Հ.Յ.Դ. Հ․Ե․Մ․–ի Բանակումը` «Վերադարձ Արմատներուն» Նշանաբանով

0 0
Read Time:1 Minute, 32 Second

Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի երիտասարդական միութեան այս տարուան բանակումը սկսաւ Օգոստոս 19-ին, Բիւրականի Գառնիկ Մկրտիչեանի անուան բանակավայրին մէջ, նշանաբան ունենալով` «Վերադարձ արմատներուն»-ը: Բանակումին մասնակցեցան մօտաւորապէս 350 երիտասարդներ` Հայաստանի զանազան մարզերէ, Երեւանէն, ինչպէս նաեւ` Արցախէն:

Բանակումին օրակարգը ընդգրկեց աշխուժ վարժութիւններ, արշաւներ, ֆիզիքական  պատրաստութեան աշխատանքներ եւ զանազան նիւթերով դասախօսութիւններ:

Բանակումի առաջին բանախօսն էր պատմաբան, Հ․Յ․Դ․ Հ․Ե․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ անդամ Արթուր Ղազարեան, որ բանակողներուն խօսեցաւ ազգային գաղափարախօսութեան եւ Հայոց պատմութեան մէջ Հ․Յ․Դ․-ի ունեցած դերակատարութեան մասին:

Հ․Յ․Դ․ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի հետ երիտասարդները քննարկեցին Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւնները, ներկայ մարտահրաւէրները եւ անոնց վերաբերեալ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը:

Հ․Յ․Դ․ Հ․Ե․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ անդամ Արշակ Մեսրոպեան բանակումի մասնակցողներուն ներկայացուց «Նեմեսիս» գործողութիւնը եւ գործողութեան պատասխանատուներուն դերակատարութիւնը:

Յաջորդ դասախօսն էր Ժիրայր Պէօճեքեանը, որ բանակումի մասնակիցներուն խօսեցաւ ապագայի պատերազմի, արհեստագիտութիւններու նոր անվտանգային սպառնալիքներու մասին:

Զինեալ պայքարի եւ յեղափոխականութեան մասին խարոյկի շուրջ զրուցեցին Համբիկ Սասունեանը եւ Մուրատ Թոփալեանը:

Բանակումին հինգերորդ օրը` օգոստոս 25-ին, արցախեան ազատամարտի, անոր կազմակերպման եւ յաղթանակի մասին պատմեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ, «Կամաւորական շարժում» կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեանը:

Բանակումին մասնակիցները հանդիպեցան նաեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար, իրանագէտ Սարգիս Մկրտչեանի հետ: Ան պատմեց դաշնակցական երիտասարդին կատարելիքներուն մասին:

Բանակողները հանդիպեցան եւ տեսերիզ դիտելու ժամ ունեցան  «Կամաւորական շարժում» կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ Արտաշէս Մխիթարեանին հետ:

Երեկոյեան կայացաւ բանակումի բաց դռներու միջոցառում, որուն ծիրին մէջ երիտասարդները ցուցադրեցին բանակումի ընթացքին իրենց իւրացուցած հմտութիւնները: Միջոցառման ներկայ գտնուեցան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները: Խարուկահանդէսը իր աւարտին հասաւ երաժիշտ, երգիչ Աբօ Սահակեանի ազգային երգերու մեկնաբանութեամբ:

 

Օգոստոս 26-ին, աւարտեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Վերադարձ արմատներուն» խորագիրը կրող բանակումը: Շաբթուան մը ընթացքին աւելի քան 300 երիտասարդներ հմտացան ազգային գիտելիքներով, մարզուեցան եւ զօրացուցին իրենց կամքը: Բոլորն ալ միակամ էին, որ հայ երիտասարդը ընելիք ունի եւ ամէն օր պիտի պատրաստուի պայքարի` յանուն Հայաստանի եւ Արցախի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles