ՄԵՆՔ՝ ՀԱՅԵՐՍ

0 0
Read Time:3 Minute, 50 Second

Գէորգ ՊԵտիկեան

Մենք՝ հայերս, իրական եւ ապրող ժողովուրդ ենք: Այսպէս ենք: Մենք, նոյնիսկ հեռուէն կամ մօտիկէն, մեր նստած տեղէն, յանկարծ ամէն մէկս կրնայ «փիլիսոփայել» իր ուզած ձեւով եւ կշիռով: Սակայն, նաեւ պէտք է աւելցնել, որ իբրեւ առանձին-առանձին անհատներ, հայերս խելացի եւ աշխատասէր ժողովուրդ ալ ենք: Բայց, երբ կը միանան հինգ-տաս հայ, անմիջապէս կը ծնի տեսակ մը աներեւակայելի կացութիւն, որ կը խանգարէ եւ կը խոչընդոտէ հայու կեանքի ընթացքը: Մէկ խօսքով, անհրապոյր մթնոլորտ: Սուր մեղանդրանքներով՝ երկպառակտում: Անվայել նախանձ եւ ոխ:

Ահա մարդկային նկարագրէն փոխ առնուած «գոյներ»:

Եւ որովհետեւ շատ-շատերու նման, ես ալ մտահոգ եմ, ուստի ամէն առիթով մեր մարդկային ժեստերու ետեւ թագնուած այս իրականութիւն-կէտերը փորձած եմ եւ համեստօրէն լոյսին բերել ու ընթերցողին հրամցնել, որպէսզի ան ալ իր կարգին կատարէ իր «վերլուծումը» ազատօրէն եւ անկաշկանդ:

Բայց… ինչո՞ւ յանկարծ այս մտորումներն ու տեսակէտները: Միտքս պարզեմ:

Իբրեւ հայեր, նաեւ ըսեմ որ խոր տխրութիւն մը կայ մեր շուրջը: Սուգ եւ ցաւալի իրավիճակ: Նորութիւն չէ: Հայրենիքի համար ո՛չ միայն հազարաւորներ զոհուած են, նաեւ՝ համայնական հողի կորուստ եղծա է : Տեսած ենք վիշտ: Աւելի սարսափելին՝ տեսած ենք սերունդի մը կորուստը: Տակաւին՝ հայրենի ներկայ եւ մօտիկ անցեալի անօրինակ եւ անժամանակ դէպքերը, պարտութիւնները, գոյութեան վտանգն ու աղէտալի վիճակը, որոնք ամէն օր սկսած են մրճահարել մեր միտքերն ու հոգիները:

Այս ընթացքով, ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս իրագործել մեր պատմական ճակատագիրը:

Միշտ շեշտած ենք, որ հայրենիքը պէտք է ըլլայ ու մնայ մեր բոլորի կեանքի բանալին եւ առաքելութիւնը:Այս մէկուն հաւատացողներէն եմ՝ հաստատապէս: Լաւ յիշենք…մեր անհոգութեան եւ գիտակցութեան պակասէն, կրնայ նաեւ զոհ երթալ մեր երկրի անկախութիւնը: Պարզ զգացումներով հայրենիք եւ պետութիւն չստեղծուիր: Հայրենասիրութիւնը խօսքով չըլլար: Արեանդ մէջ մէջ պէտք է ըլլայ, իբրեւ արիւնէդ՝ խօսքին անցնող աւիշ:

Ներկայիս, լաւատեղեակ ենք, թէ հայրենի հողին վրայ ամէն ինչ խառնակ է: Տեսանելի է: Նաեւ գիտենք, որ ինչպէ՞ս քաղաքական գայլերը պատրաստ են մեզ յօշոտելու: Ու թէեւ ամէն հայրենիք եւ ամէն ազգ, իր իւրայատուկ պայմանները ունի, հաւաքական կենսունակութեան համար, բայց այնպէս կ’երեւի, թէ մենք տակաւին չենք անդրադարձած այս իրողութեան: Այսօր դարձեալ մեզ կը տանջեն յաւիտենական հարցերը: Արդեօ՞ք տեղեակ ենք, թէ ի՞նչ կը կատարուի մեր մօտ, մեր շուրջը: Արդեօ՞ք գիտենք, թէ մեր այս ներկայ ընթացքով, մենք եւ մեր հայրենիքը ո՞ւր կ’երթանք, եւ ո՞ւր  պիտի հասնինք: Արդեօ՞ք մեր գլխաւոր նպատակը միայն հայ մնալն է:

Չեմ գիտեր…պատասխան չունիմ: Դուք ձեզի հարցուցէ՛ք: Ասոնք՝ անկասկած, լուրջ հարցեր են, որոնց մասին միասին պէտք է մտածել:

Կ’ըսեն.- «երազելը աւելի լաւ է… քան մտածելը»: Շատ ճիշդ: Որովհետեւ երազելը քաղցր եւ անուշ է: Որովհետեւ, նաեւ պատասխանատուութիւն չի կրեր: Բայց… երազելով հայրենիք չենք կրնար պահել: Այս օրերուն մեզմէ անկախ եւ յաճախ ալ մեր ձեռքերով հասունցած են մեր երկրի ցաւերը, որոնք կը ցնցեն մեր գիտակցութիւնը: Մեր հպարտութիւնը: Հայու պատմական հոգիի մեր թռիչքը:

Միշտ արդարութիւն երազած ենք, եւ միամտօրէն անոր ներկայութեան սպասած, առանց անդրադառնալու, որ նախապայման է մեր միասնական նպաստը ա՛յդ արդարութեան ձեռնամուխ ըլլալու, եւ զայն վերահաստատելու ձգտող ճիգերուն: Նաեւ, ճիշդ է որ արդարութեան եւ խաղաղութեան համար, մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, շատ ազնիւ բաներու հանդուրժած ենք:

Բայց…:

Ներկայիս մեր երկրին ամէնօրեայ աղմուկը գողցած է մեր բոլորին ուրախութիւնը: Լոյսէն եւ իրականութենէն խոյս տուողներ դարձած ենք: Սխալներ շատ ունինք, գիտակցաբար կամ ոչ՝ սակայն գործուած: Դժբախտաբար չենք փորձած սրբագրել: Անոր համար «դիզուած» են: Ուստի, սրբագրելու եւ սրբագրուելու համար, ընդհանուր միջին լուծում պէտք է փնտռենք: Արագ եւ արդար:

Անկասկած, այս մտահոգութիւնները կը պատկանին բոլորիս: Ու կը կարԾեմ, որ այս բոլորին իբրեւ պատասխան-լուծում, մենք անմիջական պահանջքն ու կարինքը ունինք ստեղծագործ ե՛ւ միտքերու, ե՛ւ բազուկներու: Ձեւապաշտ մեր ներկայ վիճակէն դուրս գալ է պէտք, որպէսզի մեր երազը մեզի հետ տանինք, իբրեւ ժառանգ եւ օրհնութիւն:

Այս «կէտերը» միշտ թելադրած ենք եւ նոյնիսկ ամէն առիթով շեփորած, թէ էական է, որ մեր մօտեցումները, ընբռնումները վերանայուին ու վերարժեւորումի ենթարկուին, յանուն մեր եւ մեր հողի ապահովութեան:

Այո՛, լաւատեղեակ ենք: Գիտենք: Պատմութիւնը վկայ: Մեր մօտ ձեռք-ձեռքի, գիրկ-գիրկի, լացն ու ժպիտը, հաճոյքն ու կոծը, սէրն ու վէրքը դարերով քալած են եւ տակաւին կը քալեն:Անոր համար, տակաւին շուարած կը նայինք մեր ճակատագրի կոյր աչքերուն:

Եւ որպէսզի կարողանանք ձեռնամուխ ըլլալ մեր երկրի վերակառուցման ճիգերուն, նաեւ նախապայման է հայրենիքը դարձնել մեր ամէնօրեայ օրացոյցը: Մեր բոլորին ճիգերը պէտք է ծառայեն նպատակին, որուն իրականացման համար զոհողութիւն է պէտք, սէրով, նուիրումով, ազգային գիտակցութեամբ եւ քաղաքական հասունութեամբ շաղախուած:

Մեր մեծերէն լսած եւ սորված ենք, թէ.- «յաղթանակի ուղին մեր միասնութիւնն է»: Բայց ո՞վ է լսողը:

Պայման է, որ բոլորս ալ կոչուինք որակ դառնալ հայրենիքին եւ ազգին համար:

Եւ եթէ այդպէս է… արդեօ՞ք այս բոլորէն ետք, քաջութիւնը պիտի ունենանք մենք զմեզ սրբագրելու: Ա՜լ հերիք է ըսենք..-.«մենք հայերս…այսպէս ենք», ու մենք զմեզ արդարացնենք կամ դիմացինը համոզենք:  

Ազգի վերազարթնումին եւ նոր յաղթանակներու կերտումին հաւատացող մըն եմ: Բայց այս գաղափարներուն իրականացման համար մեր ազգային սփաթումը կենսական է: Պէտք է սթափի՛լ, որովհետեւ ճակատագրական պահը հասած է:

 

bedig43@aol.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles