Չորս օրուան քննարկումներէ, աշխատանքային նիստերէ եւ գործնական հանդիպումներէ ետք, շաբաթ, 31 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական Թ. համագումարը իր աշխատանքները աւարտեց Գահիրէի «Յուսաբեր» կեդրոնի «Գարագաշեան» սրահին մէջ:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 24 Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններ ներկայացնող 38 բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիներ համագումարին ընթացքին լսեցին բազմաթիւ զեկուցումներ, որոնց լոյսին տակ ծաւալեցին խոր քննարկումներ: Այսպէս, «Սկաուտական համագումարներու նպատակն ու դերը» նիւթին շուրջ զեկուցեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆետի-Խաժակ Գազանճեան: «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտութիւնը այսօր» նիւթը վիճակագրական մանրամասն տուեալներով ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան: Զուգահեռ, մասնակիցները աշխատանքային խմբակներու բաժնուելով սերտեցին միութեան սկաուտական կարգերու, գիրքերու ծրագիրները եւ ներկայացուցին բարեփոխման իրենց առաջարկներն ու տեսակէտները:
Խմբապետական համագումարը քննեց նաեւ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտութեան արդիականացման մարտահրաւէրը» նիւթը, զոր ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան: Այնուհետեւ, մասնակիցները ունեցան գործնական, դաշտային փորձարկումներ` արարողութիւններ կատարելու եւ աստիճանատուչութեան ձեւերու մասին: Օրակարգի նիւթ դարձան նաեւ միջցամաքամասային սկաուտական ձեռնարկները, որոնք պիտի ըլլան գալիք հանգրուանի գլխաւոր նորութիւններու շարքին:
Համագումարին Երկրորդ Օրը
Համագումարին երկրորդ օրը ներկայացուեցան զեկուցական հինգ նիւթեր.
– «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կանոնագիրը»- Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Թանաշեան:
– «Ի՞նչպէս կատարել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական աշխատանքներու քարոզչութիւնը»- Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Աւագեան:
– «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտութիւնը եւ արդի արհեստագիտութիւնը» – Հ.Մ.Ը.Մ.-ի արհեստագիտական բաժանմունքի պատասխանատու Շանթ Տէմիրճեան:
– «Սկաուտական Արարատեան կարգը»- Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան:
– «Սկաուտական Վկայեալ կարգը»- Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Աւետիս Տէրվիշեան:
Զեկուցումներուն յաջորդեցին քննարկումներ եւ աշխատանքային խմբակներու մէջ առաջարկներու ու բանաձեւումներու մշակումներ:
Համագումարի մասնակիցներ քննարկեցին նաեւ խմբապետական գործուղումներու, սկաուտական պեճերու, կարգերու եւ արարողութիւններու պայմաններու, իրագործման եւ միօրինականացման կապուած հարցեր:
Եգիպտոսի Տեսարժան Վայրեր Այցելութեան Օրը
Համագումարը երրորդ օրը առաւ դադար, եւ զանազան երկիրներէն Եգիպտոս ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խմբապետ-խմբապետուհիները այցելեցին աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն նկատուող պատմական բուրգերը (Սաքարա եւ Կիզէ) եւ Սփինքսի արձանը: Նոյն օրը, երեկոյեան, անոնք ընթրիքի հիւրը եղան Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»-ին, որ այս օրերուն կը նշէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը:
Համագումարին Չորրորդ Օրը
Իր աշխատանքներուն չորրորդ օրը համագումարը քննեց սկաուտական կանոնագրութեան բարեփոխման առաջարկները եւ լսեց առցանց զեկուցում մը` միջազգային սկաուտական շարժումի կառոյցին եւ այդ կառոյցին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ներկայութեան մասին: Զեկուցումը ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սանտրա Վարդանեան:
Օրակարգի նիւթ դարձան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական մասնագիտական պեճերը, ազգային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը սկաուտական աշխատանքներու մէջ, մարդուժի պատրաստութեան, սկաուտական տեղեկութիւններու շտեմարանի (Database-ի), համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 13-րդ ընդհանուր բանակումի (2026), սկաուտական առցանց գրադարանի եւ վաճառատան ստեղծման կապուած հարցեր:
Համագումարի փակման նիստին, ժողովականներուն այցելեց Եգիպտոսի մէջ յունական սկաուտական բարձրաստիճան պատասխանտուներէն Եաննիս Մելախրինուտիս: Ան ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եւ արտասահմանի յունական սկաուտութեան անունով հայ-յունական սկաուտական գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատասխանատուները, իրենց կարգին, գնահատեցին յարգելի հիւրին այցելութիւնը եւ արտայայտուեցան հայ-յունական պատմական միացեալ ճակատագիրի եւ ապագայ գործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին:
Հուսկ, համագումարը իր աւարտին հասաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի կատարումով:
Այցելութիւն Ազգային Առաջնորդարան,
Եկեղեցի Եւ Գերեզմանատուներ
Կիրակի, 1 սեպտեմբերին, համագումարի մասնակիցները այցելեցին Եգիպտոսի Ազգային առաջնորդարան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ հայկական գերեզմանատուներ, ուր ծաղկեպսակներու զետեղումով անոնք յարգանքի տուրք ընծայեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիր սերունդի անդամներէն Հայկ Ճիզմէճեանի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երրորդ վարչապետ Համօ Օհանջանեանի եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած նուիրեալներու` Վահան Նաւասարդեանի, Գաբրիէլ Լազեանի, Սրբուհի Թիրեաքեանի, Բենիամին Թաշեանի, Օննիկ Մաճառեանի եւ այլ գաղափարակիցներու: