«ԿԱՆԱՉ ԼՈՅՍ» ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐ ԳՈՐԾՈՂՆԵՐՈՒ

0 0
Read Time:5 Minute, 19 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

29 Յուլիս 2024

 

Մաժտալ Շամս աւանին վրայ անցեալ շաբաթավերջի հրթիռային մահսփիւռ յարձակումը իր դիմաց գտաւ հակաճառութիւններ, մեղադրանքներու եւ սպառնալիքներու փոխանակման ալիքներ, որոնք պահ մը «խառնաշփոթ պատկեր» մը ստեղծեցին: Սակայն մէկ բան յստակ է. Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու Ուաշինկթընէն վերադարձած է նոր «կանաչ լոյս»-ով մը, որպէսզի անխափան հարստացնէ պետական ոճիրներու իր վաստակը:

1967-ին Սուրիայէն գրաւուած Կոլանի արեւելեան ծայրամասին գտնուող Մաժտալ Շամս աւանը, որ տիւրզիաբնակ է, ակնթարթի մը մէջ դարձաւ միջազգային լրատու աղբիւրներու եւ մեկնաբաններու մեկնաբանութիւններուն ու արձագանգներուն մէկ կիզակէտը: Իսրայէլի մեղադրող մատը ուղղուեցաւ «Հըզպալլա»ին դէմ եւ ահա, արեւմտեան աշխարհը միաձայնութեամբ քուէարկեց Նեթանիահուի կողքին (ինչպէս կ’ընեն ՔՊ-ականներ եւ համակիրներ՝ Փաշինեանի բոլոր ցնդաբանութիւններուն ի լուր): «Հըզպալլա» մերժեց ընդունիլ մեղադրանքը, եւ իրաւունք ալ ունի (այս տողերը «Հըզպալլա»-ի պաշտպանելու նպատակ չեն հետապնդեր, որովհետեւ այս ռազմաքաղաքական կուսակցութիւնը ինքզինք քաղաքականապէս ու զինուորապէս պաշտպանելու ձեւերը գիտէ): Փաստօրէն, ամէնէն ծանծաղամիտ մօտեցումն ալ պիտի հաստատէ, որ Իսրայէլի դէմ պատերազմող այս կազմակերպութիւնը ո՛չ մէկ շահ ունի Մաժտալ Շամսը կամ նման շրջաններ ռմբակոծելու մէջ, Մաշտալ Շամսը չի գտնուիր Հարաւային Լիբանանով պատկերուող ճակատումի «աւանդական դաշտ»-ին մէջ, մինչդեռ Իսրայէլի վաղեմի վարքագիծին մաս կը կազմէ ստեղծել թակարդներ, որոնք հակադրութիւն, մինչեւ իսկ թշնամանք ստեղծել դրացի երկիրներու ներքին ճակատներու վրայ, ու երբեմն ալ յաջողած է: Կարելի է բազմաթիւ օրինակներ յիշատակել, բաւականանանք մէկով. 1983-ին, երբ Իսրայէլեան բանակը քաշուեցաւ Լեռնալիբանանէն, ահաւոր բախումներ տարածուեցան Ալէյէն դէպի հարաւ ու արեւելք (եւ այլ) գօտիներու մէջ: Արեւմտեան մամուլի թղթակիցներ իսկ վկայեցին, որ քաշուող ուժերը հաւասարապէս ռմբակոծած էին լիբանանեան հակադիր ուժերու դիրքերը եւ նոր վառելանիւթ հասցուցած՝ 1975-ին պայթած եղբայրասպան պատերազմի հնոցին (պատմութիւնը անկէ ետք ալ բաւական երկարեցաւ ու ծանօթ է բոլորին):

Դրական կէտ մըն էր այն, որ լիբանանեան գրեթէ բոլոր առնչակից կողմերը միաձայնութեամբ հակազդեցին իսրայէլեան մեղադրանքներուն, շեշտեցին լարուած թակարդին մէջ չիյնալու հրամայականը եւ մասնաւորապէս Իսրայէլի հովանաւորներուն կոչ ուղղեցին հակակշիռի տակ պահելու կացութիւնը, չարտօնել յաւելեալ վատթարացում:

Իսրայէլեան մեղադրանքները կարելի է դիտել աւելի լայն օղակներու մէջ. Իսրայէլ յաճախ կը ռմբակոծէ սուրիական քաղաքներ, կը հասնի Հալէպ ու անդին եւ կը մնայ անպատիժ-անարձագանգ. Իսրաէյի օդուժը կը հասնի մինչեւ Իրան կը կը գտնէ քաջալերանք: Պէտք ունի՞նք օղակները տարածելու մինչեւ Եմէն ու այլուր…

 

ԹՈՒՐՔԻԱ՝ «ՁԿՆՈՐՍ»

Ուշագրաւ էր Թուրքիոյ արձագանգը: Համաձայն վերջին տարիներու իր խաբեպատիր աւանդութեան, Թուրքիոյ նախագահը դարձեալ հրապարակ եկաւ Իսրայէլը քննադատողի պատմուճանով, մինչեւ իսկ սպառնաց յարձակում գործել Իսրայէլի վրայ, այնպէս՝ ինչպէս «մուտք գործած էր Լիպիա ու Լեռնային Ղարաբաղ»: Այդ ինչպէ՜ս եղաւ, որ Էրտողան մոռցած է Կիպրոսը (50 տարի առաջ էր), Սուրիան, Իրաքը եւ այլ երկիրներ…:

Չ’արժեր երկար կանգ առնել Էրտողանի յայտարարութեան վրայ, այլ կը բաւականանանք նշելով, որ իր կարգին Արեւմուտքի դաշնակից Էրտողան՝ Իսրայէլն ու հիթլէրական Գերմանիան կանխած է ցեղասպանական իր փաստուած ոճիրներով, իսկ «Ղարաբաղ մտանք»-ը նորագոյն խոստովանութիւն մըն է, թէ 44-օրեայ պատերազմին ղեկավարը ի՛նք էր (վայելելով իր դաշնակիցներուն համամտութիւնն ու լուռ մեղսակցութիւնը): Մէկ խօսքով, կարելի չէ ու պէտք չէ հաւատք ու արժէք տալ մէկ կողմէ՝ Իսրայէլի հակադրուելու կամ բառակոյտերվ սպառնալու, իսկ միւս կողմէ (իբրեւ թէ) Ատրպէյճանը զայրացնելու անոր ընթացքին (իմացա՜նք, որ Ատրպէյճան վրդովեր է Էրտողանի յայտարարութենէն եւ պնդեր է, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը չէր այն՝ ինչ որ կը խոստովանի Էրտողան):

 

ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՊԱՀԸ

Ինչպէս ուշագրաւ այս կամ այն դէպք-զարգացում՝ նոյնպէս ալ Մաժտալ Շամսի արիւնալի դէպքը ընտրեալ պահու մը իրականացաւ: Վերը նաեւ ակնարկեցինք, որ արձագանգները «աղոտ պատկեր» ստեղծեցին:

Բառերը ջակերտեցինք, որովհետեւ պատկերին մէջ աղոտ ոչինչ կայ, եթէ պարզ աչքերով դիտենք եւ բաց ուղեղով-ականջներով լսենք արձագանգները: Երբ Արեւմուտքն ու իր քարոզչական մեքենան միաձայնութեամբ կը ձայնակցին Իսրայէլի, կը ստեղծուի ինքզինք մատնող պատկեր: Աւելին, ոեւէ մէկուն ուշադրութենէն չի վրիպիր, որ Նեթանիահու յարմար պահը ընտրած էր Ուաշինկթըն այցելելու, երբ նախագահական ընտրապայքարը մեծ ցնցումներ մը կ’ապրէր. (ընտրապայքարէն արդէն իսկ դուրս եկած) Պայտընի վարչամեքենան վերջին շրջանին (իբրեւ թէ) ճնշումներու տակ կ’առնէր Նեթանիահուն, պահանջելով, որ սանձէ Կազայի վրայ յարձակումները, որոշ սահմաններ չանցնի, կասեցնէ ջարդը: Եւ ի՞նչ պատահեցաւ Ուաշինկթընի մէջ ու այլուր: Ամերիկեան խորհրդարանին մէջ, պետական ոճրագործը (սա Միջազգային Ատեանին գրեթէ բառացի որակումն է) դիմաւորուեցաւ յոտնկայս եւ կրկնուղ ծափահարութիւններով, հոգ չէ թէ դեմոկրատները փորձեցին (իբրեւ թէ, կրկնենք) հեռաւորութիւն պահել ցնծագին արտայայտութիւններէն: Փաստը կը մնայ փաստ: Թէ՛ հանրապետականները, թէ՛ դեմոկրատները «նրբերանգային տարբերութեամբ» հրապարակ եկան նոյն կեցուածքներով, թէ՝ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան (հոգ չէ թէ շուրջ 40 հազար կազացի, մեծ մասամբ մանուկներ, կիներ եւ պարզ քաղաքայիններ ջարդուած են ու ամբողջ քաղաքներ աւերուած), Ուաշինկթըն անվերապահ կերպով պիտի կանգնի Իսրայէլի կողքին, պիտի շարունակէ զինել զայն (նաեւ ուրիշ բաներ): Ամերիկացիք նաեւ շարունակեցին ու կը շարունակեն թութակել, որ «Հըզպալլա»ն ու «Համաս»ը ահաբեկիչներ են (անոնց բառամթերքին մէջ հայրենիք պաշտպանողը կարճ-կտրուկ ահաբեկիչ է), Սուրիան ու Իրանն ալ պէտք է խորտակել եւ այլն:

Մէկ խօսքով, նախագահական ընտրապայքարները պարզապէս աշխարհին աչքին փոշի ցանելու կը ծառայեն, որովհետեւ այդ փոշիի պատէն անդին, Ուաշինկթընի – եւ այլոց – ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ ԷԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ԿՐԵՐ, այնքան ատեն, որ ռազմավարական շահերն ու հաշիւները ըստ ամենայնի կը մնան անփոփոխ:

Ահա թէ ինչո՛ւ Նեթանիահուի Ուաշինկթըն այցելութիւնը կը դիտենք իբրեւ «կանաչ լոյս»-ի սատացման նոր առիթ: Այլ խօսքով, ՈւաշինԿթընի եւ անոր հլու կամակատարներուն աչքին, պետական ոճիրներ գործող Իսրայէլը, Թուքիան, Ազրպէյճանը եւ նմաններ ահաբեկիչ չեն. անոնք մինչեւ այսօր ալ չեն ուզեր լսել-տեսնել այն փաստերը, թէ Թուրքիա ահաբեկչական խմբաւորումներ զինեց ու ղրկեց Արցախ, նոյնը կ’ընէ Սուրիոյ մէջ եւ այլուր, իսկ իրենց պապենական հողը պաշտպանող պաղեստինցիները, լիբանանցիները, հայերը, քիւրտերն ու արաբական այլ երկիրներ «չարագործներ» են…

 

ՀԱՅ-ԹՈՒՐՔ «ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ»

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի այս հոգեհարազատութիւնն ու ոճրածին իրերանման վարմունքը չեն ուզեր տեսնել Երեւանի իշխանաւորները, որոնք ոգի ի բռին կը վազեն Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւն հաստատելու երազին ետեւէն, կը յայտարարեն, որ յանձնառու կը մնան խաղաղութիւն հաստատելու խոստումին: Արցախի մասին Էրտողանի աղաղակող խոստովանութիւնն իսկ չի սթափեցներ ՔՊ-ականները, որպէսզի առիթը օգտագործեն՝ այդ խոստովանութիւնը գործի լծելու նոր օրերու «սուլթան»ին դէմ…

Որո՞ւ հոգը, թէ Էրտողան կը յոխորտայ թէ «Լեռնային Ղարաբաղ մտանք» (բայց չէ՞ որ Փաշինեան եւ «քալողները» պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ Արցախը եւ Հայաստանէն մասնիկներ Ազրպէյճանի կը պատկանին), խանգարուած ձայնապնակի պէս կը կրկնէ, թէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան ճամբան կ’անցնի Պաքուէն, այսինքն՝ անոր ամենայետին պահանջներուն իրականացումէն (իսկ ամենայետինը… Հայաստանի վրայ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» կնիքը զարնելն է): Իշխանապետը ունի նոր կարգախօս՝ «կեցցէ հեծիկը»(*): Եթէ նո՛յն պարզ աչքով դիտենք Էրտողանի ու Նեթանիահուի ըրածներն ու յոխորտանքները, որեւէ շփոթ չի մնար, այլ յստակ կ’ըլլայ, որ երկուքն ալ հաւասարապէս «կանաչ լոյս» ունին Արեւմուտքէն եւ այլ ուժերէ, այնքան ատեն, որ լծակից են անոնց շահերուն, իսկ Երեւանի իշխանաւորները յամառօրէն կը շարունակեն բարեկամ-դաշնակից վանելու եւ օդի արժէք իսկ չունեցող չուաններէ կախուելու «քաղաքականութեան»:

…Իսկ թէ պետական ոճիրներէն վնասուողները ինչո՞ւ անկարող կը մնան ձեռքերը միացնելու եւ հակակշումի ճիգ ընելու, որպէսզի ոճրագործ իշխանութիւններուն դէմ այլեւս կարմիր լոյս վառող ըլլայ՝ ատիկա բոլորովին այլ հարց է, լացնելու չափ խորունկ հարց…

 

(*) Կ’ըսուի, թէ Եւրոպա շրջապտոյտին՝ Փաշինեան  հեծիկը հետը տարեր էր, որպէսզի Ֆրանսայի շրջավազքին կամ Ողիմպիականներուն մասնակցի, սակայն հոն զինք ծափահարող ՔՊ-ամիտներ չէ գտեր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles