Յունիս 22-ին գիշերը յանկարծամահ եղաւ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Լալա Մնացականեանը:
Ան ծնած է Հոկտեմբեր 8, 1957-ին, Երեւան: Մայրը` Էլիզա Կիւլեսերեան, եղած է բեմական խօսքի դոցենտ, հայրը` Բաբգէն Մնացականեան` մեթեմաթիկոս, թուաբանական գիտութիւններու թեկնածու։ Լալա իր ընտանիքին երրորդ աղջիկն է: Ան ուսանած է Երեւանի թիւ 78 դպրոցին մէջ, որմէ ետք ընդունուած է Երեւանի պետական գեղարուեստական-թատերական հիմնարկի թատրոնի եւ շարժանկարի դերասանական բաժինը, որ աւարտած է 1978 թուականին կարմիր վկայականով: Լալա խաղացած է բազմաթիւ դերեր` թատրոնի, շարժանկարի եւ պատկերասփիւռի աշխարհներուն մէջ: Հետաքրքրական դերակատարումներով հանդէս եկած է տարբեր թատրոններու մէջ` Երեւանի Երիտասարդական փորձառական, Վանաձորի Յովհաննէս Աբէլեանի անուան պետական տրամաթիքական, Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական, «Մեթրօ» եւ Մհեր Մկրտչեանի անուան թատրոններուն մէջ: Ան նաեւ 140 մանրապատումներու բեմագիր եւ դերակատար է:
Մահուան մասին տեղեկացուցին Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական հիմնարկէն: «Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ կեանքէ անժամանակ հեռացած է դերասանի վարպետութեան եւ բեմադրական ամպիոնի փրոֆեսէօր, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Լալա Մնացականեանը»: