ՀԱՅՐ ՍԱՀԱԿ Ծ. ՎՐԴ ԵՄԻՇԵԱՆ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԹԵՄԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԸՆՏՐՈՒԱԾ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի թեկնածութիւնը ներառուած ըլլալով Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդական ընտրութեան եռանուն ցանկին մէջ, Երկուշաբթի, Յուլիս 1-ի արտահերթ ժողովին, Թեմին Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը առաջնորդ ընտրեց Գերապատիւ Հայր Սուրբը ձայներու մեծամասնութեամբ։
Այս առիթով, Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հայրապետական 1 Յուլիս պաշտօնագրով, իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ժողովական անդամներուն եւ վաւերացնելով առաջնորդական ընտրութիւնը՝ յաջողութիւն մաղթեց առաջնորդ հայր սուրբին եւ թեմին կողմէ իրագործելի ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն։
Գերապատիւ Տէր Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ ծնած է Երեւան, 1983-ին: Աւազանի անունով՝ Ռազմիկ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Լուսառատի միջնակարգ դպրոցին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք մուտք գործած է 1997-ին։ Մայիս 2004-ին կը ձեռնադրուի սարկաւագ եւ ութամեայ շրջանը բոլորելով՝ կուսակրօն քահանայ կը կ՚օծուի 14 Մայիս 2006-ին՝ ձեռամբ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեանի։ Վարդապետական գաւազան կրելու իրաւունք կը ստանայ Դեկտեմբեր 2010-ին: 8 Օգոստոս 2012-ին Վեհափառ Հայրապետը իրեն կը շնորհէ վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք: 29 Մայիս 2016-ին կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները:
Հայր սուրբը, Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար կը մեկնի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմ: Նախքան Ամերիկա մեկնիլը, հայր Սահակ Կաթողիկոսարանէն ներս վարած է հետեւեալ պաշտօնները.– արխիւատան տեսուչի օգնական, երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ, Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ի հոգեւոր խորհրդատու, ուսուցիչ Դպրեվանքի ժառանգաւորաց ու ընծայարանական բաժիններուն եւ հոգեւոր հովիւ Թեսաղոնիկէի:
Լիբանանի մէջ հետեւած է անգլերէն լեզուի դասընթացքներու՝ American Language Center-ին մէջ. իսկ Թեսաղոնիկէի մէջ՝ Արիստոստելեան Համալսարանի (Aristotelian University) արդի յունարէն լեզուի։ 2013-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ: Համալսարանական ուսման կողքին, հոգեւոր պաշտօններ կը վարէ նոյն թեմէն ներս: Կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ Ուսթըրի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ։ 2018-ին Պոսթընի Համալսարանէն (Boston College) կը ստանայ Մագիստրոս Աստուածաբանութեան եւ Հովութեան վկայականը (M.A.T.M.)։ 2021-էն ի վեր կը շարունակէ բարձրագոյն ուսումը Ֆորտհամ (Fordham University) համալսարանէն ներս՝ հետեւելով Փիլիսոփայութեան Դոկտոր ծրագրին (Ph.D. in Administration and Leadership)։