ԱմերիկահայԼրահոս

ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ՇՈՒՇԱՆԻԿ» ՃԱՄԲԱՐԸ

Նիւ Ճըրզիի (Ռիճֆիլտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ այս տարուան «Շուշանիկ» ամառնային ճամբարը սկսաւ Երկուշաբթի, Օգոստոս 12-ին եւ տեւեց մինչեւ Ուրբաթ, Օգոստոս 16։

Այս տարի ճամբարը ունէր 65 մասնակիցներ, որոնց ընկերացան 30 հոգինոց անձնակազմ մը։ Դժբախտաբար15 հոգի սպասման ցուցակի մէջ մնացին եւ չկրցան մասնակցիլ։ Երեքշաբթի, Օգոստոս 13-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելութիւն մը տուաւ ճամբարին, ուր հանդիպեցաւ մասնակիցներուն եւ ուսուցիչներուն, եւ քաջալերեց տարուող աշխատանքները։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button