Լրահոս

Մարիա Մանուկ Գաբրիէլեան Ընտրուեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ

Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու դատական բարձրագոյն յանձնախումբը երէկ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, լրատուամիջոցներու ներկայութեան յայտարարեց Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած 250 երեսփոխաններու անունները:

Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցաւ, Հալէպէն, հայութեան միասնական թեկնածու Մարիա Մանուկ Գաբրիէլեան: Ան Սուրիոյ խորհրդարանի 4-րդ նստաշրջանի անդամ միակ հայ երեսփոխանն է:

Ընտրութիւնները տեղի ունեցան Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2024-ին, Սուրիոյ նահանգներուն մէջ։ 1516 թեկնածուներ մրցեցան խորհրդարանի 250 աթոռներուն համար։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button