Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
17 Յուլիս 2024
Ճորճ Օրուէլ կը նկատուի Անգլիոյ 20-րդ դարու մեծագոյն գրողներէն մէկը, եթէ ո՛չ՝ մեծագոյնը: Հռչակ շահած են մասնաւորաբար անոր գիրքերէն երկուքը՝ «1984» եւ «Կենդանիներու ագառակը» – Animal Farm (կան ուրիշներ ալ): Ինչպէս հայկական ու միջազգային գրականութեան մէջ անջնջելի հետք թողած գրողներու, նոյնպէս ալ Օրուէլի գրածներէն պատառիկներ յաճախ կը մէջբերուին տեղի՛ն, այնքան մը, որ անոնք առածի, ասոյթի կարգ անցած են: Առաւելաբար քաղաքական խորքով նշանաւոր խօսքերէն մէկն է «Կարգ մը հաւասարներ աւելի՛ հաւասար են, քան ուրիշներ»-ը («…Ագառակ»էն), իսկ «1984»-էն կարելի է յիշատակել հարիւրաւորներ: Ծանօթ է, որ երկու գիրքերուն ալ հիմնական կիզակէտը՝ բռնատիրական-մենատիրական վարչակարգերու եւ անհիմն կամայականութեանց քննադատութիւնն է (այո՜, կան նաեւ… հիմնաւորեալ կամայականութիւններ)
Կանգ առնենք «1984»-ին մէջ արձանագրդուած տողերէն մէկուն վրայ. «… Իւրաքանչիւր գիրք վերստին գրուած է, իւրաքանիւր գեղանկար վերստին նկարուած է, իւրաքանչիւր յուշակոթող, ճամբայ եւ շէնք վերանուանուած է, իւրաքանչիւր թուական փոփոխուած է. եւ այս գործընթացը կը շարունակուի օրէ օր, վայրկեան առ վայրկեան»:
***
Ինչո՞ւ յիշեցինք Օրուէլն ու անոր չհինցող մտածումները, յատկապէս՝ այս դիտարկումը: Որովհետեւ անիկա կարծէք թէ գրուած ըլլար այն զարգացումներուն առիթով, որոնք տեղի կ’ունենան Հայաստանի մէջ, յատկապէս ՔՊ-ական իշխանութեան օրով, զարգացումներ՝ որոնք կը շարունակուին, կը կրկնուին ամէն օր, ամէն վայրկեան:
Սկսելու համար, մէջբերումին առաջին բառերը՝ գիրքերու վերախմբագրումը՝ կարծէք թէ ուղղակի ակնարկութիւն է Հայոց Պատմութեան դասագիրքերուն վերախմբագրման, ինչպէս նաեւ «Հայո՞ց Պատմութիւն», թէ՞ «Հայաստանի Պատմութիւն» ՀՆԱՐՈՎԻ՛ բանավէճին: Այս հարցը ամիսներէ ի վեր կ’ալեկոծէ մեր հայրենիքն ու տագնապին ալիքները կը հասնին մինչեւ սփիւռքեան ափեր:
Արդա՞ր ու տեղի՞ն են տագնապը, մտահոգութիւնները: Բնականաբար այո՛: Հարցը պիտի դիտուէր պարզ բառախաղի մը անկիւնէն, եթէ չըլլային քիչ տեսնուող ԽՈՐՔՆ ՈՒ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ: Առանց երկար դեգերելու ստեղծուած բանավէճին բաւիղներուն մէջ, բաւականանանք միայն նշելով, որ պատմութեան ԸՍՏ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ վերախմբագրումը ունի յստակ նպատակ՝ հայուն եւ իր պատութեան միջեւ ստեղծել այլանդակ խզում մը (պատճառաբանութիւնները չթուենք), եւ սա քայլ մըն է, որ կ’իյնայ նմանօրինակ քայլերու ամբողջ «շքերթ»ի մը ծիրին մէջ, շքերթ՝ որ թելադրուած է ու կը պարտադրուի… Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ, եւ որուն այլ դրսեւորումներն են պահանջներու, (իբրեւ թէ) խաղաղութեան նախապայմաններու ամբողջ ցանկ մը, սկսելով նոր սահմանադրութենէն մինչեւ Արցախէն հրաժարում, Ցեղասպանութեան եւ այլ ոճիրներու պահանջատիրութեան մոռացում, «չարագործ Սփիւռք»-էն ձերբազատում, հասնելու համար նոյնինքն Հայաստանի «վերախմբագրման», եթէ անշուշտ իրականանան ազերիներու իրենց «պատմական հայրենիքը՝ Արեւմտեան Ատրպէյճան» վերադարձի նախապայմանն ու Հայաստանը «անցքերու» (չմոռնանք որ պահանջը միայն «Զանգեզուրի անցք»-ը չէ, կայ Վարդենիսէն եւ այլ կէտերէ Հայաստանը կտրատող «անցքեր»-ու ծրագիրները, որոնք նախ եւ առաջ ազատ ել ու մուտի իրաւունք պիտի տան բոլորին, բացի… հայերէ):
Չենք ուզեր այս բանավէճին՝ արդար մտահոգութիւններու հեղեղին մասին աւելի երկար արտայայտուիլ: Աւելցնենք միայն այն, որ պատմութեան նենգափոխման ՔՊ-ական այս արշաւը նորութիւն չէ, անոր առաջին ծիծեռնակներուն ականատես եղանք 5 տարի առաջ, երբ հրապարակ նետուեցաւ համալսարան մուտքի քննութիւններուն՝ պատմութեան եւ հայացնող այլ նիւթերու վերադասաւորումը (օրին բողոքի շարժում ստեղծեց, բայց մնաց անվաղորդայն), իսկ քանի մը ամիս առաջ ալ վերարծարծուեցաւ՝ 7-րդ դասարանի վերախմբագրուած դասագիրքերու հրատարակման եւ գործածութեան պարտադրանքին ճամբով:
Այս բոլորը մէկ յստակ հետեւութեան կ’առաջնորդեն մեզ. մեր բոլոր պատմահայրերն ու պատմագէտները տխմար-ապուշներ են եղած, բոլորն ալ կը դասուին «նախկիններու» ցանկին, այսօր, այս խեղաթիւրումները քննադատող եւ ճշմարտութեան փաստերը ցանկագրող պատմաբանները, դաստիարակներն ու իրա՛ւ բանգէտները ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն, այսինք բան չեն հասկնար «թազա Հայաստան»էն, ուրեմն, պէտք է փա՜ռք տալ Աստուծոյ, որ Հայաստանի պարգեւեց Նիկոլ Փաշինեան անունով «իմաստո՜ւն» եւ ամենագէտ վարչապետ մը, զայն շրջապատեց իրեն պէս իմաստակներով, կառավարական պաշտօնները բաժին հանեց ընդհարապէս տուեալ ոլորտներէ բան չհասկցողներու եւ զանոնք օժտեց… թշնամիին բոլոր պահանջերը «Ըսէք, կ’անենք» նշանաբանով իրականացնելու մարմաջով:
***
Քիչ առաջ նշեցինք, որ այս ու նման բանավէճեր, արդար ըլլալով հանդերձ, հնարովին են. անոնք մտաւորկանէն ու բանիմացներէն կը խլեն շա՜տ աւելի ժամանակ ու ճիգ, քան այն՝ որուն արժանի են: Եւ հետեւելով Օրուէլի մատնանշումին՝ նման բանավէճեր կը հնարուին ամէն օր, ամէն վայրկեան: Յիշենք քանի մը հատը, որովհետեւ ցանկը իսկապէս որ երկար է, կրնայ մրցիլ Տանըլտ Թրամփի եւ այլ ստախօսներու դատարկաբանութիւններու ցանկերուն հետ:
Փաշինեան օր մը երազ կը տեսնէ «Համալսարանական աւան»-ի մը մասին, ուրիշ օր մը կ’որոշէ առաւօտները հեծիկ քշել, մերթ ընդ մերթ կ’այցելէ այս կամ այն գիւղը, աւանը, ստուգումի կ’ենթարկէ նորաստեղծ սահմանագիծերն ու անոնց «ապահովութիւնը», մարզարաններու կամ լուացարաններու սարքերը, օր մըն ալ կ’որոշէ արձակուրդի երթալ, եւրոպական ֆութպոլի մրցում դիտել, Գերմանիա տանիլ հեծիկը… (շարունակե՞նք), եւ ահա հրապարակը կ’ողողուի հակազդեցութիւններու հեղեղներով, որոնք կը յիշեցնեն Նոյեան Տապանն ու իսկական ջրհեղեղի օրերը: Որո՞ւ հոգը, թէ երկու ամիս առաջ ողողումներու զոհ գացած՝ հիւսիսային աւաններու բնակիչներուն աչքն ալ ջուր լեցուեցաւ օժանդակութեանց սպասումով (եւ թող ո՛չ ոք ժպրհի ըսել, որ 1988-ի երկրաշարժէն վնասուածներ կան, որոնք օժանդակութեան կը սպասեն: Հին թերացումներ չեն կրնար արդարացնել նոր անփութութիւնները): Հապա Արցախէն բռնագաղթուածնե՞րը՝ որոնք կը ստիպուին արտագաղթելու, անոնց երեսին կը նետուի «պէտք է Հայաստանի հպատակութիւն ստանաք» անհեթեթութիւնը (զարմանալի՞ է, երբ մարդը կը խոստովանի, թէ Արցախը Ատրպէյճանի պատկանած է, ուրեմն անոր բնակիչներն ալ այդ երկրին… հպատակնե՞րը կը սեպուին), հապա տնտեսական սողացող նահանջնե՞րը, հապա կենսամակարդակի անկումնե՞րը (բացի մենաշնորհեալներու որոշ դասէ մը): Հապա՞… հապա՞…:
Հնարովի՝ որովհետեւ նման մեքենայութիւններով (Հայաստանի մէջ կը նախընտրեն մանիպուլացիա եզրը) այս իշխանութիւնը հանրութեան, թէ՛ համակիրներու եւ թէ հայրենապաշտպան ընդդիմադիրներու ուշադրութիւնը կը հեռացնէ իսկական տագնապներէն, վարագոյրներու ետին սարքուող նորանոր դաւադրութիւններէ եւ հայրենիքը նոր կորուստներու տանող քայլերէ:
***
Ասոնց ալ ցանկը երկար է. բաւականանանք թուելով մէկ քանին:
«Նոր Սահմանադրութեան մը պէտք ունինք», կ’ըսէ խմբակին գլուխը, եւ հազար (ցամքած) աղբիւրէ ջուր կը բերէ հանրութիւնը համոզելու, թէ սա ազերիական կամ թրքական պահանջ չէ, մինչդեռ թշմանին տարիներէ ի վեր յանկերգի վերածած է այդ պահանջը, այդ հաւկիթէն նոր ճուտիկներ դուրս եկած են:
«Խաղաղ եւ հարուստ կեանքի խոստումներ ունիմ», կ’ըսէ իմաստակը, մինչդեռ թշնամին ո՛չ խաղաղութիւն կը խոստանայ, ո՛չ ալ հարստացնելու խաբկանք կը ստեղծէ: Կը կրկնէ Հայաստանէն իր պահանջներու ցանկը: Կը ստեղծուի վիճակ՝ ուր վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զիրար կը հակասեն, զիրար կը հերքեն, սակայն բոլորն ալ ժողովուրդը պատանդ կը պահեն «եթէ չզիջինք՝ պատերազմ պիտի ըլլայ» յայտարարութիւններով, ու նման վատաբանութեան պատասխանատու կարգելով… ընդդիմադիրները (իսկ փաստե՞րը):
Վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար (նաեւ ուրիշներ) կ’որոշեն այս կամ այն խորհրդաժողովին երթալ, նախօրօք չեն հաստատեր, որ ազերիներու հետ հանդիպում պիտի ունենան (երբեմն մինչեւ իսկ կը պնդեն որ հանդիպում պիտի չըլլայ), սակայն յանկարծ հանդիպումները տեղի կ’ունենան, յայտնի կ’ըլլայ, որ օրակարգը շատո՜նց պատրաստուած էր (այսինքն՝ սուտի հանապազօրեայ ապացոյցները կը կուտակուին), նմանապէս ի յայտ կու գայ, որ Ատրպէյճան ո՛չ միան նախկին, այլ նոր նախապայմաններով հարստացուցած է նման հանդիպումներու «ճաշացուցակը». ճաշակողը մի՛շտ թշնամիին կողմն է, իսկ միջնորդները հետզհետէ աւելի՛ բացայայտ բառերով կը յայտարարեն, որ կողմերը պէտք է պատրաստ ըլլան ծանր ու ցաւոտ ՓՈԽ-զիջումներու: Երբ թղթածրարներուն ծայրը բացուի, յստակ կ’ըլլայ, որ զիջողը՝ յարատեւօրէն եւ աննահանջ զիջողը Հայաստանն է: Ի յայտ կու գայ, որ Փաշինեան եւ իր խմբակիցները ԿԱՄՈՎԻՆ իրենց բազուկը տուած են ամերիկացի, եւրոպացի կամ այլ միջնորդներու ձեռքը, որպէսզի որորեն՝ որքա՛ն որ կամենան (կը յիշէ՞ք տխրահռչակ Հիլըրի Քլինթընի յոխորտանքը՝ փրոթոքոլներու խեղկատակութեան օրերուն, այն տարբերութեամբ, որ այդ «հին» օրերուն, հայկական կողմը տեղ մը յաջողեցաւ բազուկը ազատել ոլորողին ձեռքէն):
Իւրաքանչիւր զիջումի կամ կորուստի նախօրեակին, իմաստուն մարդիկ, հայրենասէրներ, հայրենիքի պաշտպաններ կրկին ու կրկին կը հնչեցնեն ահազանգերը, սակայն ընդհանուր կրաւորականութիւնը կը մնայ անայլալ: Վաղը, դարձեալ ի յայտ պիտի գայ (եթէ հրապարակ նետուած մտավախութիւնները դարձեալ ճշմարիտ դուրս գան), որ Հայաստանը ներկայացնող դրածոները ընդունած են նոր զիջումներու երթալ, ծառայել ամերիկեան կամ այլ ընտրական հաշիւներու, իրենց մտքէն միանգամընդմիշտ վանած են Հայաստանի շահերը: Ի՞նչ Արցախ, ի՞նչ քաղաքական բանտարկեալ կամ Պաքուի մէջ (մոռցուած) պատանդներ, ի՞նչ սահմանային խլուած հողամասեր: Մարդը երկա՜ր ատեն առաջ բաց ճակատով յայտարարեց. «Տալու եմ… Արցախը Ատրպէյճանի պատկանած է»: Ո՞վ պիտի արգիլէ ըսել՝ թէ Սիւնիքն ալ Ատրպէյճանի պատկանած է (Իսրայէլ Օրիէն, Դաւիթ Բէկէն մինչեւ Նժդեհ ու այլ հայրենաշատպաններ ցնորքներով տարուած էին), հետեւաբար, պէտք է վերախմբագրել, եւ ամէ՛ն օր, ամէ՛ն վայրկեան՝ պատմութեան ու աշխարհագրութեան գիրքերը, ազգը խզել իր իրական պատմութենէն, հայրենիքը խզել Սփիւռքէն, զանգուածին միտքը պատրաստել նոր կորուստներու եւ… «բարելաւուած, նոր թուրք»-ին հետ համակեցութեան, ի՜նչ բոյթ, որ թշնամին չէ հրաժարած համաթուրանական իր ծրագիրներէն, կ’ուզէ ո՛չ միայն պատմութիւն ու աշխարհագրութիւն վեր-ա-գրել, այլ սուլթաններու, Թալէաթներու եւ Սայիտ Հալիմներու ծրագիրը հասնցնել լրումին՝ մեր հայրենքի վերադարձնել «Թշուառ, անտէր»ի օրերուն, «Ջնջել (քանդել) Հայաստան, ջնջել հայ անուն…»:
Իսկ այս բոլորը՝ աշխարհի մօտակայ եւ հեռաւոր շրջաններու մէջ «աշխարհասասան իրադարձութիւններու» խորապատկերին առջեւ:
***
Այս իշխանախումբին իւրաքանչիւր օրը, իւրաքանչիւր վայրկեանը՝ նոր աղէտ եւ նոր կորուստներ պիտի նշանակէ, գիրքերու վերախմբագրումին՝ վաղը կրնան յաջորդել կոթողներու եւ փողոցներու վերանուանում…:
Եթէ իշխանաւորը ինքն իրեն կ’ընծայէ նման տագնապալի վիճակներու մէջ արձակուրդ վայելելու պերճանքը, ընդդիմադիրները, հայրենիքի պաշտպանները նման պերճանքի ժամանակ չունին: Ինչո՞ւ սպասել նոր կորուստներու փաստերուն, որոնք քանիցս փորձարկուած են: Անյապաղ պէտք է վերջ տալ «Օրուէլեան երթ»-ին: Ճշմարտութիւնը օր առաջ պէտք է պարտութեան մատնէ սուտն ու կորստաբեր կեղծիքը: