Մուսա Լերան Վաքըֆ Գիւղի Եկեղեցին Վերաբացուեցաւ

0 0
Read Time:1 Minute, 2 Second

Շաբաթ, 17 Օգոստոսին, Սուրբ Աստուածածինի Վերափոխման տօնի նախօրեակին՝ Հաթայի Մուսա լերան Վաքըֆ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վերաբացուեցաւ, ձեռամբ Սահակ Բ. պատրիարքին։ Եկեղեցին երկրաշարժէն վնաս կրած էր։

Նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքները աւարտած էին։ Պաշտամունքի արարողութեան մասնակցեցան Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան, լուսարարապետ Տրդատ Ա. քհնյ. Ուզունեան, Հաթայի հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան, Ասորի ուղղափառ եկեղեցիէն Պարնապաս հիմնարկի նախագահ Փաթրիք արք. Սուխտէօ եւ այլ ուխտաւորներ:

Եկեղեցւոյ զանգակին ղօղանջով սկսաւ նորոգեալ եւ բարեզարդեալ եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը: Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն ետք, Սահակ պատրիարքը Սրբալոյս միւռոնով օծեց աւագ խորանը եւ տէրունական սրբանկարը, խորհրդանոցները, իսկ Յովակիմ սրբազանը օծեց Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողոմէոս առաքեալներուն ձօնուած քովնտի սեղանները եւ մկրտութեան աւազանը, ապա պատրիարքին գլխաւորութեամբ թափորը դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ Յովակիմ սրբազանը տեղւոյն հրշէջ գունդին յատուկ ինքնաշարժին վերելակով բարձրացաւ աղօթատան գագաթը, եւ Սուրբ Միւռոնով օծեց գմբէթին եւ զանգակատան խաչերը:

Օծման արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւնը եւ Սուրբ Աստուածածինի Վերափոխման տօնին նախատօնակը։

Արարողութեան աւարտին խօսեցաւ Սահակ պատրիարքը, որ անդրադարձաւ 6 Փետրուարի Հաթայի երկրաշարժին եւ շտապ օժանդակութեան։ Յաւարտ պատարագի, եկեղեցւոյ դռան առաջ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Ապա թափօրը յառաջացաւ հարիսայի կաթսաներուն քով, ուր կատարուեցաւ հարիսայի օրհնութիւնը: Եկեղեցական հանդիսութիւններէն ետք, երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի անունին ձօնուած մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշ, ապա նոյն գիշերը սարքուեցաւ հրաժեշտի ընթրիք:

*

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles