Read Time:5 Minute, 59 Second
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
20 Սեպտեմբեր 2024
Շար. 11/12
haroutchekijian.wordpress.com
105 տարի առաջ, 16 Հոկտեմբեր 1919-ին Հարպորտ իր տեղեկագիրը յանձնեց արտաքին գործոց նախարար Ռապըրթ Լենսինկին (1864–1928): Այդ օրէն ի վեր Հարպորտն ու իր տեղեկագիրը մոռցուած չեն, յատկապէս՝ ամերիկեան բանակին կողմէ նաեւ, մեր կողմէ եւ խեղաթիւրել փորձողներուն կողմէ: Այս նիւթը սակայն, մինչեւ վերջերս ալ, ըստ արժանւոյն կ՛արծարծուի պաշտօնական մակարդակով` Ամերիկայի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ:
Այսպէս, խիստ կարեւոր եւ վաւերական այժմէական արժէք ներկայացնող՝ իր Dvids կայքէջին մէջ, Միացեալ Նահանգներու բանակի հետախուզական գերազանցութեան կեդրոնի` U.S. Army Intelligence Center of Excellence պատմաբան դոկտ. Էրին Թամսընի` Erin E. Thompson, USAICoE Staff Historian, 13 հոկտեմբեր 2023-ի. «Զօրավար Հարպորտ Հայաստանի առաքելութեան տեղեկագիրը կը յանձնէ (16 հոկտեմբեր 1919)» խորագիրով յօդուածը եւ մասնաւորապէս յօդուածին լուսանկարը՝ հայերու տեղահանութիւնը ներկայացնող (1), վարը` նկար 1:
Կարծես թէ այս նկարը, իր տակի բացատրութիւնով, ուղղակի կը պատասխանէ Հուլուսի Աքարի սուտին ու ձաբռտուքին, թէ՝ Հարպորտի տեղեկագիրը հայերու կոտորածներուն մասին չէր գրած: Ահաւասիկ այսպէս. «Հայեր, քաղաքի մը հրապարակին մէջ տեղահանութեան կը սպասեն: Կը հաղորդուի, որ անոնք քաղաքէն դուրս սպաննուած են»: Հեղինակը իբրեւ Հարպորտի տեղեկագիրը ներկայացնող լուսանկար, ո՛չ Հարպորտ անձին նկարը, ո՛չ ալ առաքելութեան հարիւրաւոր ուրիշ նկարներէն ընտրած է, այլ՝ տեղեկագիրին էջ 7-ին մէջ բացատրուած ու ծրագրուած ոճիրին դրութեան փաստը ներկայացնող նկար:
Շատ հաւանական է, որ Հուլուսի Աքարին, Էրտողանին, Չաւուշօղլուին եւ իրենց նման պետական դիրքերու հասած շատերուն մեծ հայրերը մասնակից էին այս թալան-ոճիրներուն, եւ անոնք սպաննեցին, կողոպտեցին ու տիրացան հայ զոհերուն կալուածներուն եւ ունեցուածքին, որ այժմ իրե՛նք ժառանգած են:
Դժբախտաբար շատ քիչ են այս խիստ կարեւոր նիւթով հայերէն անդրադարձները եւ յօդուածները: Պէտք է նշել, որ Հարպորտի առաքելութեան ակնարկող 15 յօդուածներ գրած եմ «Ազդակ»-ին մէջ, որոնց գլխաւորը՝ «Սեւրի դաշնագիրը եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ» Առաքելութիւնները – Ա. (2) եւ Բ. (3): Ինչպէս նաեւ 26 Սեպտեմբեր 2017-ին, պատրաստած եմ Հարպորտի Ուիքիփետիայի արեւմտահայերէն 230-է աւելի տող նոր էջը, որ գոյութիւն չունէր (4): Իսկ 2012-ին ստեղծուած արեւելահայերէն էջը` «Հարբորդի առաքելութիւն» (5), միայն 34 տող է, յօդուածի մը վայել շարադրական ձեւը չունի, այլ շատ ամփոփ ու տեղեկութիւններով խճողուած կոյտ մըն է, որմէ կը պակսին կարեւոր նիւթեր: Քանի՛ որ արեւելահայերէն գրելու ունակ չեմ, կ՛առաջարկեմ, որ Ուիքիփետիայի արեւելահայերէն գիտցող խմբագիր մը արեւմտահայերէն էջին հետեւողութեամբ, որ ամբողջական է եւ համադրուած, արեւելահայերէնի վերածէ զայն:
Թամսընի յօդուածին միտք բանին այն է, որ Հարպորտ առաքելութիւնը Ամերիկեան բանակի հետախուզութեա՛ն բաժանմունքին մաս կը կազմէր, ուստի՝ աւելի՛ վաւերական է: Կը թարգմանեմ հատուածներ.
«16 Հոկտեմբեր 1919-ին զօրավար Ճէյմս Ճ. Հարպորտ յանձնեց իր հետախուզական առաքելութեան վերջնական տեղեկագիրը խաղաղութեան բանակցող Ամերիկեան պատուիրակութեան՝ Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովին: Տեղեկագիրը կը մանրամասնէր յետպատերազմեան Եւրոպայի (Մերձաւոր Արեւելքի*) մէջ քաղաքական եւ ռազմական պայմաններուն վերաբերեալ ամիսներ տեւած հետաքննութիւնը, մասնաւորապէս, թէ` ինչպէ՛ս հայերուն դէմ պատերազմն ու ցեղասպանութիւնը ազդած են Արեւելեան Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան հաստատման Ամերիկայի ջանքերուն վրայ։
«Գնդապետ Ռալֆ Վան Տեման իբրեւ հետախոյզ կը ծառայէր Ամերիկեան Խաղաղութեան յանձնաժողովին մէջ… Ան ղեկավար նշանակուեցաւ Փարիզի խաղաղութեան ժողովի բոլոր հակալրտեսական գործողութիւններուն: Անոր պարտականութիւններուն մէկ մասը կը ներառեր ընթացիկ դիւանագիտական եւ քաղաքական նամակագրութեան յանձնաժողովին անդամ ըլլալը… Հետեւաբար, Խաղաղութեան ամերիկեան յանձնաժողովը յաւակնոտ ծրագիր առաջարկեց՝ ճշգրիտ հետախուզութիւն հաւաքելու Եւրոպայի անհանդարտ շրջաններուն մէջ:
«Էլիս Լ. Տրեզելը, 1915–1917 Պերլինի (Ամերիկեան դեսպանատան*) ռազմական կցորդն էր, հետագային գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը, կ՚ընտրուի Ամերիկեան Խաղաղութեան յանձնաժողովին կից նոր ծրագիրի նախագահ։ Այս եզակի յանձնախումբը կը վերանայէր Եւրոպայի տարբեր հատուածներու ռազմական կցորդներու զեկուցումները, նախքան ներկայացնելը խաղաղութեան բազմազգ խորհուրդին: Կոմիտէն ստեղծեց «առաքելութիւններ»՝ տեղեկութիւն հաւաքելու Եւրոպայի առանցքային շրջաններուն մէջ, ներառեալ փլուզուող Օսմանեան կայսրութեան տագնապալի շրջանները: Այս առաքելութիւնները կը ղեկավարուէին յանձնաժողովին կողմէ եւ գլխաւորաբար բաղկացած էին ամերիկեան կառավարութեան եւ զինուորական անձնակազմէն: Գնդապետ Վան Տեման, հազարապետ Ռոյալ Թէյլըր եւ հազարապետ Տիլենսի Քունցը ծառայած են իբրեւ Ամերիկեան բանակի ներկայացուցիչներ այս ծրագիրին համար:
«Այդ առաքելութիւններէն մէկն էր Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւնը դէպի Հայաստան՝ զօրավար Հարպորտի գլխաւորութեամբ։ Խաղաղութեան խորհրդաժողովին համար յատկապէս ծանր խնդիր էին Թուրքիան և Հայաստանը։ 1915–էն 1917 օսմանեան թուրքերը կոտորած՝ ջարդած էին 600 հազարէն մինչև մէկուկէս միլիոն հայեր, որոնք կը կազմէին հիւսիսարեւմտեան Ասիոյ հայ բնակչութեան կէսէն աւելին։ Հազարաւոր մարդիկ ալ տեղահանուեցան, վաճառուեցան ստրկութեան, կամ ամուսնութեան՝ թուրքերու հետ կամ՝ բռնի իսլամացան:
«Հարպորտ ծառայած էր իբրեւ զօրավար Ճոն. Փըրշինկի սպայակոյտի պետ 1917–1918, իսկ աւելի առաջ՝ պատերազմի ընթացքին, ղեկավարած էր 4-րդ ծովային զօրամասը եւ 2-րդ հետեւակային գունդը՝ նախքան ստանձնելը Եւրոպայի ամերիկեան ուժերուն մատակարարման ծառայութիւնները։ Հարպորտի ռազմական հեղինակութիւնը, փորձառութիւնն ու ուղղամտութիւնը պատճառ դարձան անոր Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար նշանակումին:
« Տեղեկագիրը կ՚ամփոփէր առաքելութեան արաքումը Հայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ մէջ, կը ներառեր հայերու մասին ընդհանուր պատմութիւնը եւ անոնց յարաբերութիւնները թուրքերու եւ ռուսերու հետ. պետական պաշտօնեաներու, զոհերու, վկաներու եւ ցեղասպանութեան յանցագործներու հետ հարցազրոյցներ եւ Խաղաղութեան համաժողովին առաջարկներ՝ տարածաշրջանին մէջ հետագայ հակամարտութիւնը սահմանափակելու համար:
« Ըստ Հարպորտի տեղեկագիրին, Օսմանեան կայսրութեան փլուզումին առթիւ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութեան միակ միջոցը, Միացեալ Նահանգներուն կողմէ հայերը (Հայաստանը*) ներառելն էր ամբողջ Փոքր Ասիոյ եւ նախկին կայսրութեան նոր երկիրները հովանաւորելուն mandate եւ անոնց օգնութիւն տրամադրելուն մէջ: Զգուշացնելով, որ միայն հայերուն օգնութիւնը կրնայ պատճառել հետագայ արիւնահեղութիւն եւ ընդգծած է, որ «անցեալի ոճիրներու համար հաշուեյարդար կատարելու փորձութիւնը առնուազն մէկ սերունդ կը գոյատեւէ»: Վերջ Թամսընի յօդուածին:
Անհրաժեշտ է շեշտել, որ «Հարպորտ առաքելութեան» տեղեկագիրը Հայ դատին` Արեւմտահայաստանի վերականգնման համար մնայուն եւ այժմէական կարեւոր արժէք կը ներկայացնէ, որուն փաստերէն երկուքը տեսանք վերջին մասին մէջ (7), ուր Թուրքիոյ նախորդ պաշտպանութեան նախարարը փորձած էր անյաջող կերպով խեղաթիւրել զայն, ինչպէս նաեւ ամերիկացի զինուորական մը անհատական, անպաշտօն կերպով, իրենց դոկտորականի թէզերով, որպէսզի արժեզրկեն Հարպորտի տեղեկագիրը, որմէ կը սարսափի թուրքը:
Ինչո՞ւ թուրքը կը սարսափի Հարպորտի տեղեկագիրէն, քանի որ ան կը ներկայացնէ ամերիկացի 53 զինուորական հետախուզական մասնագէտներու թարմ, անմիջական ու անաչառ վկայութիւնը` հայկական բնակավայրերուն մէջ կատարուած ցեղասպանութեան, թալանին եւ իրավիճակին:
Այնտեղ տեսանք Թուրքիոյ նախորդ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին շրջուած տրամաբանութիւնը, որով Հարպորտի տեղեկագիրին էջ 6-էն 8 (վերը նկար 3 եւ 4), թիւերով նշուած՝ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ գործադրուած հայերուն դէմ կազմակերպուած ջարդերն ու տեղահանութիւնը իբրեւ փաստ՝ ի շահ թուրքին ներկայացուցած է… Չեմ կարծեր, որ այդքան յիմար է ան, այլ՝ հաւանաբար, կարծած է, որ ոեւէ մէկը պիտի չկարդայ Հարպորտին տեղեկագիրը… Այս է թուրքին մտածելակերպը, փաստերը ոտնակոխել, ուրանալ եւ ի շահ իրենց ներկայացնել, այս է թրքական համալսարաններու դոկտորականի մակարդակը՝ սատանան բարեգործ հրեշտակ ներկայացնել եւ բացայայտ սուտը՝ իրականութիւն համարել եւ աղաղակող փաստերը գլխիվար շրջել:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:
1. https://www.dvidshub.net/news/455770/gen-harbord-submits-report-armenia-mission-16-oct-1919
2. https://hairenikweekly.com/?p=61148
3. https://www.aztagdaily.com/archives/359654
4. https://www.aztagdaily.com/archives/359818
5. https://hyw.wikipedia.org/wiki/Հարպորտ_Առաքելութիւն
6. https://hy.wikipedia.org/wiki/Հարբորդի_առաքելություն
7. https://hairenikweekly.com/?p=61148