«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- «ԱՀԱՒՈՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ»…(ՆՈ՛ՅՆ ԹՈՒՐՔՆ Է, ԱՐԵԱՆ ՈՒ ՊԱՏՈՒԻ ԾԱՐԱՒԻ)

0 0
Read Time:3 Minute, 2 Second

 

Խմբագրական

Սեպտեմբեր 10, 1974

 

Միջազգային մամուլ, հեռագրական գործակալութիւններ եւ հեռապատկերային կայաններ կը շարունակեն արձագանգել աննախընթաց այն ողբերգութեան՝ որուն մատնուած են 200.000-է աւելի կիպրացի Յոյներ, թուրք գրաւման ոյժերու վայրագրութեանց, քանդումներուն, տեղահանութեանց, սանձարձակ անբարոյութեան ու տակաւին այլ անմարդկային չարագործութեանց հետեւանքով։

«Չգիտցողին՝ ջուրի ձա՜յն կու գայ», կ՛ըսէին մեր մայրերը։

Ով որ մորթին վրայ չէ զգացած բռնաւորին զարհուրանքն ու գազանութիւնը, չի կրնար խորաչափել զոհին տառապանքը, սուգն ու հոգեկան փլուզումը։

Ո՛չ միայն չ՛ապրիր ուրիշին ողբերգութիւնը, այլեւ կը միտի ենթադրելու թէ նկատումներ եւ չափազանցութիւններ դեր կը խաղան եղեռնագործական պատկերացումներու մէջ։

Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ ամիսէ մը ի վեր՝ թրքական բանակ ներխուժումով Կիպրոսի հիւսիս-արեւելեան գօտիներուն մէջ ու դէպի Նիկոսիա, նմանութեան բազմաթիւ եզրեր ունի եթէ որ Հայոց վրայ ի գործ դրուած ցեղասպանական մոլուցքին հետ սակայն անպայմա՛ն Իզմիրեան աղէտի օրերուն պարզուող վայրագութեանց հետ, անշուշտ մեր օրերուն յատուկ շատ աւելի աւերիչ, քանդիչ ու սպանիչ միջոցներով…

Կը կարդաս ականատեսի վկայութիւնները թղթակիցներու, պատահական ուղեւորներու եւ կրակի գիծերէն խոտուող օտար քաղաքացիներու, ու մազերդ փուշ-փուշ կ՛ըլլայ։ Նո՛յն վայրենական բնազդն է, նո՛յն անմարդկային մոլուցք խոշտանգելու, թալանելու, բռնաբարելու, տեղահանելու…

Պարզագոյն վկայութիւններէն մէկը միայն յիշատակած է ըլալու համար, կը գործածենք բացատրութիւնը Ուաթըրթաունէն ամերիկացի ընտանիքի մը՝ որ տեղական թերթերէն «Ուաթըրթաուն Սըն»-ի խմբագրութեան ուղղուած իր կարգ մը յայտարարութեանց կարգին, կը հաստատէ երկու շաբաթ առաջ.-

– «Մեր կեանքի ամենէն ահաւոր փորձառութիւնը ապրեցանք։ Ներխուժող Թուրք ուժերը մարդկային որեւէ վերաբերում ի յայտ չեն բերեր. կը յարձակին խաղաղ բնակչութեան վրայ անզուսպ ու սանձարձակ։ Մեր պանդոկն իսկ, ուր ապաստանած էինք այլ զբօսաշրջիկներու հետ, թիրախ դարձաւ ռմբակոծումի եւ գնդացիրներու կրակին ¥Նիկոսիոյ մէջ¤։ Հակառակ Մ.Ա.Կ.-ի հաշտարար ուժերու ներկայութեան՝ Թուրքերը կ՛անտեսէին օրինական եւ բարոյական ամէն ըմբռնում»..

Պատահական այցելուի մը սահմանափակ վկայութիւնն է միայն՝ ասիկա։ Վայրկեանի տպաւորութիւն։

Ի՞նչ ըսել հապա Քիրինիայի, Ֆամակուսթայի ու բազմաթիւ այլ քաղաքներու եւ գիւղերու կրակի գիծերուն վրայ յոյն բնակչութեան ահաւոր տառապանքին ականատես թղթակիցներու նկարագրութեանց.

– «Գիւղը ամբողջ մոխիրի վերածելէ ետք նափալմ ռումբերու եւ թնդանօթներու տարափի մը տակ, Թուրք հետեւակազօրքը մուտք գործեց թաղերէ ներս … Շատերը խոյս էին տուած արդէն, որովհետեւ լսած էին այն գազանութեանց մասին՝ որոնք գործուած էին վեց-եօթը ժամ ¥քալելով¤ հեռու գտնուող տարբեր գօտիի մը մէջ։ Մնացորդացը, քսան-երեսուն տնուոր, փոխադրական միջոցներէ զուրկ եւ հարկադրաբար կծկտած կիսափուլ որմերու ետեւ կամ թաքստոցներու մէջ, հաւաքեցին. զատեցին այրերը ու տարին…։ Կին ու անչափահասներ՝ լեցուցին եկեղեցիի մը մէջ… Գիշերը, սակայն, վերադարձան ու պահանջեցին որ իրենց յանձնուին կիները … Ընդդիմութիւն, յուսահատական կռիւ, ողբ ու լաց։ Ո՞վ մտիկ կ՛ընէ։ Բռնօրէն քաշքշեցին ու տարին»…

Կիպարական կառավարութիւնը «Սեւ Գիրք» մը հրատարակած է, այս կարգի հրեշային արարքներու մասին պատկերազարդ վկայութիւններ ներկայացնելու համար համաշխարհային հանրային կարծիքին։ Ամերիկայի մէջ հրատարակուող յունական երկու թերթեր, որոնց կը հետեւինք օրը օրին, փշաքաղիչ մանրամասնութիւններ կու տան իրենց կարգին, Կիպրոսի իրենց թղթակիցներուն գրչով։ – Շէն ու կենսունակ քաղաքներ քանդուած են՝ անճանաչելի ըլլալու աստիճան։ Քիրինիա եւ Ֆամակութա, որոնք Կիպրոսի զբօսաշրջային լաւագոյն կեդրոնները դարձած էին, վերածուած են մեռեալ գօտիներու։ Բնակչութեան իննիսուն առ հարիւրը բռնած է տարագրութեան ճամբան, մնացորդացն ալ կը կեդրոնացուի ճամբարներու մէջ, ապա կը տեղահանուի։ Նաւահանգիստներ եւ օգտագործելի ծովափներ, հարաւային եզերքներու եւ արեւելեան շրջաններու մէջ, խճողուած են գաղթականներով։ Անօթութիւն, համաճարակ, համատարած թշուառութիւն եւ աւեր…

Ու Մ.Ա.Կ.-ը տակաւին կը շարունակէ… «քննե՜լ» ստեղծուած կացութիւնը, «լուծում» մը գտնելու համար տագնապին։

Մինչ գրի կ՛առնենք այս տողերը, Ապահովութեան Խորհուրդը կը ջանայ ստուգել թէ ճի՞շդ են կիպրական պատուիրակութեան այն պնդումները թէ թուրք բանակը, հրադուլի պաշտօնական յայտարարութենէն ետք ալ բռնօրէն կը տեղահանէ յոյն բնակչութիւնը եւ կը հարկադրէ գաղթել դէպի հարաւ…

Սպիներով հարուստ է Հայը։ Ճակատագրակից հելլէն ժողովուրդի հետ՝ ապրած է Թուրքին գազանութիւնները ու գիտէ՜ թէ ինչ կը նշանակեն ջարդ, տեղահանութիւն կամ փրկարար իմաստ կ՛ունենան այս կարգի փորձառութիւններ՝ երբ անդին… Արքայն կը զբօսնու։

Հի՜ն ու յաւիտենական պատմութիւնն է։ – Ժողովուրդ մը ամբողջ ոճրագործին կեր դարձնելէ ետք… պիտի սկսին մտածել թէ ի՜նչ կրնան ընել իրենց ձեռքերը մաքրելու համար։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles