ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռիչմընտ – Վըրճինիա
Յուլիս 13, 2024
Խորագիրս կը վերաբերի ոչ միայն գերպետութիւններու նախագահներուն, այլ ընկերային, քաղաքական, կուսակցական, գիտական ոլորտներուն իրենց գրաւած աթոռներուն կառչած ղեկավար անհատներուն, որոնք չեն ուզեր իրենց տեղը զիջիլ աւելի երիտասարդ ու կարող թեկնածուներու: Քանի մը շաբաթէ ի վեր, աթոռամոլութեան այս հարցը դարձեալ սրեցաւ Ամերիկայի մեր սիրելի նախագահ Պայտընի, եւ իրեն մրցակից՝ նախկին նախագահ ու այժմու թեկնածու Տանըլտ Թրամփի միջեւ, նախագահութեան ընտրապայքարի ծիրէն ներս տեղի ունեցած քաղաքական բանավէճին առիթով:
Բանավէճի տեւողութեամբ, նախագահ Պայտընը տեղ տեղ կմկմաց, տեղ տեղ լռութեան մատնուելով մոռցաւ ըսելիքը եւ անոր այդ բացթողումները ահազանգ հնչեցուցին իր դեմոկրատ կուսակիցներու եւ համակիրներու շրջանակէն ներս:
Սակայն, եթէ նախընտրութեան գար, ես որպէս քուէարկող, հազար անգամ պիտի նախընտրէի ձայնս կարկամող, մոռացկոտ Պայտընին տալ, քան թէ կրակ ու բոց, դէմը երկտասնեակ մը դատական հայցեր ունեցող Թրամփին:
Բայց եւ այնպէս ընդունինք, թէ խնդրոյ առարկան մեր անձնական նախասիրութիւնը չէ, այլ Ամերիկայի եւ Դեմոկրատ կուսակցութեան ապագան: Սակայն դեռ ալ կը կրկնեմ, մեզմէ անոնք, որոնք ութսունը անց են, փորձով գիտեն թէ, ինչ կ՛ըսեմ… ամէն օր կ՛ապրին յառաջացած տարիքի բերմամբ մոռացկոտութեան ցաւն, տրաման ու անդոհանքը: Երբեմն մեր սիրելիներուն, մեր թոռներուն անունը մոռնալու չափ կը խորանայ ահագնող այդ ցաւը, յատկապէս ուղեղային տագնապի մը յաջորդող դաժան շրջանին: Սակայն այդ մէկը բարեբախտաբար բան չի փոխեր մեր գիտակցութենէն, մեր գործելու եւ լաւագոյնը տալու վճռականութենէն:
Այո, բոլորս ալ առանց բացառութեան, պիտի գիտակցինք մեր կարողութեան ու անկարողութեան չափանիշերուն ու սուսիկ փուսիկ պիտի գիտնանք հեռանալ մեզի այնքան սիրելի, մեր էութեան հետ միախառնուած պաշտօններէն, ինչքան ալ դժուար ու անկարելի թուի այդ մէկը…
Այս պահուս, մեր սիրելի նախագահը կանգնած է գոյութենական երկդիմի կացութեան մը առջեւ: Անսպասելի զոյգ մը պարտութիւններ… Պաշտօնի վրայ մնայ՝ տեսակ մը , հրաժարական տալը , ուրիշ գլխացաւ… Այսպիսի կնճռոտ հարցերուն բարւոք լուծում չկայ, պարոն նախագահը չայպանենք: Դիւրին լուծուելիք հարց մը չէ այդքան գուրգուրոտ հակումով ու զոհողութեան գնով պահուած պաշտօն մը կամովին լքելը․ թիւրին մարսուելիք պատառ մը չէ նաեւ դուռ դրացիին առջեւ խափ խայտառակ դառնալը: Սկիզբէն, առանց պարոն Թրամփին հետ ունեցած բանավէճին, պիտի առնուէր այդ քայլը: Առանց փողի-թմբուկի ու առանց աւելորդ տրամայի պիտի առնուէր այդ որոշումը: Արդէն Քոնկրեսի երկոտասնեակ մը դեմոկրատ անդամներ կը բարձրաձայնեն ի դէմ Պայտընի վերընտրութեան…
Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ, թէ դժգոհութեան ձայն սկսած են բարձրացնել, Դեմոկրատ կուսակցութեան միլիոնատէր նուիրատուները եւ կուսակցութեան շարքերէն ներս ընդդիմադիրները շարժումը ձիւնագնդակի պիտի վերածուի գալիք օրերուն: Երբեք դիւրին չէ եղած Ամերիկայի նման գերպետութեան մը նախագահութեան պաշտօն վարելը: Աւելի եւս Թրամփին ու իր երկրպագուներու դէմ ճակատիլը, յատկապէս Պայտընի ներկայ մտային վիճակով անձի մը համար: Մեզի կը մնայ քաջութիւն մաղթել մաքուր նկարագրով հայասէր ու մարդասէր մեր նախագահին:
Իսկ գալով հայաստանեան իրականութեան, հոն ալ ունինք ղեկավար մը, որ անտրտունջ, միակողմանիօրէն մեր հողերը կը յանձնէ թշնամիին: Տակաւին մեր արհամարհած Պայտընը թիզ մը հող չէ յանձնած թշնամի պետութեան մը եւ իր իշխանութեան ամբողջ տեւողութեամբ, սխալ քայլ մը չէ առած, բացի ատեն ատեն իր մոռացկոտութենէն: Իսկ փոխարէնը մեր սիրելի Փաշինեանը սանձարձակ կը գործէ, «կէլ քէյֆիմ կէլ» (կամայական) մտայնութեամբ ու վերէն առաքուածի մեծամտութեամբ հայրենի հողերը թշնամիին յանձնելու կողքին «բարեփոխել» կը փորձէ հայոց պատմութիւնն ու երկրին սահմանադրութիւնը:
Աստուած օգնէ անտէր մեր ժողովուրդին, երբ խեղճ Պայտընը յառաջացած իր տարիքի բերմամբ հրաժարելու կամ չհրաժարելու խիստ ցաւալի տագնապն ու երկուութիւնը կ՛ապրի: Գալով մեր սիրելի վարչապետի հրաժարականը պահանջող ժողովրդային ցոյցերուն, Հայաստանի ամէնակարող վարչապետը տալու, նուիրաբերելու մոլուցքէն վարակուած, իր գործընկերոջմէն, աքլորատիպ Ալիեւէն թիզ մը հող կամ քաղբանտարկեալի մը ազատ արձակումը ու անոր հայրենի տուն վերադարձը չկարողացաւ ապահովել:
Ինչպիսի չափանիշերով տարուող դիւանագիտութիւն է այս մէկը, մեզի անհասկանալի կու գայ …