ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 54 Second

 

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պաշտօնական հրաւէր ուղղեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, որպէսզի մասնակցի նոյեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք COP 29 համաժողովին, որուն ընթացքին կլիմայական խնդիրներ պիտի քննարկուին։

Նախապէս ատրպէյճանցիները ցանկութիւն յայտնած էին, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պաքու այցելէ։Սակայն Փաշինեանի աշխատակազմի ղեկավարը հաստատած էր,որ Հայաստանի վարչապետին աշխատանքային օրակարգին մէջ նման այցելութիւն նախատեսուած չէ։

Տեղին է նշել,որ Պաքուի մէջ չեն թաքցներ համաժողովին ծիրին մէջ Հայաստանի հետ համաձայնագիր մը կնքելու մտադրութիւնը։Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբէկով յայտարարած էր,որ համաժողովը լաւ հնարաւորութիւն մըն է, որպէսզի խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ։ Ատրպէյճան նաեւ Հայաստանի առաջարկած էր համաձայնեցնել հիմնարար սկզբունքները՝ նախքան համաձայնագրին կնքումը։Պաքու սակայն միեւնոյն ժամանակ դրած է երկու նախապայմաններ։Առաջին փոխել Հայաստանի սահմանադրութիւնը, երկրորդ՝ լուծարքի ենթարկել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը։

*

Միջազգային Կարմիր Խաչի աշխատակիցները այցելեցին ատրպէյճանական բանտերուն մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայորդիներուն։Լուրը հաղորդեց ատրպէյճանական APA լրատու գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով     Միջազգային Կարմիր Խաչի Պաքուի ներկայացուցչութեան հանրային կապերու բաժանմունքի ղեկավար Իլահա Հիւսէյնովայի, որուն համաձայն, պայմաններ ստեղծուած են, որպէսզի կալանաւորեալները կապեր հաստատեն իրենց ընտանիքներուն հետ, ինչպէս նաեւ գնահատականներ տրուած են անոնց բանտարկութեան պայմաններուն եւ անոնց հետ վարուելու կանոններուն։ Տեղին է նշել, որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ 19 Սեպտեմբերի յարձակման հետեւանքով 16 անձ կալանաւորուած եւ ատրպէյճանական բանտարկուած է։

*

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեան յայտարարեց, որ Հայաստանի հանրապետութիւնը կացութեան սրման նպաստող հռետորաբանութեան մէջ ներքաշելու Ատրպէյճանի փորձերը անընդունելի են։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը քննադատած էր Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Եւրոպական Միութիւնը՝ Հայաստանի զինուորական կարողութիւնները ամրապնդելու ճիգերու համար։

Պատալեան նշեց, որ Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է մարտունակ բանակ ունենալը՝ աւելցնելով,որ սահմանին վրայ զինեալ միջադէպերու շուրջ քննութիւն բանալու եւ դէպքերը քննելու նպատակով հայեւատրպէյճանական միացեալ մեքանիզմ ստեղծելու Հայաստանի իշխանութիւններուն առաջարկը կը մնայ ի զօրու։

*

Պաքու բողոք արձանագրեց Եւրոպական Խաղաղութեան Հիմնադրամէն Հայաստանի տրամադրուելիք 10 միլիոն եւրոյի օժանդակութեան դէմ, որ պիտի գործածուի Հայաստանի բանակին պաշտպանական կարողականութիւնները ամրապնդելու համար։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ յայտարարեց, որ Պաքու կ՛ակնկալէ թափանցիկ տեղեկատուութեան տրամադրում՝ այս օգնութեան մասին։ «Ասիկա շատ սխալ եւ վտանգաւոր քայլ է եւ կը ծառայէ շրջանին մէջ լարուածութեան սրման։Եւրոպական Միութեան նման քայլերը ակնյայտօրէն միակողմանի եւ կողմնակալ են ու կը հանդիսանան շրջանին մէջ բաժանարար գիծեր ստեղծելու քաղաքականութեան դրսեւորում մը», աւելցուց ատրպէյճանցի բանբերը։

Հաճիզատէ նաեւ ըսաւ,որ  պաշտօնական Պաքու կը շեշտէ, որ Եւրոպական Միութիւն վերջ պէտք է դնէ նման քայլերու, որոնք կը նպաստեն շրջանին մէջ զէնքի եւ ռազմականացման քաղաքականութեան, հակառակ պարագային պատասխանատուութիւն պիտի կրէ Հայաստանի կողմէ կայունութիւնը խաթարելու ուղղուած հնարաւոր սադրանքի համար։

*

   Հայաստան հնդկական զէնքի ամէնէն մեծ գնորդին վերածուած է։ Այս տեղեկութիւնը ի յայտ եկաւ Հնդկաստանի տնտեսութեան նախարարութեան հրապարակած տնտեսական տեղեկագրէն,որ խորհրդարան ներկայացուեցաւ։

Տեղակագրին մէջ նշուած է, որ նախկին խորհրդային հանրապետութիւն Հայաստան Փինաքա համազարկային կրակի ռէաքթիւ համակարգերու եւ Աքաշ զենիթային հրթիռներու ձեռքբերման գործարքներ կնքելէ ետք, վերածուած է Հնդկաստանէն ամէնէն մեծ քանակի զէնք գնող երկրին։

Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, 2024-2025 ելեւմտական տարիներու հիմամբ հնդկական սպառազինութեան Հայաստանի գնումներու ծաւալը հասած է 600 միլիոն տոլարի։

*

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը հերքեց այն լուրը, թէ Հայաստան Իրանէն 500 միլիոն տոլարի զէնք գնելու գաղտնի համաձայնագիր մը կնքած է իրանեան պաշտպանութեան նախարարութեան հետ։

Իրան Ինթըրնեշընըլ կայքէջը տարածած էր լուրը, թէ Հայաստան եւ Իրան գաղտնի համաձայնագիր մը կնքած են՝ 500 միլիոն տոլարի զէնք գնելու մասին։Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արամ Թորոսեան մտացածին եւ յօրինուած համարեց լուրը, որ ըստ բանբերին, արձագանքի արժանի չէ։

*

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Սամիր Շարիֆովի հետ։Քննարկման առարկայ դարձան Հարաւային Կովկասի  եւ յարակից շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակը։ Կատարուեցաւ միտքերու փոխանակում՝ Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի խնդիրներու, Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան ընդհանուր իրավիճակին եւ Եւրոպական Խորհուրդի հարաւային կովկասեան գործունէութեան շուրջ։ Զրուցակիցները նաեւ քննարկեցին Ռուսիա – Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles