Լուքաշենքոյի Հակահայ Արտայայտութիւնները

0 0
Read Time:41 Second

ՄԻՆՍՔ․- Պելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ «Ռուսիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անգամ մը եւս հակահայ յայտարարութիւններ ունեցաւ, յայտնելով, որ յետ-խորհրդային կարգ մը երկիրներ կը ձգտին շահ ստանալ Ռուսիայէն՝ փոխարէնը ոչինչ առաջարկելով։

Ան պնդեց, որ այս իրավիճակը չի կրնար շարունակուիլ։  «Եկէք միասին ըլլանք։ Շատ հեռու չէ այն ժամանակը, երբ ստիպուած պիտի ըլլաք դիմելու Ռուսիոյ՝ աջակցութեան համար։ Ճգնաժամի պարագային, ինչպէս եղաւ Ղազախստանի մէջ, բոլորը կը դիմեն Փութինի օգնութեան։ Եւ մենք (ՀԱՊԿը) արագ արձագանգեցինք՝ հոն ուղարկելով ուժեր եւ հանդարտեցնելով անկարգութիւնները», նշեց Լուքաշենքօ։

Ան անգամ մը եւս անընդունելի եւ կոպիտ արտայայտութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի հասցէին՝ ըսելով. «Մեզմէ բացի որոնց պէտք են հայերը»։ Ոչ ոքի։ Թող զարգացնեն իրենց տնտեսութիւնը եւ կողմնորոշուին իրենց միջոցներով։ Ի՞նչ Ֆրանսա կամ Մաքրոն։ Վաղը ան չ՛ըլլար, եւ բոլորը կը մոռնան Հայաստանը»։

Լուքաշենքօ նաեւ լուսարձակի տակ առաւ տնտեսական կապերու պահպանման կարեւորութիւնը յետխորհրդային տարածքին մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles