Միջազգային եւ Համեմատական Իրաւունքի կեդրոնը, Հայ Դատի համակարգին մէջ գործող Հայկական Իրաւական կեդրոնին հովանաւորութեամբ, հրատարակեց մանրամասն եւ համապարփակ զեկոյց մը՝ լուսարձակի տակ բերելով Արցախի մէջ պատահած ցեղային զտումը, որ պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի երկարատեւ հակահայկական խտրական քաղաքականութեամբ։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակին համաձայն, զեկոյցը կը վիճարկէ, որ Արցախի շրջափակումը, զինուորական յարձակումը եւ ասոնց յաջորդող արցախահայութեան բռնի տեղահանումը իրարմէ առանձին եւ անջատ միջադէպեր չեն, այլ՝ հայերու դէմ խորապէս արմատացած հաստատութենական քաղաքականութեան գագաթնակէտ մը։
Զեկոյցին մէջ յստակօրէն կը տարբերակուի «ցեղային զտումներ» եւ «ցեղասպանութիւն» հասկացութիւնները՝ նշելով,որ թէեւ ցեղասպանութիւնը կը սահմանուի խումբին ամբողջութեամբ կամ մասնակի ոչնչացման մտադրութեամբ, ցեղային զտումները կը ներառեն որոշակի տարածքէ խումբին բռնի հեռացում՝ բռնութեան եւ ահաբեկչութեան միջոցով։ Արցախի պարագային Եւրոպական խորհրդարանը եւ տարբեր փորձագէտներ իրադարձութիւնները դասակարգած են իբրեւ ցեղային զտումներ,իսկ ոմանք այս դասակարգումը տարածած են նաեւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան վրայ՝ կապուած ծանր պայմաններու եւ համակարգուած ոչնչացման սպառնալիքի հետ։
Զեկոյցին մէջ ներկայացուած ապացոյցները ցոյց կու տան, որ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը՝ ներառեալ շրջափակումը եւ զինուորական գործողութիւնները, կ՛արտացոլացնեն Արցախի հայկական ներկայութիւնը արմատախիլ ընելու միտումնաւոր փորձը։ Դեկտեմբեր 2022-ին սկսած շրջափակումը սարսափելի պայմաններ ստեղծեց՝ սահմանափակելով հիմնական եւ տարրական ապրանքներու եւ սպասարկութիւններու հոսքը, ինչ որ պատճառ դարձաւ սնունդի, դեղօրայքի եւ վառելանիւթի խիստ պակասի։ Այս կացութեան իբրեւ արդիւնք, ի յայտ եկան սնունդի պակաս եւ հիւանդութիւններու վատթարացում, ինչպէս նաեւ՝ կրթական եւ առողջապահական ծառայութիւններու խաթարում։ Զեկոյցին մէջ կը մանրամասնուի, թէ ատրպէյճանական ուժերը ինչպէս թիրախաւորած են գիւղատնտեսական աշխատանքները եւ խոչընդոտած տեղական սնունդի արտադրութիւնը՝ խորացնելով հայ բնակչութեան տառապանքը։
Սեպտեմբեր 2023-ին սկսած զինուորական յարձակումը աւելի սաստկացուց տագնապը։ Զեկոյցը կը փաստէ, թէ ինչպէս սկսաւ յարձակումը՝ ծանր մարտերով եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներու հասցուած համատարած վնասներով, ինչպէս հանգեցուց քաղաքացիական բնակչութեան զգալի զոհերու եւ տարհանման աշխատանքներու լուրջ խափանումներու։Զինուորական յանցագործութիւններու,անոնց շարքին՝ հայ խաղաղ բնակչութեան խոշտանգումներու եւ անդամահատումներու մասին հաղորդումները կ՛ընդգծեն յարձակման դաժանութիւնը եւ նման գործողութիւններու նշանակութիւնը՝ Արցախէն հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման մէջ։
Զեկոյցը նաեւ կ՛ընդգծէ հայկական մշակութային եւ կրօնական վայրերու շարունակական ոչնչացումը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք համակարգուած ձեւով կը ջնջեն հայկական հետքերը։Այս աւերումը կը ներառէ եկեղեցիներու, պատմական յուշարձաններու եւ խաչքարերու ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ՝ հայկական մշակութային հետքերը վերացնելու համար յուշարձաններու էութեան նենգափոխումը։Զեկոյցը կը պարունակէ արբանեակային լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր այնպիսի կազմակերպութիւններէ, ինչպէս՝ Caucasus Heritage Watch կազմակերպութիւնը, ինչ որ ցոյց կու տայ մշակութային ոչնչացման տարողութիւնը, որ դատապարտուած է «Եունեսքօ»-ի եւ Եւրոպական խորհրդարանին նման միջազգային կառոյցներու կողմէ։
Զեկոյցը կ՛ընգծէ, որ մշակութային այս ոչնչացումը եւ շրջափակման ազդեցութիւնը կ՛արտացոլացնեն ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ հակահայկական տրամադրութիւններու աւելի ընդգրկուն օրինաչափութիւն մը։Զեկոյցին մէջ կը նկարագրուի, թէ ատրպէյճանական պետական հռետորաբանութիւնը, ներառեալ հակահայկական բռնութեան հերոսացումը եւ հայերու նուաստացուցիչ պատկերները, ինչպէս ստեղծած են անմարդկային եւ խտրականութեան միջավայր մը,որ յաւերժացած է պետութեան աջակցութիւնը վայելող նախաձեռնութիւններու միջոցով, ինչպիսին է Պաքուի «ռազմական պուրակ»-ը եւ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերուն միջոցով տարածուող հակահայկական ատելութեան խօսքը։
Աւելի՛ն։ Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ գտնուող հայերուն նկատմամբ վերաբերումը, ներառեալ քաղաքական դրդապատճառներով Արցախի ռազմաքաղաքական առաջնորդներու կալանաւորումը եւ հակահայկական բռնութեան շարունակական հերոսացումը, կ՛արտացոլացնեն մարդու իրաւունքներու միջազգային չափանիշներու անտեսումը։ Կ՛ընդգծուի, որ հայկական մշակութային ինքնութեան համակարգուած ժխտումը եւ մշակութային ժառանգութեան վայրերու ոչնչացումը Արցախի մէջ հայկական ներկայութիւնը վերացնելու Ատրպէյճանի աւելի լայն ռազմավարութեան անբաժանելի մասն է։
Զեկոյցին եզրակացութեան մէջ կոչ կը կատարուի միջազգային գործողութիւններու ձեռնարկելու , այս խախտումները վերացնելու համար՝ ընդգծելով տեղահանուած հայ բնակչութեան աջակցելու անհրաժեշտութիւնը։ Զեկոյցը նաեւ կը շեշտէ, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու եւ Ատրպէյճանի մէջ հաստատութենական խտրականութեան հետ միատեղ, շարունակական վտանգ կը ներկայացնէ արցախահայութեան համար եւ կ՛ընդգծէ միջազգային միջամտութեան հրատապութիւնը՝ կանխարգելելու համար հետագայ վայրագութիւնները եւ աջակցելու հայերուն իրաւունքներուն եւ ժառանգութեան վերականգման։