«Վերադարձ» Ձեռնարկը՝ Նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 33-ամեակին

0 0
Read Time:3 Minute, 51 Second

 

Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմակերպութեամբ՝ 2 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Երեւանի «Հարսնաքար» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Վերադարձ» խորագիրով ձեռնարկը՝  նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 33ամեակին:

Ձեռնարկի նպատակը ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակին մէջ պատմական օրուան խորհուրդը արժեւորելն էր, նաեւ՝ ներկայացնելը մօտեցումներ եւ առաջարկներ` Արցախի հիմնահարցի մարտահրաւէրներու եւ քաղաքական լուծումներու, համազգային յանձնառութիւններու եւ արցախահայութեան անօտարելի իրաւունքներու իրականացման վերաբերեալ:

Պաշտօնական հիւրերու կարգին էր Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորները, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը, Հայաստանի պետական եւ քաղաքական գործիչներ, հոգեւոր եւ հանրային զանազան շրջանակներու ներկայացուցիչներ:

Ձեռնարկին մեկնարկը տրուեցաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ. ներկաները յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախի պատերազմներու նահատակներու յիշատակին: Այնուհետեւ հնչեցին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն քայլերգները:

Բացումը կատարեց Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան` տէրունական աղօթքով։ Ան շեշտեց, որ 2 Սեպտեմբերը մեր հաւատաւոր ժողովուրդին հերոսական կամքին ու ազգային միասնականութեան հանդէպ անհատնում հաւատքի փաստերէն է։ «Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը մեր ժողովրդի ազատութեան ու խաղաղ երկնքի տակ ապրելու արդար բաղձանքի ամենավառ դրսեւորումներից մէկն է, որն իր արժանի տեղն ունի Հայոց հազարամեայ պատմութեան մէջ», ըսաւ Վրթանէս եպիսկոպոսը։

Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Արցախի հարցը բնաւ փակուած չէ: «Ազգային բոլոր հասարակական ու քաղաքական ուժերի պարտականութիւնն այսօր պէտք է լինի Արցախի ժողովրդի Հայաստանում արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը ապահովելը: Արցախցի մեր եղբայրները պէտք չէ մայր հայրենիքում զգան որպէս օտարներ, այլ` որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ իրենց հայրենիքի», նշեց Վրթանէս եպիսկոպոսը։

Ձեռնարկին յատուկ պատգամ յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը.-

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, ազգային վառ ապրումներով եւ վերանորոգ հաւատքով, կամքով ու տեսիլքով կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները՝ ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի:

Հայ ժողովուրդը կ՚ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրական հանգրուանը: Հայաթափուած է Արցախը, Հայաստանը կը մնայ ենթակայ Ազրպէյճանի սպառնալիքներուն: Փաստօրէն Հայաստանը առանձին է, իրաւ բարեկամ չունի: Ահաւոր վտանգներով եւ աննախատեսելի հետեւանքներով լեցուն ներկայ կացութեան դիմաց չենք կրնար, իրաւունք չունինք լուռ մնալու: Հետեւաբար, որեւէ ժամանակէ աւելի, ոյժերու համախմբումը ու մեր ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդումը համահայկական օրակարգի մը շուրջ՝ հրամայական է ու առաջնահերթ:

Ջերմօրէն կ՚ողջունենք Արցախի նուիրուած ներկայ հաւաքը: Արցախը մեզի համար անցեալ չէ: Եթէ թշնամին Արցախը գրաւելով համոզուած է, թէ Արցախի հարցը լուծուած է, սակայն մեր ժողովուրդին համար Արցախի հարցը լուծուած չէ՛, այնքան ատեն որ Արցախի ժողովուրդը վերադարձած չէ եւ իր ինքնորոշման իրաւունքը չէ վերականգնած իր պատմական հողերուն վրայ՝ միջազգային հովանիին ներքեւ: Արդարեւ, Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը պատմականօրէն եւ միջազգային իրաւունքի տուեալներով ամրագրուած, կարելի չէ զէնքի ոյժով լուծուած նկատել: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ պայմաններու բերումով կատարուած գրաւումները միշտ եղած են ժամանակաւոր:

Արդ, մեր ժողովուրդին համար Արցախի հայկական պատկանելիութեան ամբողջական վերականգնումը պէտք է դառնայ ամէնօրեայ պայքար, նախ ներքին ճակատի վրայ: Այս համազգային պայքարին շուրջ պէտք է համախմբուին Հայաստանի պետութիւնը, մեր եկեղեցին, մեր ազգային կառոյցները, Հայաստանն ու Սփիւռքը: Արցախի հայկական պատկանելիութեան վերականգնումի մեր յանձնառութիւնը պէտք է նաեւ մեզ մղէ հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանքի՝ միջազգային համայնքէն ներս: Պետական, քաղաքական, կրօնական, մշակութային ու ակադեմական շրջանակներէն ներս փաստացի տուեալներով հարկ է շեշտել ու վերաշեշտել Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը: Այս գործընթացքին առընթեր, հարկ է մօտէն հետեւիլ շրջանէն ներս տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթին՝ դիւանագիտական ճկունութեամբ եւ մարտունակ ոգիով, հեռու մնալով զիջումի քաղաքականութենէն: Միաժամանակ անհրաժեշտ է նաեւ հայոց բանակին հզօրացումը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար Արցախի հարցը միշտ պիտի մնայ առաջնահերթ: Պետական պատասխանատուներուն, կրօնական ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմիններուն հետ մեր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի շարունակենք կարեւորութեամբ շեշտել Արցախի հարցին ամբողջական ու արդար լուծում տալու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մեր քաղաքական ու պետական բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակումը:

Հետեւաբար, սիրելի Արցախի հայութիւն, սփիւռք մի՛ դառնաք, կառչած մնացէ՛ք ձեր դատին, հերոսներու արիւնով թրծուած ձեր հողին, սուրբերու աղօթքով շաղախուած ձեր հոգեմտաւոր կառոյցներուն: Մեր ժողովուրդը ձեզի հետ է՝ աջակից ու զօրակից ձեր պայքարին:

Թող Աստուած ամուր պահէ մեր պահանջատիրական պայքարը, հզօր՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ միակամ՝ մեր ժողովուրդը…

Խօսքեր արտասանեցին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց, որ շեշտեց, թէ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է Արցախի կողքին, ինչպէս նաեւ` այս ծանր օրերուն՝ ունենալով իր ուրոյն եւ ազդեցիկ դերակատարութիւնը , ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, որ դիտել տուաւ, թէ մեզ ազգովին կը սպասէ երկարաշունչ պայքարի ուղի , ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան, որ նշեց, թէ Ատրպէյճան չի կրնար մարսել իր պատերազմական յանցագործութիւնները , ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան, որ շեշտեց, թէ հայութեան այսքան ահաւոր պարտութիւն պատճառած անձերը պէտք չէ շարունակեն ղեկավարել , Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, որ հաստատեց, թէ Արցախն է հայրենիքը պաշտպանելու, դարձեալ գործօն դառնալու, վերականգնելու մեր բանալին։

Ձեռնարկին ընթացքին մեծադիր պաստառներու վրայ ցուցադրուեցան աշխարհի տարբեր անկիւններէ ստացուած` Հայ Դատի, հայ ժողովուրդի եւ Արցախի բարեկամ խորհրդարանականներու եւ պետական ու քաղաքական գործիչներու ուղերձները` անոնց կողմէ ընթերցուած։ Անգամ մը եւս ամրագրուեցաւ այն քաղաքական հաստատումը, որ իր իրաւունքներուն համար պայքարին մէջ հայ ժողովուրդը եւ արցախահայութիւնը առանձին չեն:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Արցախի Անկախութեան օրուան նուիրուած համերգով: Կատարումներով հանդէս եկան Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Շուշան Պետրոսեան, Արցախի պետական եւ ստեղծագործական երաժշտական խումբեր եւ անհատ կատարողներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles