Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կայացաւ երկրին Ազգային Ապահովութեան խորհուրդի նիստը, որուն կապակցաբար, թրքական լրատու աղբիւրներ հաղորդած էին, որ պիտի քննարկուի հայեւատրպէյճանական յարաբերութիւններն ու խաղաղութեան համաձայնագիրը։
Սակայն նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ոչ մէկ խօսք եղաւ հայեւատրպէյճանական յարաբերութիւններուն եւ հարաւային կովկասեան իրադրութիւններուն մասին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Թուրքիոյ Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդը կամ չէ քննարկած հայեւատրպէյճանական թղթածրարը, կամ ալ քննարկած է, բայց չէ ուզած հրապարակում կատարել։Հաղորդուեցաւ, որ քննարկուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդիրները եւ ռուս-ուքրանական պատերազմը, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր։
*
Ռուսեւթրքական միացեալ ջոկատներ շրջագայութեան հսկողութիւններու պիտի վերսկսին Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան Իտլիպ շրջանին մէջ՝ Դամասկոս- Անգարա համակարգումի մը ծիրին մէջ, որուն նպատակն է հսկել միջազգային Էմ-4 մայրուղիին ապահովութեան։ Մայրուղին, որ նաեւ Հալէպ- Հասաքէ մայրուղի ճանչցուած է, 30 քիլոմեթր երկարութիւն ունի՝ Թուրքիոյ հարաւային սահմանէն սկսեալ։
Մայրուղիին վրայ հսկողութեան վերսկսման նպատակն է զայն բանալ հանրութեան դիմաց։Անոր նպատակներէն է նաեւ հսկել ահաբեկչական խմբակներու գործունէութիւններուն վրայ։
Սուրիա եւ Թուրքիա խոր տարակարծութիւններ ունեցան Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին տարիներուն, երբ թուրքերը զօրավիգ կանգնեցան սուրիական ընդդիմադիր խմբակներու եւ հատուածներու։ Վերջերս Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պատրաաստակամութիւն յայտնեց՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու վերաբերեալ։ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարեց, որ կրնայ որեւէ պահու նախագահ Ասատը հրաւիրել՝ յարաբերութիւններու վերադասաւորման նպատակով։
*
Մ.Ա.Կ.-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ահմէտ Եըլտըզ զգուշացուց, որ Սուրիոյ մէջ գործող «ահաբեկչական հատուածներ» օրինական կուսակցութիւններ պէտք չէ համարուին։Ան կ՛ակնարկէր Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը եւ նեցուկը վայելող քրտական հատուածներու, որոնք ըստ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն,Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան յարող խմբակներ են։ՔԱԿ Թուրքիոյ եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը ճանչցուի։
Թուրք դեսպանը նաեւ յայտարարեց ,որ Սուրիոյ մարդասիրական իրավիճակը քաոսային է, աւելցնելով,որ շուրջ 16 միլիոն բնակիչներ, որոնք ընդհանուր բնակչութեան 70 առ հարիւրը կը կազմեն, կարիքը ունին մարդասիրական օժանդակութիւններու,որպէսզի կարենան գոյատեւել։Այս թիւին մէկ քառորդը կ՛ապրի հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ։Թուրք դեսպանին համաձայն, Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան եւ քաղաքական միասնութեան պահպանումը չափազանց կարեւոր են երկրին ապագային համար։
Տեղին է նշել,որ վերջին շրջանին Սուրիա – Թուրքիա մերձեցման ճիգեր կը թափուին։ Որոշ լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, Ասատ- Էրտողան հանդիպումը կրնայ գալ ամիս տեղի ունենալ՝ Մոսկուայի մէջ։
*
Եւկենի Սերեպրիաքով,որ կը գտնուի Մոսկուայի մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը կազմակերպած ըլլալու մեղադրանքին տակ, ձերբակալուեցաւ Թուրքիոյ Մուղլա նահանգի Պոտրում ծովեզերեայ շրջանին մէջ։
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա յայտարարեց, որ Ռուսիոյ ոստիկանութիւնը կապ հաստատած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող Ինթըրփոլի եւ Եւրոփոլի պաշտօնատարներուն հետ՝ տեղեկացնելով,որ Սերեպրիաքով Թուրքիա ժամանած է՝ Մոսկուա- Պոտրում թռիչքով։Թուրք ոստիկաններ խուզարկութիւններէ ետք յաջողեցան մեղադրեալը ձերբակալել։
Մոսկուայի մէջ պատահած ինքնաշարժի պայթումը անցեալ շաբաթ երկու վիրաւոր պատճառած էր։
*
Թրքական իշխանութիւնները կրկնեցին իրենց այն համոզումը, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կրնայ միջազգային ատեանի մը կողմէ դատուիլ, իսրայէլացի պաշտօնատարի մը կողմէ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցի մը վրայ կատարած գրառումէն ետք։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քած Էքս հարթակին վրայ գրած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան զէնք կը հայթայթէ Համասի, որպէսզի զինեալները իսրայէլացիներ սպաննեն։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ապարդիւն պիտի մնան Թուրքիան եւ թրքական իշխանութիւնները անուանարկող փորձերը։Տեղին է նշել, որ նախապէս Թուրքիա յայտնած էր իր մտադրութիւնը՝ միանալու Հարաւային Ափրիկէի, որ Միջազգային Ոճրադատ ատեանին մօտ Իսրայէլի դէմ դատ բացած է՝ պաղեստինցիներուն դէմ ցեղասպանութիւն գործելու մեղադրանքով։
*
Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Պուրհանէտտին Տիւրան տեսակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճեֆրի Ֆլէյքի հետ, որ իր առաքելութիւնը աւարտած ըլլալով, մէկ սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներ պիտի վերադառնայ։Ան երեք տարի վարեց Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը, զոր ստանձնեց Թուրքեւամերիկեան բաւական լարուած յարաբերութիւններու հանգրուանի մը։ Քննարկման առարկայ դարձան թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններուն օրակարգին կապուած հարցեր եւ խնդիրներ։