ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 18 Second

 

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Միխայիլ Կալուզին ափսոսանք յայտնեց, որ Հայաստան մասնակցեցաւ Ուաշինկթընի մէջ կայացած ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովին։

Կալուզին ընդգծեց, որ Հայաստան կը շարունակէ մնալ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան անդամ՝ շեշտելով,որ Հայաստան կողմ է զինուորական եւ զինամթերքի մարզերուն մէջ բազմաթիւ երկկողմ պայմանագրերու։«Մտահոգութիւններու շուրջ շինիչ քննարկումներ ունենալու փոխարէն Հայաստան այլ ճանապարհ ընտրած է դժբախտաբար», յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարարը, որ նաեւ նկատեց, թէ Հայաստան կը նախընտրէ ընդարձակել գործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի թէ զինակցութեան անդամ երկիրներու հետ, յատկապէս զինակցութեան չափանիշերու ներդրման, զէնքի գնման կամ մարտական միացեալ պատրաստութեան աշխատանքներու իրականացման առումով։ Ան Հայաստանը մեղադրեց «երկու աթոռի վրայ նստելու» յանցանքով։

Ուաշինկթընի մէջ կայացած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն  Պայրամովի միջեւ հանդիպումը, ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի, որ ժողովէն առաջ յայտարարած էր, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շատ մօտ են հասնելու խաղաղութեան։

Ժողովէն քանի մը ժամ ետք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները հրապարակած էին կարճ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ըսուեցաւ, որ Յուլիս 10-ին Ուաշինկթընի մէջ ՆԱԹՕ-ի ստեղծման 75-ամեակի վեհաժողովին ծիրին մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հանդիպումը, նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի։ Կողմերը նշած էին խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ պատմական համաձայնագրի կնքնման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ արձանագրուած յառաջընթացը եւ համաձայնած էին շարունակել աշխատանքները։ Անոնք նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած էին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հանդիպումը հիւրընկալելու համար։

*

Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի, Հայաստանի սահմանադրութիւնը տակաւին տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Ան նաեւ կը շեշտէ, որ եթէ Հայաստան խաղաղութիւն կ՛ուզէ, ապա այս գործօնը պէտք է վերացուի սահմանադրութենէն։

Ատրպէյճանական լրատու աղբիւրներ միեւնոյն ժամանակ հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը հաստատած է, որ խաղաղութեան համաձայնագրին առնչուած «բաց հարցերու թիւը զգալիօրէն նուազած է»։«Պաքու շատ նպատակներ ունի եւ առաջնահերթ խնդիրը երկրին ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգներուն վերացումն է», կ՛ընդգծէ ան։

Տեղին է նշել, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 19-ին խօսեցաւ նոր սահմանադրութիւն ունենալու մասին՝ պնդելով,որ Հայաստան կարիքը ունի նոր սահմանադրութեան մը։ Օրին հայաստանեան ընդդիմութիւնը յայտարարեց,որ Երեւան Պաքուի պահանջով նոր սահմանադրութիւն կ՛ուզէ ստեղծել, սակայն իշխանութիւնները հերքեցին նման պարտադրանք մը։ Ամենայնդէպս Փաշինեանի յայտարարութենէն տասը օր ետք, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յայտնեցին,որ խաղաղութեան համաձայնագրին նախագիծին քննարկման սկիզբէն իսկ հայկական կողմին կոչ կատարուած է՝ «վերջ դնել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններուն, որոնք ներկայ են սահմանադրութեան, տարբեր օրէնքներուն եւ որոշումներուն մէջ»։ Պաքու մասնաւորաբար խնդրայարոյց կը համարէ Հայաստանի մայր օրէնքին մէջ յիշատակուած Անկախութեան Հռչակագիրը, ուր յղում կայ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման։

*

     Երկուշաթբի, Յուլիս 15-ին ընթացք առաւ հայեւամերիկեան միացեալ «Արծիւ գործընկեր-2024» ռազմափորձը՝ Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական ակադեմիոյ մէջ կատարուած բացման արարողութեամբ։Զինուորներուն ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուին։

Ռազմափորձը պիտի տեւէ մինչեւ 24 Յուլիս։ Անոր կը մասնակցին հայկական բանակի խաղաղապահ ուժերու գունդէն եւ Եւրոպայի ու Ափրիկէի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ցամաքային ուժերէն ջոկատներ։ Ռազմափորձին կը մասնակցի նաեւ Քանսասի ազգային զօրաբաժնէն զինուորներ։ Ըստ հայկական պաշտօնական աղբիւրներու,ռազմափորձին նպատակն է խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցող ջոկատներու կարողականութիւնները։

Տեղին է նշել, որ հայեւամերիկեան նախորդ ռազմափորձը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 2023-ին։ Մոսկուա մտահոգիչ համարած էր այդ ռազմափորձը։

*

   Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ նախագահներ՝ Մաքրոն եւ Էրտողան համաձայն գտնուեցան, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը կրնայ նոր էջ մը բանալ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Մաքրոն վերահաստատեց պաշտօնական Փարիզի աջակցութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայացող երկխօսութեան, որուն նպատակն է կնքել խաղաղութեան համաձայնագիր մը։

Իր կարգին, Էրտողան Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, որ բնականաբար Անգարա կը ցանկայ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրում՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, աւելցնելով, որ Անգարա այս իմաստով դրական քայլեր կը տեսնէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն։

*

    Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Գնէլ Սանոսեան Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանիի հետ քննարկեց ենթակառոյցներու եւ ելեկտրական նոր լարերու կառուցման խնդիրը։ Ժողովին ընթացքին կարեւորութեամբ ընդգծուեցաւ յատկապէս Իրան- Հայաստան երրորդ ելեկտրահաղորդման գիծին կառուցումը արագօրէն աւարտելու անհրաժեշտութիւնը։

Իրան – Հայաստան 400 քիլովաթ լարման ելեկտրահաղորդման երրորդ գիծին կառուցումը սկսաւ 2006ին։ Անիկա ռազմավարական նոյն նշանակութիւնը ունի, ինչ որ է Հիւսիս – Հարաւ ճանապարհին պարագային, որովհետեւ «ելեկտրականութիւն՝ բնական կազի դիմաց» ծրագրով առաւել կը խորանայ Իրան – Հայաստան գործակցութիւնը։ Հայաստան պիտի կարողանայ Իրանէն ստանալ տարեկան մինչեւ 1.8 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ եւ Իրանի մատակարարել գրեթէ հինգ անգամ աւելի ելեկտրական հոսանք՝ տարեկան մինչեւ 5.4 միլիառ քիլովաթ – ժամ։

*

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեսակցութիւն մը պիտի ունենայ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Գաֆարովայի հետ, հաղորդեց Սիմոնեանի օգնական Մովսէս Յարութիւնեան։ Այս հանդիպման նախնական համաձայնութիւնը ձեռքբերուած է անցեալ հանդիպման ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ մայիսին Ժընեւի մէջ։ Հայկական կողմը այս հանդիպման մանրամասնութիւնները չհաղորդեց, իսկ ատրպէյճանական կողմը միայն նշեց, որ երկու երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարները քննարկած են Ազգային Ժողովներուն ներդրումը՝ խաղաղութեան հոլովոյթին։

Սիմոնեանի եւ Գաֆարովայի առաջին հանդիպումը կայացած էր Մարտ 22-ին, դարձեալ Ժընեւի մէջ։ Քննարկուած էին  Հայաստանի Ազգային Ժողովի եւ Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի միջեւ հաղորդակցութիւններու սկսման հարցը։ Հայկական կողմը շինիչ համարեց Սիմոնեան- Գաֆարովա առաջին հանդիպումը։

*

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Աւստրիոյ պաշտպանութեան դաշնակցային նախարարի քարտուղար, նախարարութեան պաշտպանութեան քաղաքականութեան տնօրէն Առնոլտ Քամմելիի հետ քննարկեց Հայաստան – Աւստրիա գործակցութեան հեռանկարները՝ պաշտպանութեան մարզին մէջ։Պապիկեան ներկայացուց Հայաստանի պաշտպանական մարզին մէջ գործադրուող բարեփոխումները եւ այդ ծիրին մէջ միջազգային համագործակցութեան կապուած հարցերը։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան Հարաւային Կովկասի ապահովութեան առնչուող հարցեր։

*

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան պիտի չմասնակցի Սէնթ Փեթերզպուրկի մէջ  կայանալիք Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովին, հաղորդեց Սիմոնեանի օգնական Մովսէս Յարութիւնեան։

Անցեալ ամիս Հայաստան նաեւ պոյքոթի ենթարկեց հասարակապետութեան տնտեսական խորհուրդի նիստը։ Հայաստան հրաժարեցաւ բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն ուղարկել Մոսկուա եւ համաժողովին Հայաստանը ներկայացուեցաւ Պիելոռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռազմիկ Խումարեանի կողմէ։ Այս համաժողովին Հայաստան, իբրեւ կանոն, պէտք է ներկայացուէր փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ։

*

    Պաքուի դատարանը 15 տարուան բանտարկութեան վճիռ արձակեց Օգոստոս 1, 2023ին ատրպէյճանական զօրամիաւորումներու կողմէ առեւանգուած եւ Պաքու փոխադրուած Ռաշիտ Բեգլարեանի դէմ, զայն ամբաստանելով խոճալուի դէպքերուն մասնակցելու եւ ատրպէյճանցիներ խոշտանգելու անհիմն եւ չհաստատուած մեղադրանքներով։ Տեղին է նշել, որ Բեգլարեան ձերբակալուած էր Աղաւնոյ գիւղին հատուածին մէջ մոլորուելէ եւ Ատրպէյճանի սահմանը հատելէ ետք։ Հայկական կողմը յայտարարած էր,որ Բեգլարեան ճամբան մոլորած է։ Սակայն ատրպէյճանցիները զայն ձերբակալած եւ Պաքու փոխադրած էին։ Ձերբակալման պահուն Բեգլարեան գինով էր։

*

Հայաստանի մէջ աղքատութեան մակարդակը, ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, անցեալ տարի նուազած է 1,1 առ հարիւրով։ Ազգային Վիճակագրութեան Կոմիտէին տուեալներուն համաձայն, անցեալ տարի աղքատ եղած է Հայաստանի բնակչութեան 23,7 առ հարիւրը։ 2022-ին այս ցուցանիշը եղած է 24,8  առ հարիւր։

Ծայրայեղ աղքատութեան մակարդակը նուազած է 0,1 առ հարիւրով եւ կազմած է 1,1  առ հարիւր, նախորդ տարուան 1,2 առ հարիւրին համեմատ։ Քաղաքային աղքատութեան մակարդակը 2023ին եղած է 21,5 առ հարիւր, որուն 0,5 առ հարիւրը ծայրայեղ աղքատութիւնն է,իսկ գիւղական աղքատութիւնը կազմած է 27 առ հարիւր, որուն 2 առ հարիւրը ծայրայեղ աղքատութիւնն է։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles