանցագործութեան ապացոյցներէն» եւ կը շարունակէ. «…Ամերիկայի շահագրգռութիւնը իր միսիոնարներուն եւ բնիկ քրիստոնեաներուն մասին յստակօրէն շեշտուեցաւ: Հայերուն տեղահանութիւնը եւ ջարդերն ու վերապրողներուն վերադարձը արծարծուեցաւ իւրաքանչիւր հանդիպումին, ինչպէս նաեւ` այլ հարցեր, համոզելով թուրք պաշտօնատարները, որ իրենց երկիրը աշխարհի դատավարութեան ենթարկուած է»: Եւ Հարպորտի այս բոլոր հաստատումները Հուլուսի Աքարի նման թուրք կառավարութեան անդամներ, ծիծաղելիօրէն՝ ի շահ թուրքին է կը նկատեն…

«Առաքելութեան այցելութիւնը նկատելի բարոյական ազդեցութիւն ունեցաւ` երաշխաւորելու քրիստոնեաներուն կեանքի ու կալուածի ապահովութիւնը, մինչեւ խաղաղութեան խորհրդաժողովին տալիք գործադիր որոշումը:

«…Միացեալ Նահանգները (հոգատարութիւնը ստանձնելէ առաջ*) պէտք է ճշդեն իրենց նախապայմանները` նախքան հարցին քննարկումը, անշո՛ւշտ նախապէս եւ ոչ թէ` ընդունելէ ետք, քանի որ կան բազմաթիւ զիրար հակասող շահագրգռութիւններ, որ երկրին պատշաճ կառավարման համար, ոեւէ ամերիկացի կրնայ պատկերացնել: Միջազգային բարդութիւններու դէմ բոլոր հնարաւոր նախազգուշացումները պէտք է նախօրօք ընդունուին: Մեր կարծիքով, պէտք է յատուկ երաշխիքներ ապահովել Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ հետ պաշտօնական համաձայնութիւններով եւ յստակ վաւերացում Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ` Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասի նկատմամբ անոնց դիրքորոշումները յարգելու երաշխաւորագիրներով:

Հարպորտ 11 Սեպտեմբերին կ՚այցելէ Ատանա
Հարպորտ կը շրջի Ալայեուքի ցորեն կամնելու դաշտի մը մէջ

 

          «Մասնայատուկ կերպով կարեւոր է հետեւեալը.

– Թրքական կայսրութեան արտաքին յարաբերութիւններու բացարձակ վերահսկողութիւն. ոչ մէկ դեսպան, պատուիրակ, նախարար կամ դիւանագիտական գործակալ պէտք չէ Թուրքիոյ մէջ հաւատարմագրուի, իսկ Թուրքիան, նոյնպէս, արտասահմանի մէջ ոչ մէկ ներկայացուցիչ ունենայ:

– Զիջումներ, որոնք կը վերաբերին բացառիկ առանձնաշնորհումներու, ենթակայ են վերանայման, եթէ յայտնուի, որ կը հակասեն պետութեան (Ամերիկայի) գերագոյն շահերուն:

– Զիջումներ, որոնք անբաղձալի են հոգատար կողմին համար, եւ որոնց վրայ աշխատանք չէ կատարուած` ջնջել: Հարկ եղած պարագային` տէրերուն հատուցում կատարել:

– Վերացնել դրութիւնը, որով յատուկ եկամուտներ յատուկ նպատակի կը ծառայեն: Բոլոր եկամուտները պէտք է վերահսկուին պետական գանձատան (կեդրոնական դրամատուն*) կողմէ, եւ բոլոր պարտատէրերը միայն գանձատունը նկատեն իբրեւ վճարման աղբիւր:

– Պէտք է դադրի Թուրքիոյ ելեւմտական մեքենային վրայ օտարերկրեայ հակակշիռը, այսինքն` կազմալուծել օսմանեան պետական պարտքի խնամակալական խորհուրդը, վերապահելով իրաւունքը, կարգ մը անհատ անդամներ իբրեւ խորհրդատու պահելու, նկատի առնելով անոնց ունակութիւնը օսմանեան տնտեսութեան:

– Կայսրութեան բոլոր արտաքին պարտաւորութիւնները պէտք է մէկտեղուին եւ հատուցուին:

– Կայսրութենէն անկախացած երկիրները, օրինակ` Սուրիա, Իրաք, պէտք է դրամական տրամաբանական բաժին ստանան` արտաքին պարտաւորութեան, ինչպէս նաեւ հնարաւոր փոխհատուցում վճարելու պարտականութեան համար:

– Պատշաճ ծանուցումով Թուրքիոյ հետ գոյութիւն ունեցող առեւտրական պայմանագիրները չեղեալ յայտարարել:

– Բոլոր օտար կառավարութիւնները եւ զօրքերը հոգատարութեան տարածքներէն դուրս պէտք է գան հոգատարութեան ճշդած ժամանակացոյցով:

– Այս պայմաններուն հաւանութիւնը կրնայ դիւրաւ չիրականանալ: Շատ մը ազգեր ներկայիս ունին որոշ ելեւմտական հակակշիռ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ անոնք դիւրութեամբ պիտի չհրաժարին այդ մենաշնորհներէն:

– Առարկութեան կարիք չկայ, թէ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական քաղաքականութիւնը չի կրնար կառավարուիլ օտար մայրաքաղաքներէ: Պարտքերու վերատնտեսումը` դրամագլուխի հաւանական նուազեցումով, բողոքի ալիք պիտի բարձրացնէ, սակայն պէտք է պարտադրել, թէ ոչ ամերիկեան խնամակալութիւն մը կրնայ խայտառակուիլ եւ վարկաբեկուիլ:

– Առաքելութիւնը չէ զգացած, թէ իրմէ կ՛ակնկալուի առաջարկ ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հոգատարութիւն ընդունելու վերաբերեալ: Ուրեմն պարզապէս կը ներկայացնէ ամփոփում մը` թեր ու դէմ տեսակէտներու, արդիւնք տեղեկութիւններու` վեց շաբաթ մնայուն կապ հաստատելով շրջանի ժողովուրդներուն հետ»:

 

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles