«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆԴԷՊ

0 0
Read Time:2 Minute, 14 Second

«Հայրենիք» – Խմբագրական
Ապրիլ 16, 1929

Ի՞նչ է արդի Թուրքիան։ Ի՞նչ է անոր ներքին տնտեսական եւ քաղաքական կեանքը։ Ի՞նչ է անոր քաղաքական արժէքը միջազգային սակարանին մէջ։ Հարցեր՝ որոնցմով կը զբաղին մեր մամուլը եւ քաղաքական գործիչները։

Ցարդ այս հարցերու մասին հրապարակուած մտքերն ու դատողութիւնները այնպիսի ձեւով մը կ’արտայայտուին, որ անոնք շփոթը աւելի ծանրացնելու կը ծառայեն՝ քան թէ հարցերը լուսաբանելու։

Աւելի տարօրինակն այն է, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր Թուրքիա ոտք չկոխած եւ անոր նոր կեանքին, քաղաքական ղեկավարներուն ու ընդդիմադիրներուն, անոնց մտայնութեան ու փոխադարձ յարաբերութիւններուն քիչ ծանօթութիւն ունեցող մարդիկ, միմիայն Թուրքիա ծնած ըլլալու պատճառով, յիշեալ հարցերը քննութեան ենթարկելու եւ անոնց մասին կարծիք ու դատողութիւն յայտնելու մենաշնորհը ուրիշներու չեն զիջիր։

Անշուշտ, ծիծաղելի տգիտութիւն մըն է ասիկա, որովհետեւ օտարներէ շատեր առանց Թուրքիա ծնած ըլլալու կամ զայն տեսնելու, աւելի լաւ կը ճանչնան այդ երկիրը, քան անոր բուն ղեկավարները։

Արդի Թուրքիան ինչ ալ ըլլայ, մէկ բան պարզ է. ան ահաւոր դժուարութեան մը մէջէն կ’անցնի՝ իր ներքին քաղաքական եւ մասնաւորապէս տնտեսական կեանքը կարգի բերելու համար։ Ան շատ աւելի մեծ դժուարութիւններ պիտի կրէ՝ թուղթի վրայ գրի առնուած բարենորոգութիւններուն միս եւ արիւն տալու համար։ Յոգնած թուրք ժողովուրդի համակերպութիւնը ապացոյց մը չէ որ անիկա պատրաստ է մարսելու՝ շարժապատկերի արագութեամբ հրամցուած փոփոխութիւնները։

Պարզ է նաեւ որ միջազգային քաղաքական սակարանին մէջ Թուրքիոյ քաղաքական արժէթուղթերուն բարձրութիւնը կեղծ եւ արուեստական է։ Այդ արժէքները բարձրացած են քաղաքական նպաստաւոր պայմաններու կամ քաղաքական եւ տնտեսական չարաշահներու բռնազբօսիկ մղումներով։

Մենք փորձառութեամբ գիտենք թէ, արուեստակեալ արժէքները շուտ կ’իյնան, եթէ անոնք պայմանաւորուած չեն ներքին համապատասխան ուժեղութեամբ։

Բայց այս չէ մեզ համար կարեւորը. ժամանակը ցոյց պիտի տայ անշուշտ, թէ ո՛ր աստիճան պիտի արժէքաւորուին Թուրքիոյ յաւակնութիւնները։ Մեզի համար կարեւորը այն է թէ՝ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր դիրքը հանդէպ Թուրքիոյ այնպէս, ինչպէս որ կայ այժմ։

Թուրքիոյ կասկածելի եւ անկայուն արժէքաւորումը հայերու մէկ մասին մէջ տեսակ մը վհատութիւն ստեղծած է, այն աստիճան, որ անգլերէն լեզուով Լոնտոնի մէջ հրատարակուող «Մասիս» թերթը մասնաւորապէս ամերիկահայերուն կը հրահանգէ՝ թողուլ հին երգը եւ փորձառութեան նոր լոյսին տակ փոխել մեր քաղաքական պայքարի ձեւը։

«…Մենք եւ թուրքերը կռուեցանք, մենք երկուքս ալ կորսնցուցինք, ուրիշներ հաւաքեցին հունձքը»¬ կ’ըսէ «Մասիս»։

Ապրելու տենչանքը ունեցող ժողովուրդ մը, վհատութիւնը պիտի չճանչնայ։ Եթէ Թուրքիա իր բոլոր առաջադրութիւններուն մէջ յաջողութիւն իսկ ունենայ, մեզի վնաս մը կամ օգուտ մը չի տար։ Պատճառ մը չունինք Թուրքիոյ համար գէշ ցանկութիւններ ունենալու, եթէ ան ալ նոյն ձեւով մտածէ մեզի համար։

Երկար ժամանակէ ի վեր մենք շատ լաւ գիտենք թէ՝ մենք կը կռուինք՝ ուրիշները կը շահին։ Այդ քարոզը թուրքերուն պէտք է տալ, որոնք այլ կերպ կը մտածեն։ Ուրիշներու իրաւունքները յափշտակելու մէջ կր գտնեն քաղաքական յաջողութիւնը։

Այդ պարագային մեզի կը մնայ անվհատ կերպով պայքարիլ, որպէսզի Թուրքիա պարտաւորուի հասկնալ, թէ իր եւ մեր յաջողութեան առաջին պայմանը պիտի ըլլայ՝ մեր գոյութեան եւ իրաւունքներու ճանաչումը եւ ոչ թէ անոնց ժխտումը։

Ու ասիկա մենք կրնանք եւ պէտք է ընենք։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles