Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէին, 8 Յուլիսին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ «ՀՅ Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան» եւ «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակները» զոյգ հատորներու շնորհահանդէսը:
Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ Ճորճ Գրիգորեան: Ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է ու կը մնայ գործի եւ զոհաբերութեան կուսակցութիւն, սակայն այդ գործը ունեցած է իւրայատուկ ոճ եւ ինքնուրոյնութիւն, որուն մասին կը վկայեն նոյնինքն մեր հակառակորդներն ու հայութեան թշնամիները` հաստատելով, որ դաշնակցականը ունի՛ հարցերն ու կարելիութիւնները դիտելու դաշնակցականի անկիւն, անոնց նկատմամբ դիրքորոշուելու դաշնակցականի մօտեցում եւ տրուած որոշումը ամէն զոհողութեան գնով գործադրելու դաշնակցական վճռակամութիւն:
Այնուհետեւ հատորները ներկայացուց Տիգրան Ճինպաշեան, որ նախ ըսաւ, թէ «Հ․Յ․ Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան»-ը եւ «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակները» հատորը «Վէմ» մատենաշարի հրատարակութիւններ են, որոնք թէեւ լոյս տեսան Երեւանի մէջ, սակայն ամբողջովին Լիբանանի մէջ պատրաստուեցան: Ան հաստատեց, որ խմբագիրը` Երուանդ Փամպուքեան, հսկայական աշխատանք տարած է, հակառակ այն իրողութեան որ պատրաստ տուեալներ խմբագրած եւ մէկտեղած է, սակայն այդ մէկը կ՛ենթադրէ կարդալ, նաեւ ձեռագիրներուն ծանօթ ըլլալ, նաեւ յիշեց, որ հատորներու գրաշարական աշխատանքը եւ ձեւաւորումը մեծ բծախնդրութեամբ կատարուած է Թամար Սնապեան-Սուրճեանի կողմէ: Ճինպաշեան բացատրեց, որ «Վէմ» համահայկական հանդէսը 1930-ական թուականներուն Փարիզի մէջ հրատարակուած Հ․Յ․Դ․-ի տեսաբանական հանդէսն էր, որ խմբագրուած է Սիմոն Վրացեանի կողմէ եւ հրատարակուած` 5-6 տարի: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ «Վէմ»-ի վերահրատարակութիւնը սկսաւ եւ շուրջ 15 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ եռամսեայ դրութեամբ, տարեկան չորս հրատարակութիւններով եւ ներկայիս Հայաստանի մէջ կը նկատուի լուրջ մամուլի եւ գրականութեան ամէնէն աւելի փնտռուած, լուրջ եւ ծանրակշիռ հանդէսը:
Անդրադառնալով «Հ․Յ․ Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան»-ին` ան բացատրեց ծածկագրութեան իմաստը, որ եթէ յեղափոխական գործ կը կատարուի, բնականաբար յարաբերութիւնները պէտք է գաղտնի ըլլան, եւ գրուելիք նամակներն ու տրուելիք պատգամները պէտք է այնպիսի ձեւով գրուած ըլլան, որ եթէ թշնամիին ձեռքը անցնին, անոնք չկարողանան հասկնալ բովանդակութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ առաջին ծածկագրութիւնը կու գայ այս նամակագրութենէն, եւ հատորի վերջաւորութեան այս մասին բաւական ընդարձակ տեղեկութիւններ կան: Ճինպաշեան անդրադարձաւ ծածկագրութեան տարբեր ձեւերուն եւ նշեց, որ միշտ թելադրանք կը տրուէր նամակը փճացնել անոր կարդացուելէն եւ բովանդակութեան ծանօթանալէն ետք, հարց տալով, թէ մենք ինչպէ՛ս տակաւին ունինք զանոնք:
Անդրադառնալով «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակները» գիրքին` Ճինպաշեան հաստատեց, որ Անդրանիկը անժխտելի կերպով բոլորին կողմէ ընդունուած, համահայկական հասկացողութեամբ հերոս է: Ան ներկայացուց Անդրանիկի կենսագրական ամփոփ տուեալները եւ ըսաւ, որ Անդրանիկ նամակներ գրած է, սակայն անուս ըլլալուն պատճառով կը գրէր տարօրինակ ձեւով` առանց նախադասութիւններ կազմելու, կէտադրութիւն կամ գլխագիր գործածելու, աւելցնելով, որ երբ կարեւոր տեղեկագրութիւն մը պիտի ընէր, կը վստահէր զանազան մարդոց, ինչպէս` Ռուբէն Զարդարեանին, որուն կը թելադրէր գրել իր նամակները Պուլկարիա գտնուած միջոցին: Ճինպաշեան դիտել տուաւ, որ տեղ հասած այս նամակները` թիւով 127, կը գտնուին Հ․Յ․Դ․-ի Պոսթընի արխիւներու մէջ, աւելցնելով, որ առաջին մասը կարճ է եւ կը բաղկանայ 16 նամակներէ` 1901 թուականէն սկսեալ, եւ տեղեկութիւններ տուաւ անոնց բովանդակութեան մասին: Անդրադառնալով Անդրանիկի բնաւորութեան` Ճինպաշեան հաստատեց, որ ան բարկացկոտ անձ մը եղած է եւ թուրքին դէմ պայքարի մէջ առաջատար էր, անոր բնաւորութեան մէջ միշտ շեշտուած եղած է դժգոհելու, բողոքելու, բարկանալու, ընդվզելու տրամադրութիւնը, ինչ որ ի յայտ կու գայ նաեւ իր նամակներուն մէջ:
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր սրտի խօսքին մէջ բացատրեց, որ մենք ունինք երեք հիմնական հրատարակութիւններ. «Դրօշակ»-ը` իբրեւ Հ․Յ․Դ․ կեդրոնական օրկան, «Վէմ»-ը` իբրեւ կուսակցութեան վերլուծական, գիտահետազօտական հանդէս եւ` Միացեալ Նահանգներու մէջ անգլերէն լեզուով հրատարակուող «Արմինիըն Ռիվիու»-ն, որ «Վէմ»-ի մէկ տարբերակն է, բայց աւելի տարբեր ուղղութիւններով, ընկերատնտեսական հարցերով եւ առհասարակ օրկանի մը սահմաններէն դուրս ելած ազատ խօսքի իրաւունքով սահմանուած հրատարակութիւն է: Հետեւաբար «Արմինիըն Ռիվիու»-ն, «Վէմ»-ը եւ «Դրօշակ»-ը այն երրորդութիւնն է, որուն ճամբով Դաշնակցութիւնը կեդրոնական մակարդակով կը տարածէ իր խօսքը, իսկ ասոր կողքին, Դաշնակցութեան շրջանային մարմինները, կեդրոնական կոմիտէները եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը իւրաքանչիւրը ունի իր օրկանը:
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անունով Տէր Խաչատուրեան իր խորին սէրն ու յարգանքը յայտնեց Երուանդ Փամպուքեանին` դիտել տալով, որ Հ․Յ․Դ․-ի մօտ ընդունուած սովորութիւն չէ անձեր գնահատելը, սակայն ինք պիտի ընէ, որովհետեւ եզակի երեւոյթ է այս դարուն, այս իրավիճակի մէջ բախտաւորութիւնը ունենալ եւ Երուանդ Փամպուքեանի նման կուսակցական երկարամեայ ղեկավար եւ հմուտ պատմաբանի ժրաջան աշխատանքի արդիւնքի վկան հանդիսանալու:
Ան շեշտեց, որ կատարուած աշխատանքը մէկ հոգիի կարողութենէն շատ աւելի մեծ աշխատասիրութիւն կ՛ենթադրէ, բայց Երուանդ Փամպուքեան կրցաւ անոր հիմը դնել եւ առաջին գիրքը ընծայել մեզի: Անդրադառնալով «Հ․Յ․ Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան»-ին` Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ հսկայական պրպտումներու գիտահետազօտական աշխատանքի արդիւնք է այդ բառարանը, որովհետեւ անոր մեծ մասը Փամպուքեանին միտքին մէջ է, մեծ մասը իր ուսումնասիրութիւններու ընթացքին` արխիւներ թէ պատմական գործեր, անոնց մէջէն քաղած իր տեղեկութիւններու արգասիքն է:
Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ բաւական դժուար աշխատանք է կատարուածը եւ օգտակար պիտի հանդիսանայ ապագայ սերունդներուն կամ նոր պատմաբաններուն, որպէսզի երբ կարդան մեր արխիւները, կարենան շատ աւելի դիւրին ձեւով հասկնալ, թէ այդ նամակները, փաստաթուղթերը կամ արխիւները ինչի մասին կը խօսին: Ան ըսաւ, որ երբեմն մեր յեղափոխական ղեկավարները գործածած են քանի մը ծածկանուններ եւ, աւելի՛ն, անոնցմէ ոմանք գրական դէմքեր են, ունին յատուկ ձիրք, հմտութիւն` ղեկավարութեան եւ մարտական գործի կողքին, նաեւ գրական ասպարէզի մէջ աշխատելով` այլ ծածկանուն գործածած են, աւելցնելով, որ այս շփոթները փարատելու առումով, ապագայ պատմաբաններուն եւ հայ ժողովուրդին համար տրուած իսկական մեծ արժէք է այս գիրքը: Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, թէ բառարանի իւրայատկութիւնը նաեւ կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ հոն նշուածները պարզապէս բառարանային հասկացողութիւններ չեն, այլ բծախնդրութեամբ, ազդանիշով երբեմն բացատրուած է պարունակը, որպէսզի ընթերցողը նաեւ հասկնայ, թէ ինչպէ՛ս այդ անունները յառաջ եկած են: Ան ըսաւ, որ ծածկանուններու այդ պարունակի հասկացողութիւնը բացատրելու հմտութիւնը շատ աւելի շեշտուած կերպով կ՛երեւի նաեւ երկրորդ գիրքին մէջ, որ Անդրանիկի անտիպ նամակներու նուիրուած հատորն է: Հոն եւս ազդանիշներով եւ մանրամասն տեղեկութիւններով ընթերցողին կը հրամցուի ամբողջ պատմական պարունակը, որպէսզի այդ նամակները պարզապէս նամակագրութեան տեսք չստանան, եւ այնտեղէն է, որ մեր աչքին առջեւ իսկապէս ի յայտ կու գայ Անդրանիկը, կ՛երեւի իր բոլոր բարդութիւններով, եւ Փամպուքեան անկեղծ մտաւորականի պարկեշտութեամբ արտայայտուած է այդ մասին` ներառելով նոյնիսկ քննադատական բաժինները:
Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ Անդրանիկը իւրայատուկ երեւոյթ է, բայց նաեւ պարզ մարդ էր, ունէր մտահոգութիւններ ու պէտքեր, եւ պարզ մարդու այդ երեւոյթն ու նկարագիրը ի յայտ կու գան այդ նամակներուն ընդմէջէն, որոնք Փամպուքեանի ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ ամփոփուած են գիրքի մը մէջ եւ դարձած են մնայուն արժէք: Ուրիշներ կրնան ներկայացնել հերոս Անդրանիկը, բայց ամէնէն վաւերականը, ամէնէն ճշգրիտը ինքնիր բերնով, ինքնիր խօսքով, իր գիրերով դրսեւորուած զգացումներն են, որոնք կ՛երեւին այդ նամակներու ընդմէջէն: Բիւրոյի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ հրատարակուած երկու գիրքերը իսկապէս մնայուն պատմական արժէքներ են: Եզրափակելով իր խօսքը` ան մեծապէս գնահատելի համարեց հսկայական այս աշխատանքը եւ վստահեցուց, որ Փամպուքեան պիտի շարունակէ իր աշխատանքը, որովհետեւ իր ամբարած տեղեկութիւններով, իր ունեցած փորձառութեամբ միայն ու միայն ի՛նքն է, որ կրնայ այսպիսի հատորներու շարունակականութիւնը ապահովել յառաջիկայ երկար տարիներու ընթացքին:
Աւարտին շնորհակալական խօսք ուղղեց հատորներու խմբագիր Երուանդ Փամպուքեան: Ան ըսաւ, որ իր կեանքի վերջին քսան տարիները նուիրած է Հ․Յ․ Դաշնակցութեան արխիւներու ուսումնասիրութեան եւ անկէ նիւթեր հաւաքելուն` հաստատելով, որ բացառիկ հարուստ են Դաշնակցութեան արխիւները եւ ազգային որեւէ կուսակցութիւն նման հաւաքածոյ չունի, սակայն բացառութիւն պէտք է նկատել Հայաստանի պետական Ազգային արխիւը, որ ընդհանուր է եւ կը պատկանի ազգային բոլոր հարցերուն եւ հոսանքներուն: Ան նկատել տուաւ, որ այդ կեդրոնին մէջ կ՛աշխատին շուրջ 374 աշխատակիցներ, իսկ Դաշնակցութեան արխիւներուն մէջ` ոչ ոք, բացի կարգ մը կամաւոր աշխատողներէ: Պատմաբանը ըսաւ, որ մեր կուսակցութեան առաջին սերունդի գլխաւոր դէմքերը` սկսելով հիմնադիրներէն, մանաւանդ Ռոստոմէն, հոգ տարած են հաւաքելու կուսակցութեան արխիւները, վերջը կանոնաւոր կերպով այդ գործը շարունակելու յանձնառութիւն տրուած է բոլոր շրջաններուն` Կովկասի, Ռուսիոյ, մանաւանդ Արեւմտեան Հայաստանի, որ Երկիր կը կոչուէր: Ան հարց տուաւ, որ Երկրի մէջ գաղտնօրէն գործող մեր դաշնակցական կազմակերպութիւնները, ցարական Ռուսիոյ եւ օսմանեան Թուրքիոյ բռնատիրական կարգերուն տակ, ուր խիստ գրաքննութիւն կար ինչպէ՞ս կրցած են նման պայմաններու մէջ այդ արխիւները հասցնել Ժընեւ, Արեւմտեան Բիւրոյի եւ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան կեդրոն: Փամպուքեան դիտել տուաւ, որ այդ արխիւները կեդրոնացած եւ դասաւորուած են Ժընեւի մէջ երկար տարիներ, ապա Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք փոխադրուած են Փարիզ, ուր նոյն աշխատանքը շարունակուած է մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմ, երբ Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն մեծ աշխատանք տարած է, որպէսզի այդ արխիւները ամբողջութեամբ փոխադրուին Միացեալ Նահանգներ: Այդ թուականէն սկսեալ, շուրջ 1949-էն մինչեւ այսօր կը մնան Միացեալ Նահանգներ եւ կը կուտակուին` ներառելով մինչեւ այսօրուան արխիւները: Փամպուքեան նկատել տուաւ, որ այդ արխիւներէն միայն առաջին 30-35 տարիներու նիւթն է, որ ցուցակագրուած եւ դասաւորուած է առանձին թղթածրարներու մէջ եւ մատչելի է ուսումնասիրողներու համար: «Կեանքիս չիրականացած երազներէն մէկը եղած է հատոր մը գրել` տալու համար պատմութիւնը մեր այս արխիւներու կազմութեան տարբեր վայրերէ մինչեւ անոնց կեդրոնացումը, սակայն ֆիզիքապէս ժամանակ չունիմ եւ այդ մէկը չեմ կրնար կատարել, բայց կը յուսամ եւ կը մաղթեմ, որ յաջորդող սերունդին մէջ կը գտնուին երիտասարդներ, որոնք այդ գործը կ՛իրականացնեն: Եթէ կ՛ուզենք կենդանի գործ տեսնել եւ կենդանի մնալ, պէտք է գործերը շարունակուին, եւ նոր սերունդներուն գլխաւոր պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ ըստ էութեան այդ գործը իւրայատուկ կերպով իրենց հասկցած եւ իմացած ձեւով շարունակել», եզրափակեց Երուանդ Փամպուքեան: Աւարտին Փամպուքեան մակագրեց զոյգ հատորները: