Ազատութիւն (Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան Տօնին Առթիւ)

0 0
Read Time:3 Minute, 57 Second

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան         

Յուլիս 4, Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու անկախութեան տարեդարձն է: Ամերիկան թէեւ հին երկիր մըն է, սակայն Քրիստափոր Գոլոմպոս զայն գտաւ 1492-ին: Այդ թուականէն մինչեւ 18րդ դարու վերջաւորութեան, բաւական մեծ թիւով եւրոպացիներ, ինչպէս սպանացիներ, հոլանտացիներ, իտալացիներ, ֆրանսացիներ եւ անգլիացիներ, հաստատուած էին Ամերիկայի տարբեր վայրերու մէջ: Գաղթողներու ամենէն տիրականները եղան անգլիացիները, որոնք մինչեւ 1700-ական թուականներու աւարտին, արդէն հիմնած էին 13 բարգաւաճ գաղութներ Ամերիկայի արեւելեան շրջանին մէջ: Այս գաղութները կը կառավարուէին Անգլիական խորհրդարանի որոշումներով: Գաղութները հում նիւթեր կ’արտածէին Անգլիա, եւ փոխադարձաբար անհրաժեշտ իրեր կը ներածէին անկէ:

Անգլիա տարուէ տարի իր նորանոր օրէնքներով եւ յաւելեալ պետական հարկերով սկսած էր մեծ ընդվզում պատճառել գաղթողներու: Ժամանակ մը եղաւ երբ գաղթողները արդար ցասումով ըմբոստացան: Իրենց նշանաբան ընտրեցին ամերիկացի յեղափոխական Փաթրիք Հէնրիի լօզունքը, «Տուր ինծ ազատութիւն կամ մահ»:  Հետզհետէ կացութիւնը աւելի վատթարացաւ: 1765-ին յեղափոխական Սամուէլ Ատամզ կազմակերպեց բողոքողներու գաղտնի խումբ մը «Ազատութեան Որդիներ» անունով, որոնք սկսան ահաբեկել անգլիացի հարկահաւաքները: 1773-ին անոնք, որպէս բողոք, Պոսթընի նաւահանգիսստին մէջ 300 թէյի խոշոր սնտուկներ ովկիանոսը թափեցին: Այս դէպքը քաղաքական յանդուգն ելոյթ մըն էր, որ կոչուեցաւ «Տը Պոսթըն Թի Փարթի» (The Boston Tea party): Ասոր որպէս հետեւանք, Անգլիա դիմեց խիստ պատճամիջոցներու: Գաղութներու կարգապահութիւնը պահելու համար զինուորական ոյժ ղրկեց Ամերիկա:

Տարի մը յետոյ, 1774-ին, 12 գաղութներու ներկայացուցիչները ժողով մը գումարեցին Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ, որ կոչուեցաւ «Առաջին Համագաղութային Համագումար» (First Continental Congress): Համագումարը որոշեց նամակ մը ղրկել Անգլիոյ թագաւոր Ճօրճ Գ.ի՝ ճնշող հարկերու նկատմամբ: Թագաւորը, փոխանակ հասկացողութիւն ցոյց տալու, անզիջող դիրք բռնեց եւ հրահանգեց որ հպատակին իր հրահանգներուն:

Ի տես այս ժխտական դիրքաւորումին, գաղութներու ներկայացուցիչները իրազեկ ըլլալով, որ Անգլիա ի վերջոյ, բիրտ ուժով պիտի պարտադրէ իր կամքը, որոշեցին ժողովրդային բանակներ կազմակերպել: Այսպէս, դիմադրական խումբեր կազմուեցան զանազան գաղութներու մէջ «Մինիթմէն» (minutemen) յորջորջումով, որոնք պատրաստ էին «րոպէական թշնամիին դէմ պատերազմելու»:

Ընդիմութիւնը զսպելու համար Անգլիա աւելի մեծ բանակ մը ղրկեց: Այսպէսով ծայր տուաւ Ամերիկայի անկախութեան պատերազմը: Առաջին ռազմական բախումները տեղի ունեցան Պոսթընի արուարձան Լէքսինկթըն եւ Քօնքորտ քաղաքներու մէջ:

1775-ի Մայիս ամսուն տեղի ունեցաւ «Երկրորդ Համագաղութային Համագումարը» (Second Continental Congress) դարձեալ Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ, որու ընթացքին արծարծուեցաւ 13 գաղութներու անկախութեան հարցը: Համագումարը նաեւ որոշեց նշանակել Ճօրճ Ուաշինկթընը իբրեւ ամերիկեան բանակի ընդհանուր հրամանատար: Այդ թուականէն շուրջ տարի մը ետք, Յուլիս 4, 1776-ին, համագաղութային համագումարի 56 ներկայացուցիչները հռչակեցին «Անկախութեան Յայտարարութիւնը» (Declaration of  Independence): Այսպէս ծնունդ առաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը:

Անկախութեան յայտարութենէն ետք, շուրջ վեց տարի եւս, շարունակուեցաւ պատերազմը Անգլիոյ եւ նորածին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն միջեւ: Ի վերջոյ, պատերազմը վերջ գտաւ 1781-ին երբ Ճօրճ Ուաշինկթըն Եորքթաուն քաղաքին մէջ յաղթանակ տարաւ Անգլիական բանակին վրայ: Այդ թուականէն մօտ երկու տարի յետոյ 1783-ին Փարիզի մէջ խաղաղութեան դաշինք կնքուեցաւ եւ Անգլիա վերջապէս ճանչցաւ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու անկախութիւնը:

Յուլիս 4, 1776-էն մինչեւ մեր օրերը մօտ երկուք ու կէս դար անցած է եւ Ամերիկա դեռ կը շարունակէ իր անկախութիւնը պահել, որուն համար ամէն ամերիկեան քաղաքացի երախտապարտ ըլլալու է: Ներկայիս ամէն ամերիկացի պէտք է հպարտ եւ երախտապարտ զգայ իր վայելած բոլոր շնորհներուն եւ մանաւանդ իր վայելած ազատութեան համար:

Ազատութիւնը համամարդկային, ընդօծին բնազդ մըն է, որ մարդոց ծնունդէն իվեր ի յայտ կու գայ անոնց կեանքին մէջ: Մարդիկ չեն սիրեր կաշկանդուիլ, արգելափակուիլ, կապանքուիլ: Ընդհակառակը կը սիրեն ազատ ապրիլ, ազատ մտածել եւ ազատօրէն շարժիլ, արտայայտուիլ, աշխատիլ եւ ստեղծագործել: Ազատութիւնը բոլոր մարդոց անբռնբարելի իրաւունքն է:

Ազգեր ալ, մարդոց նման, կը սիրեն ազատ ըլլալ, անկաշկանդ ապրիլ, ազատ կերպով արտայայտուիլ եւ գործել, ազատօրէն ծրագրել իրենց ներկան եւ ապագան: Գերեվարուած եւ կիսանկախ ազգեր կը պայքարին լիովին ազատագրուիլ, անկախանալ եւ դառնալ գերիշխան անկախ պետութիւն:

Բայց, ի՞նչ կը նշանակէ ազատ ըլլալ: Ազատ ըլալ չի նշանակէր ընել այն ինչ որ մէկը կ’երեւակայէ, կը ցանկայ ընել: Սանձազատ, անսանձ եւ սանձարձակ գործելակերպը ազատութիւն չէ երբեք: Ազատութիւնը իր սահմանները ունի: Բնութեան մէջ օրէնքներ կան, որոնք եթէ չյարգուին վնասակար եւ երբեմն աղէտաբեր կը դառնան: Օրինակ, թռչունը ազատ է թռչելու իր միջավայրին, օդին մէջ: Այն պահուն, որ փորձէ ջուրին մէջ եւ ջուրին յատակը թռչիլ իր ազատութիւնն ու կեանքը կը կորսնցնէ: Նմանապէս, ձուկը եթէ իր միջավայրէն, ջուրէն դուրս ելելով կեանք վարել ուզէ, վերջ կը դնէ իր ազատութեան եւ կեանքին:

Մարդոց համար ալ նոյնն է պարագան: մարդոց ազատութիւնը սահմանափակուած է բնութեան եւ բարոյական օրէնքներով եւ սկզբունքներով:

Տիեզերքն ու բնութիւնը օրէնքներու կարգապահութեամբ կը կառավարուին: Երբ այդ օրէնքները բեկանուին արդիւնքը քաոսային եւ աղէտաբեր կը դառնայ:

Նոյնպէս  պետութեան մը մէջ սահմանադրութիւն եւ կանոնագիր կայ, որու սահմանած օրէնքները եթէ չյարգուին՝ այդ պետութիւնը եւ անոր քաղաքացիները կը կորսնցնեն իրենց ազատութիւնը եւ այնտեղ կը տիրէ անիշխանութիւն, ապօրէնութիւն եւ կեանքի անապահովութիւն:

Ազատութիւնը անհատներու եւ ազգերու համար առանձնաշնորհում մըն է, որուն անբաժան կ’ընկերակցի  պատասխանատութեան գիտակցութիւնը: Վերցուր պատասխանատուութիւնը մարդոց եւ ազգերու կեանքէն, անոնք կը կորսնցնեն իրենց ազատութիւնը եւ կործանումի ճամբան կը բռնեն:

Վերջապէս, ազգեր իրենց ազատութեան տիրանալու համար պատրաստ կ’ըլլան ֆիզիքական, բարոյական եւ հոգեւոր զոհողութիւններ ընելու, նոյն իսկ իրենց քաջարի որդիներուն կեանքը զոհել: Այդպէս ըրին նաեւ Ամերիկայի ազատութեան համար պայքարող ռահվիրաները:

Անկախութեան օրը ոչ միայն տօնակատարութեան, կերուխումի եւ հաճոյքի օր մը ըլլալու է այլ նաեւ վերանուիրման եւ ուխտի օր մը՝ Ամերիկայի ազատութիւնը ու անկախութիւնը անսասան պահելու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles