Սեւրի Դաշնագիր 104-ամեակ Ը. Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»՝ Տեղեկագիրէն Հատուածներ – 1

2 0
Read Time:6 Minute, 59 Second

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

8 Սեպտեմբեր 2024

Շար. 8/9

haroutchekijian.wordpress.com

Նիւ Եորքէն Ֆրանսայի Պրեսթ նաւահանգիստ ճամբորդութիւնը, ուր Յունիս 1917-ին ամերիկեան ծովուժը խարիսխ հաստատած էր, 12 օր կը տեւէր: Առաքելութիւնը 14 օգոստոս 1919-ին հասաւ Փարիզ, Պրեսթէն 592 քմ. արեւելք: Երկու շաբաթ Փարիզի մէջ վեհաժողովին մասնակից ամերիկեան եւ այլ պատուիրակութեանց հետ խորհրդակցելէ եւ պատմական, քաղաքական եւ այլ տեղեկութիւններ քաղելէ ետք, Պրեսթէն Կոստանդնուպոլիս հասաւ 2 սեպտեմբեր 1919-ին, շուրջ 3 օր նաւարկելով: Ուրեմն «Մարթա Ուաշինկթըն» նաւուն մէջ ընդամէնը շուրջ 15 օր մնալով, նաեւ Փարիզի մէջ՝ երկու շաբաթ, շուրջ ամիս մը պատուիրակութեան մասնագէտները եւ պատմաբանները առիթ ունեցան հայոց պատմութիւնը սերտելու եւ այդ մասին իրար հետ զրուցելու, բացառիկ ճոխ գրադարանին միջոցով:

Հետեւաբար, առաքելութեան անդամները կուրօրէն՝ խակ ու անգէտ, միամտօրէն չէ որ այս պարտականութիւնը կատարեցին, այլ իրենց այցելած շրջաններուն պատմութեան՝ մօտիկ, թէ հեռաւոր անցեալէն, հողին իսկական իրաւատէրերէն տեղեակ: Մանաւա՛նդ տեղեակ՝ թուրքին խուժան ու բարբարոս, քոչուոր ու եկուոր, անքաղաքակիրթ, ոճրագործ ու թալանող վարքագիծէն, որ բնաջնջած էր հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը: Այս բոլորը կ՛արտացոլայ եւ նշուած է տեղեկագիրին մէջ, մանաւա՛նդ պատուիրակութիւնն ալ համտեսեց թուրք-քիւրտ-թաթար վայրագութիւնը տես՝ նկար 2:

Հարպորտ, աջին՝ Խարբերդի մէջ
Հարպորտի առաքելութիւնը յարձակումի կ՚ենթարկուի, քիւրտ, թաթար եւ թուրք հրոսախումբերու կողմէ, Արիզոնա Տէյլի Սթար 30 Նոյեմբեր 1919 (1)

Զօրավար Հարպորտ, իր կարգին, յատուկ մօտեցում ունէր, իբրեւ հաւանական ապագայ լիազօր կառավարիչը ամերիկեան հոգատարութեամբ, նոր քարտէսով Հայաստանին եւ ինչ որ պիտի մնար Թուրքիայէն: Այս ընդհանուր հեռանկարով, մտապատկերով է, որ առաքելութիւնը իր աշխատանքներն ու փաստահաւաքը կատարեց:

Ընդհանուր նկարագրականէն ետք, Հարպորտ այսպէս կը շարունակէ իր ամփոփ տեղեկագիրը` էջ 4.

«Քաղաքակիրթ աշխարհին հետաքրքրութիւնը, սարսափն ու համակրանքը այնքան կեդրոնացած են Հայաստանի վրայ, եւ այս առաքելութեան նպատակին ու աշխատանքին կիզակէտը այնքան կեդրոնացած է արիւնով թաթխուած այդ տարածաշրջանին եւ քրիստոնեայ բնակչութեան ողբերգական մնացորդին վրայ, որ այս տեղեկագիրը բնականաբար պէտք է բաժնել հետեւեալ գլուխներուն.

Ա.- Հայ ժողովուրդին պատմութիւնն ու ներկայ վիճակը,

Բ.- Քաղաքական իրավիճակը եւ վերակազմակերպման առաջարկներ:

Գ.- Հովանաւորութեան մը պարագային` պայմաններն ու խնդիրները,

Դ.- Հովանաւորութիւն ստանձնելու թեր ու դէմ նկատառութիւններ»:

Հայ որբեր կը դիմաւորեն զօրավար Հարպորտը` ձախէն առաջինը, իսկ Յարութիւն Խաչատուրեանը` աջէն առաջին զինուորականը, Էջմիածինի մուտքին

 

Հարպորտ՝ առաքելութեան անդամներով Էջմիածինի մէջ, Մեսրոպ եպիսկոպոս Տէր Մովսէսեանի հետ, աջին, առջեւ` Յարութիւն Խաչատուրեան («Հայրենիք»-ին մէջ յուշերուն հեղինակը) 

Այս գլուխներէն հատուածներ կը ներկայացնեմ ստորեւ եւ յաջորդիւ.

«Հայերուն երկիրը ծովի մակարդակէն 3000-էն 8000 ոտնաչափ (914-2438 մեթր*) բարձրութեան վրայ գտնուող խորտուբորտ մեծ հարթավայրն է, որուն գերիշխող գագաթն է Արարատ լեռը: Պատմականօրէն Հայաստանը տարածուած է Միջերկրական, Կասպից եւ Սեւ ծովերու ափերուն միջեւ: Հետագային կրճատուած է մինչեւ շուրջ 140.000 քառակուսի մղոն (362,600 քառ. քմ) տարածքի, որ մօտաւորապէս Մոնթանա նահանգին չափ է, առանց քաղաքական ինքնութեան, սակայն 1914-ին գոյութիւն ունէր երկու մասով` արեւելեան մասը (Արեւելահայաստան*) կը հպատակէր Ռուսիոյ, որ կը բաղկանար Կարս եւ Երեւան նահանգներէն, եւ որոշ հատուածներ Ազրպէյճանի այժմու (1919*) տարածքէն: Մնացեալը` թրքական Հայաստանն է (Արեւմտահայաստան*) բաղկացած` Վանի, Պիթլիսի՝ Բաղէշ, Էրզրումի՝ Կարին, Տիարպեքիրի՝Տիգրանակերտ , Խարբերդի եւ (Սվազը՝ Սեբաստիան մոռցուած է*) Կիլիկիոյ նահանգներէն, թէեւ հայերը քիչ թէ շատ տարածուած էին ամբողջ Անդրկովկասի եւ Փոքր Ասիոյ մէջ:

          «Հայաստանը, բացի Յունաստանէն եւ Հռոմէն, արդէն կազմակերպուած ազգ էր Եւրոպայէն հազար տարի առաջ:

          «Պարսիկները, պարթեւները, սարակինոսները (արաբական ցեղ` saracen*), թաթարները եւ թուրքերը հայկական եկեղեցիէն իրենց թիւին համեմատ աւելի շատ նահատակներ խլած են, քան՝ որեւէ այլ ազգէ: Վերջին հայկական թագաւորութիւնը տապալեցաւ (1375-ին*) Եգիպտոսի (Մեմլուք*) սուլթանին կողմէ` Մոհամետ Բ.-ի 1453-ին Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն եօթանասունութ տարի առաջ: Այդ օրէն մինչեւ այսօր անոնց նահատակութեան պատմութիւնը շարունակական է:

Գլխարկը հանած՝ Հայաստանի վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեան Երեւանի մուտքին կը դիմաւորէ Հարպորտը

Աջէն՝ Յարութիւն Խաչատուրեան, Ալեքսանտր Խատիսեան եւ զօրավար Հարպորտ Երեւանի մէջ

«Պարսկական, հռոմէական եւ բիւզանդական տիրապետութեան տակ հայը կը գտնուէր արիական ցեղակիցներու լուծին տակ, ուր բռնակալութիւնը մեղմացած էր մասնակի ինքնավարութեամբ: Նոյնի՛սկ սարակինոսները, որոնք ցեղային ծայրայեղ տեսակ մը ըլլալով հանդերձ, կարելի եղած էր անոնց հետ փոխադարձ հասկացողութեամբ ապրիլ: Թուրքերը, սակայն, որուն զոհը դարձած են (հայերը*) այժմ, Կեդրոնական Ասիայէն եկած ասպատակիչ քոչուորներ էին: Անոնց գործողութիւններուն հիմնական աղբիւրները թալանն էին, սպանութիւնները եւ ստրկացումը, անոնց միջոցները` սուրն ու աղեղը:

«…Ժամանակը, (հայուն*) խառնուածքն ու տաղանդը ի վերջոյ տիրապետեցին արդիւնաբերութեան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի մարզերուն մէջ, ու հայուն ձեռքը անցաւ Օսմանեան կայսրութեան մտաւորական եւ վարչական աշխատանքներուն մեծ մասը»:

