Իր Մահկանացուն Կնքեց Տոքթ․ Վազգէն Տէր Գալուստեանը

0 0
Read Time:1 Minute, 48 Second

Քանատայի մէջ, անցաւոր աշխարհին հրաժեշտ տուաւ ազգային-հասարակական գործիչ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան:

Ան հանրածանօթ էր իբրեւ միջազգային համբաւի արժանացած բժիշկ եւ հեղինակութիւն էր բժշկական հետազօտութիւններու մարզին մէջ:

Լիբանանի երեսփոխան՝ Մովսէս Տէր Գալուստեանի զաւակը, ան անդամակցած է Հ․Յ․Դաշնակցութեան, մաս կազմած Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիոսութեան Կեդրոնական վարչութեան, ատենապետած կաթողիկոսութեան Ընդհանուր ժողովներուն: Ան երկար տարիներ անդամակցած է նաեւ «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ նախագահած Մուսա լերան հերոսամարտի յոբելենական իրերայաջրոդ յանձնախումբերուն:

***

ՏՈՔԹ. ՎԱԶԳԷՆ ՏԷՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ

Վեհանոյշ Թեքեան
Սեպտեմբեր 6, 2024

Հազուադէպ կը պատահի որ անձնաւորութեան մը մասին միմիայն բարձր գնահատանք արտայայտուի «բոլոր կողմերէն»։ Այդ դասակարգին կը պատկանէր Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան։ Այնճարէն մինչեւ Մոնրէալ, գաղթի, զոհողութեան ու նուաճումի հայոց պատմութիւն։

Տեսած եմ զինք իբրեւ փեսայ – ներկայ եղած եմ իրենց հարսանիքին. եւ ապա՝ տասնամեակներ ետք – ամէն անգամ որ ձեռնարկ տեղի կ՚ունենար Գանատայի Համազգային Մշակութային Միութեան հետ։ Զուսպ ազնուութիւն եւ համեստութիւն էր, ու ի՜նչ նուիրում։ Կը յիշեմ յոբելինական հանդէս մը կար եւ ինք քուլիսին մէջ՝ լաւ խօսք մը ունէր ըսելիք մասնակցողներուն։

Բոլորին նման իմ սիրտս ալ կծկուեցաւ երբ լսեցի իր՝ յիշողութիւն յափշտակող հիւանդութեան մասին։ Սակայն ըրաւ հաճելի անակնկալ մը, երբ հինգ տարի առաջ Մոնրէալի մէջ ելոյթիս աւարտին՝ Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան, իր մեղմահամբոյր տիկնոջ Լենային հետ մօտեցաւ շնորհաւորելու։ Իրեն բացատրեցի թէ ինչո՞ւ կ՚ուզեմ լուսանկարուիլ հետը։ Իմ endocronologist-իս (Վրէժ-Արմէնը գիտէ հայերէնը), ամենէ՛ն սիրած դասընկերը եղած է բժշկագիտութիւն ուսանած տարիներուն։ Ամէն երթալուս տեղեկութիւն կ՚ուզէր «հապիպի Վազգէն»-ին մասին։ Երբ այդ լուսանկարը ցոյց տուի՝ խոշոր աչքերը արցունք դարձան. «Կարօտցե՜ր եմ այդ տարիները։ Անոր նմանը չկայ, ըսաւ, խելացի, վստահելի բարեկամ, ազնուակա՛ն. Շատ լաւ բժիշկ էր. սիրուած է բոլորէն։»

Հիմա այս բժիշկիս ինչպէ՞ս ըսեմ թէ իր «հապիպի»-ն Աստուծոյ քով գնաց։ «Էհ, վերջապէս կը հանդիպինք», կ՚ըսէ թերեւս. իր գլուխ չծռող քաղցկեղը անխուսափելի հանգրուանի հասած է։ Կեանքը՝ իր ճամբով, մահը իր ճամբով։ Բայց կեանքի ընթացքին տասնեակ մահեր կան որ իր իրենց ընթացքով չեն շարունակեր. մինչեւ որ յաւիտենութեան պահը հասնի։ Պահը՝ երբ օրհնեալներ կ՚օծուին լոյսով ու խաղաղութեամբ։

Սիրելի՛ Տիկին Լենա եւ դուստրեր, ձեր մխիթարութիւնը այն է որ ունեցաք երջանիկ ընտանիք մը, եւ անսպառելի անոյշ յիշատակներ։ Իսկ հայութիւնը տխուր է — անդարձ հեռացաւ իր հիասքանչ զաւակը, որ նաեւ ի հարկին, կը բժշկէր։

Երկնային լոյսերու մէջ ապրի իր երկրային լուսեղէն հոգին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles