Պուէնոս Այրէս.-  Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Հաւաք՝ «Մէկ Դատ, Մէկ Գաղափար» 

0 0
Read Time:1 Minute, 35 Second

Օգոստոս 30,31 եւ Սեպտեմբեր 1-ին, 60 միութենական եւ համակիր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, Հարաւային Ամեիրկայի ԵՐԵՔ երկիրներէ ՝ Արժանթին, Ուրուկուայ եւ Պրազիլ, մասնակցեցան իր բնոյթով եզակի երիտասարդական հաւաքի մը, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Ահարոնեան Կեդրոնական Կոմիտէին:

Հաւաքին հրաւիրուած էին եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի կողմէ գործուղուած էին տարածաշրջանի 3 երկիրներու մէջ գործող Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւններէ անդամներ՝ Գանատայի Երիտասարդական Միութենէն, Ա․Մ․Ն․ Արեւմտեան շրջանի Հ.Ե.Դ.-էն եւ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութենէն: Ինչպէս նաեւ հաւաքին ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Երիտասարդական հարցերու պատասխանատու ընկեր Յովսէփ Տէր Գէորգեանը:

Հաւաքը նպատակ կը հետապնդէր՝

– Վերաշխուժացնել Հարաւային Ամերիկայի Դաշնակցական Երիտասարդական միաւորները,
– Ամրապնդել երիտասարդներու հայկական ազգային եւ մշակութային ինքնութիւնը.
– Ընդլայնել Հայ Դատի աշխատանքներու վերաբերեալ երիտասարդ համակիրներու մասնակցութիւնը:

Հաւաքը բարեյաջող ընթացաւ եւ հագեցած էր աշխուժ եւ օգտաշատ օրակարգերով, որոնք կը ներառէին՝ հայութեան քաղաքական այժմէական մարտահրաւէրներուն մասին քննարկումներ, սփիւռքահայ երիտասարդութեան քաղաքական ներգրաւուածութեան եւ հայկական ինքնութեան մասին զրոյցներ, Հայ Դատի պայքարին գործնական մասնակցութեան քայլեր, առաւել եւս մշակութային ժամեր: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի 44 օրեայ պատերազմին մասին, շրջափակման եւ ցեղային զտման իրողութեան եւ այսօր արցախահայութեան ընկերային եւ հոգեբարոյական վիճակը Հայաստանի մէջ:

Տարածաշրջանէն ներկայ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները զեկուցեցին իրենց աշխատանքներուն մասին եւ առհասարակ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի գործունէութեան յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Ընկեր Յովսէփ Տէր Գէորգեանի կողմէ, շեշտելով տուեալ տարածաշրջանէն ներս հայ երիտասարդութեան համախմբման անհրաժեշտութիւնը, հայկական հարցի համար պայքարի շուրջ:

Միջազգային քրէական Դատարանի նախկին Դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն այցելեց հաւաքուած երիտասարդներուն, եւ զրուցեց անոնց հետ՝ քաջալերելով զանոնք որդեգրելու ներգործօն դերակատարութիւն մարդկային եւ ազգային դատերու պաշտպանութեան համար:

Երիտասարդները ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ, երեք օրուայ ընթացքին ձեռք բերին նոր գիտելիքներ եւ աշխատանքի նոր մտահորիզոն, ինչպէս նաեւ շատ կարեւոր ձեռքբերում՝ նոր ընկերներ եւ ընկերուհիներ:

Յաջողութիւն եւ յարատեւոթիւն կը մաղթենք Հարաւային Ամերիկայի մեր սիրելի ընկերներուն, իրենց ազգանուէր գործին մէջ։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական մեծ ընտանիքը իր համաշխարհային ցանցով մի՛շտ պատրաստ է նեցուկ կանգնելու հայ երիտասարդութեան մէջ նորանոր համախմբումներ առաջ բերելու գործին, ի խնդիր Հայրենիքի եւ հայութեան:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles