Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․-Ի ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ 32-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՆ

0 0
Read Time:11 Minute, 11 Second

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի  Նաւասարդեան 32-րդ մարզախաղերը տեղի ունեցան, Հինգշաբթի, Յուլիս 4-էն մինչեւ Շաբաթ Յուլիս 6, նախաձեռնութեամբ տեղւոյն Շրջանային Վարչութեան, hովանաւորութեամբ՝ Ա․Մ.Ն. Արեւելեան թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, ներկայութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արեւելեան Մ.Ն. Շրջանի կապ՝ Վահէ Թանաշեանի եւ հիւրընկալութեամբ՝ Փրաւիտենսի Մասնաճիւղին:

Մարզիկները իջեւանեցան տեղւոյն «Օմնի» պանդոկին մէջ, ուր Փրաւիտենսի մասնաճիւղի կազմակերպիչ յանձնախումբը, որ անցեալ տարուընէ ի վեր կը դասաւորէր ընդհանուր պատրաստութիւնները, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ ԿարօԹաշեանի եւ ատենադպրուհի՝ Այտա Արսլանեանի, ճիգ չէին խնայած մարզական եւ ընկերային լաւագոյն մթնոլորտը ստեղծելու այս առիթով:

ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Սոյն մարզախաղերուն կը մասնակցէին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Մ.Ն. Շրջանի 11 մասնաճիւղերէն աւելի քան 600 մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք կու գային Ալպընիյէն, Պոսթընէն, Մէրիմէք Վալիյէն, Շիքակոյէն, Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն, Ֆլորիտայէն, Ուաշինկթընէն, Փրաւիտենսէն եւ Տիթրոյթէն։ Մարզախաղերուն նոյնպէս մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գանատայի շրջանէն, Լաւալի (Քեպէք) մասնաճիւղի 9 մարզիկները:

ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ

Մարզախաղերը տեղի ունեցան երկու մարզադաշտերու վրայ. East Greenwich High School եւ Archie Cole Middle School, East Greenwich-ի մէջ, ուր շրջանի հայութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, երեք օր շարունակ հետեւեցաւ 21 ոտնագնդակի, 15 վոլիպոլի եւ 44 կողովագնդակի խաղերուն, ինչպէս նաեւ 50 անհատական ճատրակի խաղերուն եւ 100 մարզիկներու վազքի մրցումներուն: Սոյն մարզախաղերը կազմակերպուած էին հետեւեալ դասակարգերով – ծիլ (9 տարեկան եւ վար), պանդամ (10–12 տարեկան), պատանի (13–15), կրտսեր (16-18), երէց (19 եւ վեր) եւ վեթերան (35 եւ վեր) մարզիկ-մարզիկուհիներու մասնակցութեամբ: Տեղատարափ անձրեւի պատճառաւ վազքի մրցումները ջնջուեցան:

Խաղերը շարունակուեցան ծնողներու եւ բարեկամներու ոգեւորիչ խանդավառութեամբ, որոնք կը շրջէին դաշտէ դաշտ, քաջալերելով իրենց մարզիկները, որպէսզի նորանոր յաղթանակներ արձանագրեն իրենց մասնաճիւղերուն համար, առանց անդրադառնալու թէ իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անդամակցութիւնը ինքնին ամենամեծ յաղթանակն է մեր հայեցի ազգային դիմագիծի պահպանման ճիգերուն մէջ:

ԽՐԱԽՃԱՆՔ եւ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Հինգշաբթի, 4 Յուլիսի երեկոյեան, El Laham Cranston ճաշարանի մէջ տեղի ունեցաւ խրախճանքի բացման պարահանդէսը ճաշով, ընկերակցութեամբ DJ Arden-ի, որ խանդավառեց երիտասարդութիւնը մինչեւ ուշ իրիկուն:

Ուրբաթ, Յուլիս 5-ի երեկոյեան, The Strand Ballroom սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարահանդէս, մասնակցութեամբ՝ սիրուած երգիչ Սագօ Թաշճեանի եւ իր նուագախումբին, որ իր երգերով ու պարերով երիտասարդութիւնը խանդավառեց մինչեւ ուշ ատեն:

Շաբաթ, Յուլիս 6-ի երեկոյեան, նոյն The Strand Ballroom սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յաղթանակի պարահանդէս, մասնակցութեամբ՝ հռչակաւոր երգիչներ Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեաններու եւ իրենց նուագախումբին, որոնք հայրենասէր երգերով ու պարերով, երիտասարդութիւնը խանդավառ պահեր ապրեցան մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր, մանաւանդ երբ յեղափոխական երգերը թնդացուցին սրահը: 800-է աւելի ներկաներ մասնակցեցան պարահանդէսին:

Նոյն երեկոյեան տեղի ունեցաւ բաժակներու բաշխում: Ընդհանուր ամենաբարձր կէտ ստացող ախոյեան բաժակը ստացաւ Պոսթընի մասնաճիւղը, լաւագոյն մարզական ոգիով լեցուն բաժակը ստացաւ Փրաւիտենսի մասնաճիւղը, իսկ ամենէն բարելաւուած մասնաճիւղի բաժակը ստացաւ Ֆլորիտան:

Մարզական խումբերու դասաւորում ․-

  1. Պոսթըն 61 կէտ
  2. Նիւ Եորք 44 կէտ
  3. Նիւ Ճըրզի 26 կէտ
  4. Ֆլորիտա 25 կէտ
  5. Փրաւիտընս 24 կէտ
  6. Շիքակօ 19 կէտ
  7. Մէրիմէք Վալի 11 կէտ
  8. Ուաշինկթըն 10 կէտ

 

ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, Յուլիս 6, առաւօտեան ժամը 10:45-ին, East Greenwich High School մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ 32-րդ Նաւասարդեան խաղերու փակման շքեղ հանդիսութիւնը:

Իսկական վայելք մըն էր ականատես ըլլալ սկաուտներու (երէց, պարմանուհի, արի, արենոյշ, գայլիկ, արծուիկ եւ կակուղ թաթիկներու) տողանցքին, առաջնորդութեամբ՝ դրօշակակիր սկաուտներու, Փրովիտենս մասնաճիւղի շեփորախումբի սկաուտներով, մեծ պաստառի վրայ սկաուտներու կողմէ բարձր բռնած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շուշանածաղիկը, եւ Շրջանային Խմբապետական կազմի առաջմորդութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Մ.Ն. տարազաւոր սկաուտական շարքերը: Սկաուտներուն հետեւեցան, Շրջանային մարզական յանձնախումբի անդամները եւ յաջորդաբար 12 մասնաճիւղերու մարզիկները, իւրաքանչիւրը պաստառի վրայ ներկայացնելով իրենց մասնաճիւղը: Այս հրաշալի տողանցքին մասնակցեցան մօտ 600-է աւելի սկաուտներ եւ մարզիկներ: Օրուան հանդիսավար` Մարալ Խաչատուրեան տեղեկութիւններ կու տար շրջանի սկաուտական կազմի եւ իւրաքանչիւր մասնակցող մասնաճիւղի մասին, ու հայաշունչ խօսքերով կը ներկայացնէր հպարտ ու բարձրաճակատ կերպով տողանցող ապագայ սերունդը: Սկաուտական շարքերը եւ մասնաճիւղի մարզիկները, հպարտօրէն կը տողանցէին պատուոյ հարթակին առջեւէն, ներկաներու համահունչ ծափահարութեամբ:

Սկաուտներու եւ մարզիկներու դաշտ մուտքէն ետք՝եւ յայտագրի սկիզբը Ռոստոմ Մկրտիչեան եւ  Թալին Տօնոյեան մեներգեցին Ամերիկայի Մ.Ն., Հայաստանի, Գանատայի, Արցախի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Սկաուտութեան քայլերգները: Ապա, բացման աղօթքը կատարեց Արժ. Տէր Գաբրիէլ Նազարեան:

Հանդիսավարը կատարելէ ետք բարի գալուստի խօսքը, ան ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրերը` Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի ներկայացուցիչ՝ Արժ. Տէր Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան՝ Փրաւիտենսի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Արեւելեան Մ.Ն. Շրջանի կապ` եղբ. Վահէ Թանաշեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` եղբ. Վիգէն Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ` ընկ. Սթիւ Մեսրոպեան, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` Մանուշակ Գրիգորեան, Հ.Ե.Դ. Կեդրոնական Վարչութեան  ատենապետ՝ Նարեկ Մկրտչեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Մ.Ն. Շրջանային Վարչութեան մնացեալ անդամներ, ինչպէս նաեւ Մարզական Յանձնախումբի, Սկաուտական Խորհուրդի, Հանրային Յարաբերութեան եւ Արհեստագիտական Տեղեկատուական Յանձնախումբերու անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Փրովիտէնսի մասնաճիւղի ատենապետ` Յակոբ Խաչատուրեան, Արժ. Տէր Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան, Պատուելի Յակոբ Մանճելիքեան, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ՝ Պր. Մալքըմ Վարատեան, Հ.Յ.Դ. Քրիստափոր Կոմիտէի ատենապետ՝ Կարօ Թաշեան, Հ.Օ.Մ.-ի Արաքս Մասնաճիւղի Վարչութեան փոխ ատենապետուհի՝ Ընկերուհի Մարօ Նաճարեան, Համազգային տեղւոյն մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ՝ Սարգիս Մինասեան, Հ.Ե.Դ. «Վարանդեան» Ուխտի Վարչութեան ատենապետ՝ Յակոբ Դարաքսեան եւ հիւրընկալ մասնաճիւղի Վարչութեան մնացեալ անդամներ, ինչպէս նաեւ մարզական յանձնախումբի, սկաուտական խԽորհուրդի եւ նաւասարդեան խաղերու կազմակերպիչ Յանձնախումբի անդամները:

Հանդիսավարը հերթով հրաւիրեց Փրաւիտենսի մասնաճիւղի ատենապետ՝ Յակոբ Խաչատուրեանը, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Վիգէն Խաչատուրեանը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ Սթիւ Մեսրոպեանը, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վահէ Թանաշեանը եւ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ՝ Փրովիտենսի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Գաբրիէլ Նազարեանը, որ փոխանցեն իրենց պատգամները:

Յակոբ Խաչատուրեանի շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վարչութեան որ առիթը ընծայեց հիւրընկալելու սոյն մարզական խաղերը: Ջերմագին մաղթանքները յայտնեց բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, մարզիկներուն եւ սկաուտներուն, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին մասնակցելու այս խաղերուն: Երախտագիտութեան մաղթանքները փոխանցեց Փրաւիտենսի կազմակերպիչ յանձնախումբին, որ իր ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ կարողացաւ լաւագոյն կերպով կազմակերպել եւ յաջողութեամբ պսակել այս մարզական խաղերը: Նոյն գնահատական խօսքերը ուղղեց մասնաճիւղի մարզական յանձնախումբին, սկաուտական խորհուրդին, բոլոր մարզիկներուն եւ սկաուտներուն, իրենց մասնակցութեան եւ գործունէութեան համար ի շնորհս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վերելքին: Սրտաբուխ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն, ծնողներուն եւ համակիր բարեկամներուն, մանաւանդ կամաւորներուն, որոնք սիրայօժար ծառայեցին եւ թիկունք կանգնեցան այս աշխատանքի յաջողութեան, քաջալերեցին սոյն խաղերու գրքոյկի հրատարակութիւնը եւ պարահանդէսները: Եզրափակելով իր խօսքը, ան յայտնեց որ այս մարզախաղերու աւարտին՝ ահաւասիկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը՝ որպէս Հայ ժողովուրդի կամայաւէտ զաւակը, կը շարունակէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութիւնը, անգամ մը եւս պսակելով իր յաղթական երթը, ի շահ Հայ ազգի փայլուն ապագային:

Ապա խօսք առաւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Վիգէն Խաչատուրեան, որ իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, շնորհաւորեց տեղւոյն գաղութը, որ միախմբուած ուժերով հաւաքաբար արժանի է յատուկ գնահատանքի: Ան շեշտեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ դերը Հայ երիտասարդի հայակերտման վսեմ նպատակին, բարձր պահելով միութեան հրամայականը, ըլլալ պարտականութեանը գիտակից, ազգասէր, հայրենասէր եւ տիպար քաղաքացիներ: Ան նշեց որ մեր գործը երբեք չի դադրիր: «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանը մեզմէ կը պահանջէ անընդհատ նուիրում, որպէսզի ձեր առջեւի հարիւրաւոր մարզիկներն ու սկաուտները դառնան ապագայի մեր առաջնորդները, միշտ պատրաստ՝ օգտակար դառնալու իրենց ազգին ու հայրենիքին: Խորհին շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Մարզական Յանձնախումբին, որոնք անխոնջ կ’աշխատին բոլոր մասնաճիւղերուն հետ որպէսզի պատրաստեն Նաւասարդեան խաղերուն մարզական բաժինը: Նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասանճիւղերու վարչութեանց եւ յանձնախումբի անդամներուն, որոնց աշխատանքը հիմն է շրջանիս բոլոր յաղթանակներուն: Վերջապէս, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մարզիկներուն եւ իրենց ընտանիքներուն որոնց մասնակցութեամբ կարելի է յաջող սեպել այս գեղեցիկ ձեռնարկը: Ան յիշեցուց որ անհամբեր կը սպասենք ձեզ տեսնելու գալ տարի Նաւասարդեան խաղերուն Շիքակօ:

Սթիւ Մեսրոպեան՝ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Մ.Ն. Շրջանային Վարչութիւնը եւ հիւրընկալ Փրաւիտենսի մասնաճիւղը: Ան նշեց որ 1918-էն ի վեր Հ.Մ.Ը.Մ.-ը պատրաստած է «ուժեղ միտք, ուժեղ մարմին» հայեցակարգը, դաստիարակելով մեր հայ երիտասարդները բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս որ անոնք դառնան մեր մշակոյթի եւ ժառանգութեան տէր ապագայ առաջնորդները: Ան շեշտեց որ աշխարհի մէջ ամէն ինչ վարդագոյն չէ եւ թէ մեր ժողովուրդի դէմ ատրպէյճանական եւ թրքական վերսկսուած յարձակումներու պատճառով ազատագրուած Արցախը ողբերգականօրէն կորսնցուցինք, երբ ատրպէյճանական 10-ամսեայ շրջափակմանը յաջորդեց Արցախի ցեղասպանութիւնը, մինչ համաշխարհային տէրութիւնները ձեռքերը ծալած կանգնած էին, կամ աւելի վատ՝ անուղղակի կերպով կ՝աջակցէին հայ ազգի դէմ ուղղուած այս ոճրագործութեան։ «Այսօր մեր Հայրենիքը վտանգի տակ է ներքին եւ արտաքին կողմերէ: Մենք պետք է փոխարինենք անտարբերութեան եւ անյուսալից զգացումները ու մեր յոյսը չդնել արտաքին ուժերու վրայ, պատրաստելով անսակարկ նուիրեալ նոր սերունդ մը, որ իր դրական աշխատանքներով հաւատարիմ կը մնայ մեր Հայրենիքի բարելաւման: Հ.Յ.Դ.-ն կոչ կ՝ուղղէ մեր քոյր կազմակերպութիւններու անդամներուն եւ բոլոր հայութեան, ամուր կանգնիլ եւ պաշպանել Ազատ, Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան եւ Արցախի արդար պահանջքները: Հ.Յ.Դ.-ն միշտ հաւատարիմ մնացած է մեր ազգի եւ ժողովուրդի իրաւունքներուն, ապահովելու համար մեր զաւակներուն Հայաստանի հողերը՝ Արցախի կողքին», ըսաւ ան:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վահէ Թանաշեան, 110 եւ աւելի մասնաճիւղերու, եւ 26,000 աւելի անդամներու անունով, գոհունակութեամբ ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի 32-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերը, համախմբելով մասնաճիւղերու մարզական խումբերը, լուսաւոր էջերէն գրելու, գիտակցելով, որ ինչ որ ըլլան մրցումներու արդիւնքները, բոլորը յաղթական են, եւ միշտ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը յաղթական է:

«Այսն մարզախաղերու ետին կը կանգնին բանակ մը կամաւորներ՝ ծրագրողներ, կազմակերպողներ, մարզիչներ, իրաւարարներ, մարզիկներ, պատասխանատուներ, ծնողներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ համակիրներ։ Վարձքը կատա՛ր բոլորին, եւ ի մասնաւորի Փրաւիտենս մասնաճիւղի վարչութեան, խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին, Շրջանային Վարչութեան, եւ Շրջանային Մարզական Յանձնախումբին: Այս տարուան մարզախաղերը, անկասկած, տարբեր իմաստ ու արժէք ունին, որով մասնակիցները իրենց կուրծքերուն կը կրեն Արցախի յատուկ պէճերը: Արցախը ներկայ է իւրաքանչիւր խաղի, մարզադաշտի եւ մրցակցութեան մէջ, իր «տատիկ-պապիկ»-ով եւ իր նուիրական դրօշով։ Պատմութիւնը վկայ, Եռագոյնի տարագրութեան 70 տարիները վկայ, Հ.Մ.Ը.Մ. գիտէ ինչպէ՛ս պահպանել ազգային իր արժէքները, բախտաւոր օր մը զանոնք իրենց իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին վերադարձնելու համար։ Արժէքներ են հողը, պետականութիւնը եւ պետական խորհրդանիշները։ Սրբազա՛ն արժէքներ, որոնց ձեռք բերման համար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական վերջին Ընդհանուր Ժողովը որոշեց իր կարելին ի գործ դնել՝

-Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախ Հիմնադրամ»ի ստեղծումով,

-Արցախի վտարանդի մասնաճիւղը Հայաստանի մէջ կանգուն պահելով,

-Արցախի դրօշը ամէնուր պատուելով

եւ, վերջապէս,

-աշխարհով մէկ, բոլոր անդամներու՝ մարզիկներու թէ սկաուտներու տարազներուն վրայ Արցախի պէճը դրոշմելով, իբրեւ մնայուն յուշարար՝ Արցախի հանդէպ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդու ունեցած պարտաւորութեան։

Մօտիկ անցեալին, Արցախը Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդուն տուաւ հպարտութեան եւ յաղթանակի զգացումները։ Այժմ, պահն է հպարտութեան եւ յաղթանակի նոյն զգացումներուն փոխադարձութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ական համախմբուածութեամբ, կազմակերպուածութեամբ եւ ազգային իտէալներու ի խնդիր գործելու պատրաստակամութեամբ։ Թանաշեան աւելցուց, թէ  Հ.Մ.Ը.Մ.-ը երբեք ինքնանպատակ եղած չէ ու պիտի չըլլա՛յ։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ստեղծուած է իբրեւ պատասխան բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին հայ ժողովուրդը տկարացնել, ընկճել եւ պարտութեան մատնել։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ուղին, եւ Արցախի՛ ուղին, հզօրացումն է.-

-կազմակերպական հզօրացում,

-մարդկային եւ նիւթական աղբիւրներու հզօրացում,

-հոգիներու եւ միտքերու հզօրացում՝

չհամակերպելու համար պարտութեան եւ նահանջի բոլոր երեւոյթներուն։ Ընդհակառակն, կերտելու համար յաղթական ազգ, գերիշխան եւ հզօր հայրենիք։

Ինչ որ մեր օրերու հիմնակա՛ն պահանջն է։ Հրամայակա՛նն է», ըսաւ ան։

Վերջին խօսքը առաւ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ՝ Փրաւիտենսի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Գաբրիէլ Նազարեանը որ փոխանցեց Սրբազան Հօր հայրական բարեմաղթութիւնները եւ շնորհաւորանքները Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան, Փրովիտենսի մասնաճիւղին ինչպէս նաեւ մարզիկներուն եւ սկաուտական շարքերուն: Ան յիշեց որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խաղերը կը հաստատեն հայ արիներու աննկուն կամքը՝ շարունակելով 106-ամեայ այս պատուական կազմակերպութեան առաքելութիւնը առողջ նկարագիր կերտելու հայ երիտասարդներու մէջ:

«Ամերիկեան ցամաքամասի վրայ աւելի քան երեք տասնամեակ մարմնակրթական ոգիով հայ երիտասարդները զօրաշարժի ենթարկելը ինքնին ապացոյցն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը յաջողած է ինքնանորոգման շունչով վարակել անդամները, ջրդեղելով անոնց ինքնութիւնը արի արանց հայադրոշմ ոգիով։ Մշտանորոգ կամք եւ յարատեւութեան ոգի կը մաղթենք երիտասարդութիւնը առինքնող այս հոյակապ կազմակերպութեան, իսկ բոլոր մարզիկներուն՝ քաջառողջութիւն, յաջողութեամբ պսակելու ներկայ Նաւասարդեան Խաղերը եւ նոյն ոգիի էութեամբ իրենց առօրեան ապրելու», եզրակացուց ան։

Տեղատարափ անձրեւի տակ, Արժ. Տէր Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեանի կատարեց փակման աղօթքը: Առ այդ, ախոյանական մարզախաղերը շարունակուեցան ներքնա-մարզադաշտերու վրայ:

ԱՐԺԱՆԵԱՑ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՇՆՈՐՀՈՒՄ

Փակման արարողութեան ժամանակ Եղբ. Վահէ Թանաշեան շարունակեց նշելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի երեք շքանաշաններու մասին, եւ յայտնեց որոնցմէ ամենաբարձր շքանաշանը Արժանեաց Շքանշանն է: Այս առթիւ, ան յայտնեց որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը պարգեւատրէ Փրաւիտենսէն Յակոբ Խաչատարուրեանը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արժանեաց Շքանշանով: Ան ներկայացուց եղբօր երկար կենսագրականը իր պզտիկ տարիքէն մինչեւ օրս նշելով որ ան պզտիկ տարիքին ծառայած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտական եւ մարզական շարքերուն, եւ Ամերիկայի Մ.Ն. 1981-էն իվեր տասնեակ տարիներ եւ ներկայիս կը ծառայէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Փրաւիտենսի մասնաճիւղի վարչութեան, երեք տարեշրջան ծառայած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան, տասնեակ տարիներ մասնակցած՝ Արեւելան Մ.Ն. Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովներուն, 1997-2006 նշանակուած է «Մարզիկ» թերթի կապ, մասնակցած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պատգամաւորական երեք ժողովներու, 2016-ին արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Մ.Ն. Ծառայութեան Շքանշանին, տասնեակ տարիներ ծառայած է Փրաւիտենսի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ իբր երեսփոխան, պզտիկ տարիքէն ծառայած եկեղեցւոյ խորանին եւ 1978-էն իվեր՝ սարկաւագ, ներկայիս կը ծառայէ իր չորրորդ տարեշրջանը Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Վարչութեան, 2022-ին Արեւելեան Թեմի երեսփոխանի պաշտօնով մասնակցած է Կիլիկիոյ Ազգային Ընդհանուր ժողովին Անթիլիաս:  Յակոբ Խաչատուրեան ներկաներու բուռն գնահատանքի եւ շնորհաւորութիւններու արժանացաւ:

ՀԱՄԱ- Հ.Մ.Ը.Մ.-ԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ 2025-ին

Այս առթիւ նոյնպէս կը յայտնենք նոյն շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ Շրջանային մարզական յանձնախումբի, Կիրակի, Յուլիս 7-ին East Greenwich High School մարզադաշտի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ.Ն. հաւաքական խումբերու զտման փորձերը, իբր նախապատրաստական աշխատանք մասնակցելու Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերուն Հայաստանի մէջ 2025-ի ամրան:

ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Մ.Ն. Նաւասարդեան 32-րդ մարզախաղերու աւարտին, յատուկ գնահատանքի արժանի է հիւրընկալ Փրաւիտենսի մասնաճիւղը եւ Շրջանային մարզական յանձնախումբը, մասնակցող մասնաճիւղերու մարզիկները, սկաուտներն ու համակիրները, որոնք բաժնուեցան վերանորոգուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանով, մաղթելով որ յառաջիկայ տարի մեծ շուքով եւ նոյն աշխուժութեամբ կը մասնակցին Նաւասարդեան 33-րդ մարզախաղերուն Շիքակոյի մէջ, շարունակելով իրենց վսեմ առաքելութիւնը ու նուաճելով նորանոր յաջողութիւններ ի նպաստ հայ ազգի յաւերժացման։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles