Լրահոս

Շուշիկ Տասնապետեանի Հրաժեշտը

Պէյրութի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Յուլիս 16-ին մահացաւ լիբանանահայ գրող, բանաստեղծ եւ կրթական մշակ՝ Շուշիկ Տասնապետեան, որ երկար տարիներ զբաղած է ուսուցչութեամբ, միաժամանակ դասաւանդելով «Համազգային»-ի Ճեմարանին եւ Հայագիտական Հիմնարկին մէջ։

Ան կը համարուի Սփիւռքի արդի բանաստեղծութեան դէմքերէն մէկը։ Անդամ էր Հայաստանի Գրողներու Միութեան,  սերտ համագործակցութիւն ծաւալած է մասնաւորապէս Հրանդ Մատթէոսեանի, Լեւոն Անանեանի, Սամուէլ Մկրտիչեանի եւ Աբգար Ափինեանի հետ, որուն հետ ալ կարեւոր ներդրում ունեցած է «Նոր Դար» ամսագրի հրապարակման եւ տարածման գործին առընթեր։

Նշենք նաեւ, որ ան դուստրն էր Հ․Յ․Դ․ հանրայայտ գործիչ եւ «Համազգային»-ի Ճեմարանի տնօրէն՝ Հրաչ Տասնապետեանի։ Թաղումը կատարուեցաւ Չորեքշաբթի, Յուլիս 17-ին։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button