ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

0 0
Read Time:3 Minute, 0 Second

 

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեքշիանի հետ։ Ըստ Թէ. Րէ. ԹԷ. Հապէր լրատու աղբիւրին հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին Էրտողան եւ Փեզեքշիան քննարկած են թուրքեւիրանեան յարաբերութիւնները, շրջանային եւ միջազգային իրավիճակները։Էրտողան համոզում յայտնած է, որ թուրքեւիրանեան յարաբերութիւնները ապագային եւս պիտի զարգանան՝ բոլոր մարզերուն մէջ։

Էրտողան Փեզեքշիանը շնորհաւորած է ընտրութիւններուն մէջ արձանագրած յաղթանակին համար եւ յաջողութիւն մաղթած նախագահական աշխատանքներուն մէջ։

Փեզեքշիան Թաւրիզէն է եւ թուրքերը անոր այս պատկանելիութեան ակնարկելով՝ զայն կը համարեն թուրք մը։ Թաւրիզ կ՛ապրին մեծ թիւով «ատրպէյճանական ծագում» ունեցող իրանցիներ, որոնք ըստ պատմական վաւերական աղբիւրներու, 16-րդ դարուն, թրքական տիրապետութեան շրջանին ստիպողաբար սկսած են խօսիլ թրքերէն։ Անոնք աւելի ուշ մոռցած են պարսկերէնը եւ խօսակցական լեզուն փոխուած է թրքերէնի։

*

Գերմանիայէն իր վերադարձին ճամբուն վրայ օդանաւին մէջ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ պաշտօնական Անգարա հրաւէր պիտի ուղղէ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի, որպէսզի ան Թուրքիա այցելէ։ Էրտողան նաեւ յայտնեց,որ Թուրքիա քայլերու պիտի դիմէ՝ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար։

Թուրքիա – Սուրիա յարաբերութիւնները վատթարացած էին 2011 պայթած Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով։

Էրտողան նաեւ ընդգծեց,որ Թուրքիա պատրաստ է ընդառաջելու Սուրիոյ նախագահին կողմէ առնուելիք որեւէ քայլի, որուն նպատակն է Դամասկոս – Անգարա յարաբերութիւններու բնականոնացումը։

*

Թուրքիա եւ Եւրոպական Միութիւն կայացուցին խօսակցութիւններու եւ բանակցութիւններու առաջին ռաունտը բարձրագոյն մակարդակի առեւտրական երկխօսութեան, որ կը միտի քննարկումներու առարկայ դարձնել վիզայի ,առեւտրական կապերու եւ մաքսատուներու միջեւ գործակցութեան խնդիրները։ Բանակցութիւններուն թրքական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց առեւտուրի նախարար Օմէր Պոլաթ, իսկ եւրոպական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Եւրոպական Միութեան Յանձնակատարութեան փոխ նախագահ Վալտիս Տոմպրովսքիս։

Եւրոպական Միութիւն Թուրքիոյ առեւտրական մեծագոյն գործընկերն է։ Անցեալ տարի թրքական արտադրութիւններու աւելի քան 40 առ հարիւրը ներածուեցաւ եւրոպական շուկաներ՝ 104 միլիառ տոլարի արժէքով, մինչ եւրոպական արտադրութիւններու թրքական շուկաներ ներածման քանակը այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն համար եղաւ 42.3 առ հարիւր՝ 53 միլիառ տոլարի արժէքով։

Պոլաթ նշեց,որ պիտի շարունակուին առեւտրական գործակցութեան շուրջ Թուրքիա – Եւրոպական Միութիւն բանակցութիւնները, որոնք պիտի ընդգրկեն տարբեր մարզեր եւս։

*

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Ուաշինկթընի մէջ կայացած ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովին ծիրին մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցաթաքիսի հետ։ Քննարկման առարկայ դարձան Թուրքիա – Յունաստան յարաբերութիւններու սերտացման հեռանկարները։

Հակառակ անոր որ Կիպրոսի տագնապը կը յամենայ, Անգարա եւ Աթէնք որոշած են բարելաւել իրենց միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք վատթարացան թրքական ուժերուն Կիպրոս ներխուժման եւ Եգէական ծովուն մէջ թրքական նկրտումներու պատճառով։ Միցոթաքիս վերջերս այցելեց Թուրքիա, ուր ծրագրուեցաւ հակառակ տարակարծութիւններու, զարկ տալ յոյնեւթրքական յարաբերութիւններուն։

Թուրքիոյ տարածքին կատարուած հետապնդումներու եւ խուզարկութիւններու իբրեւ արդիւնք, արդարադատութենէն խոյս տուած շուրջ 4500 աւազակներ, ապօրինի գործունէութիւններ կատարողներ եւ ոճրագործներ։

Ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա յայտնեց,որ հետապնդումները եւ խուզարկութիւնները միեւնոյն ժամանակ կատարուած են 81 նահանգներու մէջ։ Ձերբակալեալները աւելի քան տասը տարիէ ի վեր խոյս տուած էին արդարադատութենէն եւ կը շարունակէին իրենց ապօրինի գործունէութիւնները։Ձերբակալեալներուն շարքին են թմրեցուցիչի մաքսանենգներ, ոճրագործներ, կեղծ դրամանիշ գործածողներ, սեռային ոտնձգութիւններ կատարողներ, ահաբեկիչներ եւ միջազգային հետապնդման ենթակայ տարբեր բնոյթի ոճիրներ գործած անձեր։Խուզարկութիւններուն եւ հետապնդումներուն մասնակցեցան ոստիկաններ, ներքին ապահովութեան միաւորներ եւ եզերապահ ուժերէն ջոկատներ։

*

Ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութեան աշխարհի մեծագոյն գործարանը, որ Չինաստանի մէջ կը բանի, Թուրքիոյ ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան նախարարութեան հետ կնքեց համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ գործարանը իր մասնաճիւղը պիտի բանայ Թուրքիոյ մէջ։ Գործարանին կառուցումը մէկ միլիառ տոլար պիտի արժէ։Անիկա կարողութիւնը պիտի ունենայ արտադրելու 150  հազար ելեկտրականութեամբ բանող ինքնաշարժներ, որոնք միջազգային շուկային մէջ պիտի վաճառուին։ Կը նախատեսուի, որ գործարանը արտադրելու սկսի 2026ին։ Անիկա հինգ հազար աշխատատեղիի առիթ պիտի բանայ Թուրքիոյ մէջ։

*

Չինաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ առաջին գնացքը, որ Թուրքիոյ տարածքը պիտի գործածէ Եւրոպական քաղաքներ հասնելու համար, ճամբայ ելաւ Չինաստանի Անհույ նահանգէն, հաղորդեցին չինական պաշտօնական աղբիւրներ։

Գնացքը ուղղուեցաւ Պոլիս՝ փոխադրելով 110 մեծ ընդունարաններ, որոնք կը պարունակեն ինքնաշարժի կտորներ եւ ելեկտրական գործիքներ։

Անցեալ ամիս Չինաստանի գնացքներու պետական վարչութիւնը հաղորդեց,որ 2011էն ի վեր Չինաստանէն Եւրոպա գնացքներու երթեւեկութիւնը անցած է 90  հազարը։ Ասիկա սակայն առաջին անգամն է, որ Չինաստանէն դէպի Եւրոպա ելած գնացքը Թուրքիոյ վրայով Եւրոպական քաղաքներ կը հասնի։

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles