Ա.Ա.
Յուլիս, 1989։ Օր մը, առաջին անգամ ըլլալով ոտք կոխեցի «Ազդակ»-ի յարկէն ներս։ Խմբագրատունը կը գտնուէր Շաղզոյեան մշակութային կեդրոնի կիսայարկին մէջ, որ առաջին յարկէն կէս յարկ վար գտնուող տարածք մըն էր։ Ներկայացայ լուրերու խմբագիրներու սենեակը, ուր կողք կողքի շարուած էին գրասեղաններ, որոնց ետին ծանօթ դէմքեր նստած, կը գրէին։ Զոյգ շարքին դիմաց առանձին գրասեղան մը՝ ետին նստած կիսաճաղատ, սեւ շրջանակով ակնոցներով մարդ մը, զոր բարեւեցի։ «Նստէ», ըսաւ շատ լակոնական եւ հարցուց անունս եւ մականունս։ Ըսի եւ աւելցուցի, որ կ՛ուզեմ գիշերային գործ մը աշխատիլ «Ազդակ»-ի յարկին տակ։ Հարց տուաւ։ «Հայերէն գիտե՞ս»։ Պատասխանեցի, որ այո գիտեմ։ Փորձենք, պատասխանեց եւ ցոյց տուաւ թափուր գրասեղան մը։ «Նստէ եւ Սաութ Լըպնէնի լուրերը 15 վայրկեանէն կը սկսին։ Հետեւէ եւ քանի մը լուր՝ քու հայեցողութեամբդ հայերէնի թարգմանէ», ըսաւ եւ դուրս ելաւ սենեակէն։ Առաջին տպաւորութիւնս դրական չէր։Սակայն այդ ժամանակ չէի գիտեր, որ հետս խօսողը Ազդակի պատասխանատու խմբագիր, բոլորին սիրելի, լրագրութեան համեստ հրամանատար, սեւ գործի անզուգական անձնաւորութիւն Սագօ Մահսերէճեանն էր։
Տարիներու ընթացքին, «Ազդակ»-ի յարկէն ներս աշխատանքիս բնոյթը յաճախ փոխուեցաւ։Քանի մը տարի լիբանանեան լուրերուն սիւնակներուն մէջ Սագոյին անմիջական հսկողութեան տակ «մարզուելէ» ետք, անցայ ներքին էջերու խմբագրակազմի շարքերը։Այդ օրերուն Ազդակ բաժանորդագրուած էր «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան եւ ամէն օր, յօդուածի վերածուելու յարմարութիւններ ունեցող երկար տեղեկագրեր կը ստանայինք՝ տարբեր նիւթերու շուրջ, քաղաքականէն մինչեւ մշակութայինն ու մարզականը։ Բաւական հարուստ ընտրանի մը կ՛ունենայինք եւ ամէն առաւօտ երբ խմբագրատուն երթայի եւ ներքին էջերու խմբագրական սենեակ մտնէի, գրասեղանիս վրայ կը գտնէի Ռոյթըրզի մէկ տեղեկագիրը, զոր պէտք է թարգմանէի։ Յաճախ նոյն նիւթին շուրջ քանի մը տեղեկագրերու տրցակ մը դրուած կ՛ըլլար։ Այս պարագային պէտք է թարգմանէի եւ խմբագրէի՝ զանոնք մէկ ամբողջական յօդուածի մը վերածելու համար։Այս տարիներուն Սագոն մեծ համբերութեամբ եւ սիրով մեզի՝ քանի մը հոգի էինք, սորվեցուց, թէ ինչպէս կարելի է մէկ յօդուած ստեղծել՝ քանի մը տեղեկագրեր իրարու միացնելով։ Ասիկա խմբագրական աշխատանք կ՛ենթադրէր եւ պէտք էր ըլլալ համբերատար՝ հմտօրէն աշխատանքը գլուխ հանելու համար։ Ամէն օր կէսօրէ ետք, Սագոն զիս կը նստեցնէր դիմացը եւ կը բացատրէր, թէ թարգմանութեան ընթացքին հայերէն լեզուամտածողութեամբ ինչպէս կարելի է անգլերէնը հայերէնի վերածել, որ բաժինը առնել եւ որ բաժինը զանց ընել։ Մուտքը եւ վերջաբանը ինչպէս գրել, ինչու այդ բաժիններուն վրայ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել եւ խմբագրական այն բոլոր գաղտնիքները, որոնց փոխանցման համար՝ Սագոն ամէն օր առանց դժգոհելու մեզ ժամերով կ՛առնէր իր դիմացը ու կը բացատրէր եւ կը բացատրէր։ Այդ ժամանակ չէինք անդրադառնար, որ լրագրութեան ձրի դասընթացք մըն էր, որ կը տրուէր մեզի։ Տարիներու ընթացքին ձեռք բերուած հմտութիւնը բոլորս անխտիր կը պարտինք Սագոյին, առանց որուն համբերութեան, վստահ եմ,որ մեր խումբը հմտութիւն եւ գիտելիք ձեռք պիտի չձգէր։
Հապա յօդուածագրութիւ՞նը։ Ասիկա ուրիշ մարզ մըն էր, ուր երեւան կու գար սկզբունքներու եւ գիտելիքներու անսպառ աղբիւր մը եղող Սագոն։ «Ըսելիքդդ ըսէ։ Խուսափէ դարձդարձրիկ եւ խրթին ըսելաձեւէ։ Ընթերցողը խաղալիքդ չէ», կը զգուշացնէր ան եւ անմիջապէս կը նշէր յօդուածին տուեալ բաժնին համար իր տարբերակը։Արագ, հանգիստ եւ վարպետօրէն։ Վարպետ Սագոն, որ մեր բոլորին աւագ եղբայրն էր։ Սրամիտ, համբերատար, անզիջող եւ սիրելի։ Անզիջող էր ան, երբ խնդիրը սկզբունքներու կը վերաբերէր։«Կարելի չէ ընթերցողը անտեսել եւ բարձունքներու վրայ թռչիլ, անհասկնալի բաներ գրելով», ըսաւ օր մը ինծի, երբ «Ազդակ» բացառիկին համար «Հայկական Հարսանիք» խորագրեալ աշխատասիրութիւնս կարդաց։ «Մուտքը լաւ է։Գլխաւոր բաժնին մէջ խարխափումներ եւ կրկնութիւններ կան։ Մաքրէ՛ զանոնք», ըսաւ եւ ժպտաց։ Միշտ ժպիտը անպակաս էր դէմքէն, մանաւանդ երբ սրբագրութեան դիտողութիւն մը կ՛ընէր։Չըլլայ յանկարծ նեղուէինք։Մենք ալ վարժուած էինք իր տեղին դիտողութիւններուն եւ չէինք նեղուէր։
Սագօ Մահսերէճեան լրագրութեան դպրոց մըն է։ Անոր հետեւողականութիւնը եւ գրելու ոճը յոյս կը ներշնչէ։ Չեմ գիտեր, եթէ յաջողութեամբ աւարտած եմ այդ դպրոցը։ Սակայն հպարտ եմ, որ երկար տարիներ աշխատած եւ գործակցած եմ Սագոյին հետ։Երեսունհինգ տարիներու հանգրուան մըն է, որ կտրած եմ։ Սագոն այդ հանգրուանին սկզբնական 15 տարիներուն կողքիս էր, ինչպէս կողքին էր բոլորին։ Ասոր համար ալ հպարտ եմ։