Ա.Ա.
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթին անդրադարձը երեւան կը հանէ բազմաթիւ զիրար խաչաձեւող հարցեր եւ խնդիրներ, որոնց մէջ յատկանշանականը բնականաբար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ «եղբայրական» յարաբերութիւններն են, որոնք իրենց ամբողջական ազդեցութեան տակ պիտի պահեն Երեւան – Անգարա յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը։
Արցախեան երկրորդ պատերազմէն առաջ քանի մը փորձեր կատարուած են հայեւթուրք յարաբերութիւններ հաստատելու համար։ Անոնք բոլորն ալ մնացին խօսքի սահմաններու մէջ եւ չյաջողեցան յառաջխաղացք արձանագրել, որովհետեւ Անգարա միշտ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու հաստատումը կապեց Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին։Այն տարիներուն երբ գոյութիւն ունէր Արցախի հանրապետութիւնը, թուրքերը ունեցան մէկ նախապայման՝ այնքան ատեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ի նպաստ Ատրպէյճանի լուծուած չէ, անկարելի է Երեւան – Անգարա դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել։Այս նախապայմանը ի զօրու մնաց տարբեր հոլովոյթներու եւ ճիգերու ընթացքին եւ արգելակեց հայեւթուրք յարաբերութիւններուն հաստատումը։
Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք, Թուրքիոյ համար նման նախապայման վերացած էր։Թուրքերը այս անգամ պատրաստ էին Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, թէեւ մերթ ընդ մերթ երեւան կու գային տարբեր «խոչընդոտներ», ինչպէս՝ հայկական Սփիւռքի գործօնը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման թղթածրարը, Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու գործունէութիւնը, հայկական պահանջատիրութեան էութիւնը, որոնք թուրքերը կը մղէին միջամուխ դառնալու հայկական ներքին իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն՝ նախապայմանային թրքական քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք Երեւանի իշխանութիւններուն թելադրանքներ եւ ցուցմունքներ կատարելու հաւակնութիւններ ունենալով։Այս ծիրին մէջ Անգարայի իշխանութիւններուն առաջնահերթ նպատակն էր սեպ խրել Հայաստանի եւ հայկական Սփիւռքի միջեւ,սփիւռքահայութիւնը ներկայացնելով իբրեւ խանգարիչ տարր,թէ կը մերժէ եւ կ՛արգելակէ Հայաստան- Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու կայացումը, հետապնդելով «պատմութեան էջերուն անցած եւ ժամանակավրէպ յիշողութիւններու վրայ հիմնուած պահանջներ, որոնք այլեւս պատմութեան անցած են եւ ժամանակակից արժէքէ զուրկ են»։ Անշուշտ խօսքը եւ ակնարկութիւնը կ՛երթար Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան։
Երեւան – Անգարա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթին մէջ ճիշդ է, որ հայկական Սփիւռքի գործօնը առանցքային դերակատարութիւն եւ ազդեցութիւն ունի, սակայն պէտք է դիտել տալ,որ Անգարայի հարաւային կովկասեան ընդհանուր քաղաքականութեան էութիւնը ունի իր առանձնայատկութիւնները, որոնց գումարին մէջ հայկական Սփիւռքը երկրորդական թիւ մըն է։Այս ծիրին մէջ Երեւանի իշխանութիւններէն կ՛ակնկալուի չտարուիլ թրքական մանուածապատ քաղաքականութեան դարձդարձիկ ոլորապտոյտներէն եւ չիյնալ ծուղակը՝ հայկական Սփիւռքը օտարացնելով։ Հայ Դատը քաղաքական յարաբերութիւններու եւ նախագիծերու զոհ պէտք չէ դառնայ։Երեւանի իշխանութիւնները այս իրականութիւնը պէտք է համարեն առաջնահերթ եւ ըստ այնմ կառուցեն հայեւթուրք դիւանագիտական յարաբերութիւններու տրամաբանութիւնը։
Read Time:1 Minute, 44 Second