«…Գիւղերը աւերակ են, ոմանք` երբ հայերը փախչեցան, կամ տեղահանուեցան, ուրիշներ` ռուսական յառաջխաղացման ժամանակ, ոմանք ալ ռուսական կայսրութեան անկումէն ետք, հայ կամաւորներու եւ ռուսերու նահանջին ընթացքին: Պատերազմի մասնակցած թուրք գիւղացիներուն հազիւ քսան տոկոսը վերադարձած է (այսինքն 80 տոկոսը պատերազմին մէջ սպաննուած է*): Շատ նկատելի է քսանէն երեսունհինգ տարեկան մարդոց բացակայութիւնը: Վեց հարիւր հազար թուրք զինուոր մահացած է միա՛յն բծաւոր տենդէն (typhus), անբաւարար բժշկական սպասարկումը եւ սնունդի մատակարարման բացարձակ աղքատութիւնը մեծապէս աւելցուցած են (թուրքերու*) մահացութեան ցուցակները»:

          Ցեղասպանութիւնը ժխտող թուրքեր եւ պետական գործիչներ, նախագահ Էրտողանի նման, իբրեւ ցեղասպանութեան անտեղի ու բոլորովին անկապ ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄ` յաճախ տխմարօրէն կը կրկնեն. «Պատերազմ էր, եւ մեծ թիւով թուրքեր ալ մեռան…», ՀԱՊԱ ՊԻՏԻ ՉՄԵՌՆԷԻ՞Ն… ՄԻՇՏ ՄՈՌՆԱԼՈՎ, ՈՐ ԹՈՒՐՔԸ Ի՛ՆՔ ՍԿՍԱՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ, յատկապէս` իր անճարակութեան ալ պատճառով, մի՛այն հիւանդութենէն ու անօթութենէն 600 հազար թուրք զինուոր մահացած է:

Օրինակ՝ Սարիղամիշի ճակատամարտին, 1914 Դեկտեմբերէն Յունուար 1915 շուրջ 90 հազար թուրք զինուոր մահացաւ, մեծ մասը՝ անօթութեան եւ սառելու պատճառով, որոնց մէջ էր նոյն ինքը՝ Էրտողանին մեծ հայրը (2): Իսկ հայերը խաղաղ ու անզէն բնակիչներ էին, որոնք ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՆ, մինչ թուրքերը` նախայարձակ զինուորներ էին:

          Անօթութեան եւ սովի պատճառներէն մէկն ալ, հեգնօրէն, հայերու տեղահանութիւնն ու ոչնչացումն էր. «Շատ մը հազարաւոր (տարագիր հայ*) մարդիկ մահացան ուժասպառութենէ, հիւանդութենէ եւ անօթութենէ, որոնք մնացին ճամբաներու եզերքին` յօշոտուելու համար գազաններէ եւ գիշատիչ թռչուններէ: Այս ժողովուրդէն միայն փոքր տոկոս մը ողջ մնաց, վերապրեցաւ… (Թուրքիոյ մէջ*) հացի սակաւութեան պատճառը հայերուն տեղահանութիւնն էր, քանի որ անոնք էին գլխաւոր հացահատիկ արտադրողները», կը կը վկայէ Ռապըրթ քոլեճի ճարտարագիտութեան բաժանմունքի հիմնադիր եւ կաճառի պետ, ամերիկացի Լին Ա. Սքիփիօ (Lynn A. Scipio 1876-1963) «Իմ երեսուն տարիներս Թուրքիոյ մէջ (1912-1943)» գիրքին մէջ (3):

          Այստեղ այլ եզրակացութեան մը կարելի է յանգիլ, որ Հարպորտ անուղղակի կերպով քանի մը անգամ կը հաստատէ: Ա՛յն, որ հայկական հողերը ժողովուրդէ դատարկուած էին, հայերը` ցեղասպանութեան պատճառով, իսկ թուրքերը` իբրեւ զինուոր, պատերազմին պատճառով: «Ամէն տեղ ամայի էր…», կը կրկնուի տեղեկագիրին մէջ: Ուստի, Գ. Մասին մէջ նշուած Ամերիկեան եկեղեցւոյ 85 եպիսկոպոսներուն, Ամերիկայի 48 նահանգներէն 40-ին կառավարիչներուն ու ամէնէն հեղինակաւոր 250 քոլեճներու եւ համալսարաններու նախագահներուն կոչը՝ Արեւմտեան Հայաստանի վերականգնումը բնակչութենէ դատարկուած երկրին մէջ գործնապէս կարելի էր: Կարեւոր հաստատում մը, որ կը փորձուի խեղաթիւրել, նոյնի՛սկ կարգ մը անգէտ հայերու կողմէ: Այլ խօսքով, «պատերազմէն ետք վերականգնուած Հայաստանի սահմաններուն մէջ 4 – 4,5 միլիոն բնակչութեան 3 միլիոնէն աւելին պիտի ըլլան հայերը», կը հաստատէ Ամերիկայի աւագանին 1919-ին (4):

«…Ռուսական Հայաստանի մէջ մեր առաքելութեան վրայ կրակեցին քիւրտերը, եւ քանի մը փոխադրակառքեր փամփուշտէ վնասուեցան, եւ մեր կէսէն աւելին մէկ գիշեր գերի մնացին իսլամներուն մօտ, որոնք կը պնդէին, որ իրենց գիւղերէն վտարած են հայերը: Ազրպէյճանի մէջ ալ մեր վրայ կրակեցին (էջ 9):

Հետաքրքրական է վրացիներուն մասին հետեւեալը. «Վրացիները, որոնց եկեղեցին ռուսականէն հին է, եւ հայկական ծագում ունեցող վրացական թագաւորութեան աւանդութիւնները, որոնք հազար տարի կ՛իշխէին Թիֆլիսի մէջ մինչեւ 1802 Ռուսիոյ գրաւելը, շատ հպարտ եւ ընդունելի ազգ են»: Ապա կը շարունակէ, թէ` վրացիները եւ ազերիները շատ աւելի օգտուեցան ռուսական յեղափոխութեան պատճառով ռուսերուն լքած աւարէն` ռազմական, գումակային, նիւթական, պարէնային, հաղորդակցութեան եւ այլ դրութիւններուն տիրանալով, իբրեւ իրենցը, մինչ Հայաստանը նուազագոյն օգտուողը եղաւ (էջ 12):

«…Հետեւաբար բնական է, որ ինչ կը վերաբերի հայերուն, ապա թուրքը իր ոճրային արիւնարբու առիթը ունեցած է արդէն եւ հետագայ յաւելեալ ոճրային անզսպելի հնարաւորութենէն պիտի (պէտք է*) զրկուի: Կոստանդնուպոլսոյ ապագայ կառավարութեան հետ որեւէ համաձայնութեան պարագային, հնարաւոր է, որ կարգ մը պետութիւններ փորձութիւնը ունենան` իրենց համար շահեր ապահովելու քաղաքականութիւն վարելով Թուրքիան սիրաշահելու եւ անոնց յանցանքներուն աչք գոցելու: Պէտք է (Թուրքիոյ վրայ*) իսկական հսկողութիւն պարտադրուի, քանի որ պատասխանատուութիւն` առանց հեղինակութեան, անօգուտ ըլլալէն աւելի վատ է, արեւելեան տեսակէտներու երկրի մը մէջ» (էջ 12):

«Հարպորտի այս մտավախութիւնը դժբախտաբար իրականացաւ, եւ Թուրքիոյ երկու պատերազմի «թշնամիները», պոլշեւիկ դարձած Ռուսիան ուղղակի ոսկիով եւ զինամթերքով եւ Անգլիան նաեւ զինամթերքով ու քաղաքական հովանիով, իսկ աւելի նուազ չափով` Ֆրանսան՝ քաղաքականութեամբ, դաւաճանեցին հայութեան` քաղաքակրթութեան, եւ զանազան շահերու դիմաց զօրավիգ կանգնեցան Աթաթուրքի «նոր» Թուրքիոյ, որպէսզի Սեւրի դաշնագիրին հայկական բաժինը չգործադրուի եւ հայերու բնաջնջումը անխափան շարունակուի…

 

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին, նաեւ լուսանկարներուն յստակացումն ու պայծառացումը:

  1. Arizona Daily Star, 30 November 1919
  2. https://www.hurriyetdailynews.com/turkish-defense-ministry-says-erdogans-grandfather-froze-to-death-during-world-war-one-125566
  3. «My Thirty Years In Turkey», Lynn A. Scipio, Richard R. Smith Publisher, Inc, Ringe, New Hampshire 1955, Library of Congress Catalog Card Number: 55-9048
  4. https://hairenikweekly.com/?p=60853
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles