Արդեօք Փաշինեան Պէ՞տք Է Մեկնի Պաքու՝ Ալիեւի Հրաւէրով Մասնակցելու Միջազգային Համաժողովին

0 0
Read Time:3 Minute, 59 Second

Յարութ Սասունեան

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ 21 Յուլիսին յայտարարեց, որ Հայաստան պաշտօնապէս հրաւիրուած է Պաքուի մէջ 11-22 Նոյեմբերին կայանալիք Կլիմայի փոփոխութեան հարցերով ՄԱԿ-ի միջազգային համաժողովին (COP29): Հաճիեւ ըսաւ, որ հրաւէրը Ատրպէյճանի բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարար Մուխթար Պապաեւի կողմէ ուղարկուած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան։ Թէեւ ՄԱԿ-ի բոլոր անդամները ուղղակի կերպով կը հրաւիրուին, Հաճիեւ այնպէս ներկայացուց, կարծես Ատրպէյճան յատուկ բարեհաճութիւն ըրած է Հայաստանի՝ հրաւէրը որակելով իբրեւ «բարի կամքի դրսեւորում եւ ներառական մօտեցում երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պարագային»: Հաճիեւ աւելցուցած է. «Հիմա ժամանակն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները որոշում կայացնեն»։

Հայաստանի պաշտօնեաները տակաւին պաշտօնական պատասխան չեն տուած հրաւէրին։ Անոնք խուսափողական երկու մեկնաբանութիւն ըրած են․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի խօսնակը ըսաւ՝ «նման այց  նախատեսուած չէ վարչապետի աշխատանքային օրակարգին մէջ», իսկ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարին խօսնակը լրագրողներուն ըսաւ, որ «հարցին անդրադարձ ըլլալու պարագային կը տեղեկացնենք»։

Պաքուն կը պնդէ, որ այդ առիթով 70-80 հազար զբօսաշրջիկ կ՛այցելէ Պաքու։ Կը սպասուի, որ համաժողովին մասնակցին հազարաւոր լրագրողներ, միջազգային բնապահպանական կազմակերպութիւններու պատուիրակներ, տարբեր կառավարութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ տասնեակ պետութիւններու ղեկավարներ, ամբողջ աշխարհէն: Աշխարհի 198 երկիր ստորագրած է Կլիմայի փոփոխութեան մասին համաձայնագիր։

7 Դեկտեմբեր 2023ին, Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը եւ Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմը միացեալ յայտարարութիւն տարածած էին, ուր կը բացայայտուէր, որ Կլիմայի համաժողովը հիւրընկալող Ատրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի վեթոյի իրաւունքը չկիրառելու դիմաց՝ Ատրպէյճան ազատ կ՛արձակէ 32 հայ ռազմագերիները, որոնք կը պահուէին Պաքուի բանտերուն մէջ, իսկ Հայաստան իր հերթին ազատ կ՛արձակէ երկու ատրպէյճանցի զինուորներ, որոնք գերի ինկած էին Հայաստանի սահմանը հատելէ եւ հայ քաղաքացի մը սպաննելէ ետք։ Աւելին, Ատրպէյճան համաձայնած է աջակցիլ Հայաստանի թեկնածութեան Արեւելեան Եւրոպայի խումբին՝ COP29-ի Բիւրոյի կազմին մէջ: Այդ ատեն ես գրեցի, որ նախագահ Ալիեւ այնքան տարուած է Պաքուի մէջ այս միջազգային հեղինակաւոր համաժողովի կայացման գաղափարով, որ Հայաստան պէտք է պնդէր, որ Ատրպէյճան ազատ արձակէ 2020ի պատերազմէն ետք Պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիները, ինչպէս նաեւ՝ Սեպտեմբեր 2023էն ի վեր պահուող Արցախի ութ բարձրաստիճան պաշտօնեաները։

Վերջին ամիսներուն, քանի մը միջազգային հաւաքներու ժամանակ նախագահ Ալիեւ յոխորտացած է, որ Ատրպէյճան կը հիւրընկալէ COP29 համաժողովը՝ այդ վերագրելով «իր երկրի նկատմամբ միջազգային յարգանքի աճով՝ երկուքուկէս ամիս անց» անոր կողմէ Արցախի բռնագրաւումէն եւ ցեղային զտումներէ ետք։ «COP29-ն նախագահելը եւ այս ձեռնարկի կայացումը Պաքու, վառ օրինակներ են այն մեծ վստահութեան, որ միջազգային հանրութիւնը կը տածէ մեր երկրին նկատմամբ։ Գրեթէ 200 երկիր միաձայն պաշտպանած է մեր թեկնածութիւնը», հպարտացած է Ալիեւ։

Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ Փաշինեան Բաքուի մէջ կայանալիք COP29 համաժողովին մասնակցելու Ատրպէյճանի հրաւէրին կ՛անդրադառնայ Օգոստոսին կայանալիք մամուլի ասուլիսի ընթացքին։

Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները  ակնարկած  են, որ Պաքուի մէջ Նոյեմբերին կայանալիք համաժողովի ընթացքին կրնայ ըլլալ, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ նախնական համաձայնագիր մը ստորագրեն, որ կը նախանշէ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիրի հիմնական սկզբունքները: Հաճիեւ  կը ծանուցէ «COP զինադադար»ի գաղափարը՝ համաժողովի ընթացքին դադրեցնելու բոլոր ռազմական գործողութիւնները ամբողջ աշխարհի վրայ՝ նման «Ողիմպիական զինադադար»ի հայեցակարգին՝ խթանելու համար Ատրպէյճանի կեղծ պատկերը՝ իբրեւ խաղաղարար։ Մայիսի վերջին, նախագահի յատուկ բանագնաց Էլչին Ամիրբեկով նշած է, որ համաժողովը կրնայ լաւ հնարաւորութիւն ըլլալ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար։

7 Մայիսին կայացած մամուլի ասուլիսին, Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւան համաձայն է՝ մինչեւ Նոյեմբեր Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու: Այսուհանդերձ, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը 19 Յունիսին նախզգուշացուց, որ «Ատրպէյճան կ՛ընէ կարելի ամէն բան՝ Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ COP29 գագաթաժողովին, Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման գործընթացը վիժեցնելու համար՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դեմ նոր յարձակում սանձազերծելու նպատակով»։

Յայտնի չէ, թէ Օգոստոսին ի՛նչ պիտի յայտարարէ Փաշինեան՝ Նոյեմբերին կայանալիք Պաքուի համաժողովին իր հնարաւոր մասնակցութեան կապուած։ Սակայն, իմ կարծիքով, Փաշինեան պէտք է խուսափի՝ Հայաստանի հաշուոյն համաշխարհային լսարանի առջեւ պարգեւային միաւորներ ձեռք բերելու նպատակով Ալիեւի ստեղծած ծուղակը իյնալէն՝ ցուցադրելով Փաշինեանի կամ անոր ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը Պաքուի համաժողովին։ Ասիկա լուրջ ձեռքբերում  կ՛ըլլայ Ալիեւի համար՝ հանդէս գալով իբրեւ խաղաղարար, միաժամանակ շարունակելով  յաճախակի  սպառնալիքներ հնչեցնել Հայաստանի հասցէին եւ մեծցնելով Հայաստանէն զիջումներու իր պահանջները: Աւելին, խաղաղութեան պայմանագիրի քողի տակ, թուղթի տակ ստորագրելը չի ​​խոչընդոտեր Ալիեւը՝ Հայաստանի վրայ հետագայ յարձակումներէն:

Կը կարծեմ, որ ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ պէտք է նոյնիսկ մտածէ Պաքու մեկնելու մասին, քանի դեռ Ատրպէյճան կը պահէ տասնեակ հայ ռազմագերիներ եւ 2021էն բռնագրաւած է Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ հատուածներ: Ատրպէյճանի կողմէ առանց բոլոր հայ բանտարկեալներու նախապէս ազատ արձակման եւ Հայաստանի տարածքներէն Ատրպէյճանի դուրս գալուն, ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ պէտք է երթայ Ատրպէյճան եւ ոչ իսկ հանդիպում ունենայ կամ բանակցութիւն վարէ Պաքուի հետ:

Նուազ բաղձալի այլընտրանք կ՛ըլլայ, որ Փաշինեան կամ իր ներկայացուցիչը մեկնի Պաքու եւ պահանջէ ելոյթ ունենալ  198  երկիրներու միջազգային համաժողովին՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի բազմաթիւ սպառնալիքները՝ ներխուժելու Հայաստան, Արցախի բռնագրաւումը, 120 հազար արցախահայերու ցեղային զտումները, մերժումը՝ միջազգային երաշխիքներով անոնց վերադարձը իրենց պապենական հայրենիք, բոլոր հայ ռազմագերիները ազատ չարձակելը եւ ատրպէյճանական զօրքերը Հայաստանէն դուրս չհանելը։

Այսուամենայնիւ, մեծ հաւանականութիւն կայ, որ Ատրպէյճան կրնայ վերջին պահուն հրաժարիլ իր խոստումէն՝ թոյլ չտալով Հայաստանի ներկայացուցիչին՝ ելոյթ ունենալ համաժողովին: Հայաստանի համար շատ աւելի լաւ տարբերակ կ՛ըլլար հրաժարումը համաժողովին մասնակցելէ, այնքան ատեն, որ համաժողովէն առաջ, Ատրպէյճան ազատ չէ ձգած հայ ռազմագերիները եւ իր զօրքերը դուրս չէ բերած Հայաստանէն:

 

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles