ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՈՒՄԷՆ 33 ՏԱՐԻ ԵՏՔ

0 0
Read Time:1 Minute, 0 Second

Սեպտեմբեր 21-ին կը տօնենք Հայաստանի վերանկախացման 33-ամեակը։ Իսկ դեռ տարի մը առաջ, Սեպտեմբեր 19, 2023-ին Արցախի հայութիւնը տեղահանուեցաւ։

Ժպտի՞լ, թէ՞ տխրիլ։  Պարծենա՞լ, թէ՞ գլխիկոր «կծկուիլ»։

Եռագոյնը կը ծածանի կեդրոնական հրապարակներուն վրա՞յ,թէ՞ անշունչ «քաղաք»՝ Եռաբլուր գերեզմանատան մէջ։

Պատմութեան ներկայի ճակատագրական դարձած պահուն, երբ Հայաստանէն մնացած վերջին բեկորներն ալ վտանգուած են, դժուար է անկախութեան մասին խօսիլ։

Դժուար, թէ պարտուած երկրի մը ղեկավարութիւնը, որ շարունակ կառչած կը մնայ աթոռին, կարենայ նմանօրինակ անկախութեամբ հպարտանալ։

Հայաստանի անկախութիւնը  թէական դարձած է, մանաւանդ երբ ան պարտուած է եւ պարտութիւնը յաղթահարելու համար չէ յաջողած հաւաքական կամք ստեղծել, երբ իրեն կը պակսի ինքզինք քննելու քաջութիւնը, եւ դեռ աւելին` ինքնաքննադատութեամբ տեսնելու պարտութեան պատճառները, որպէսզի կարենայ զանոնք յաղթահարել եւ վերականգնել:

Թող յստակ ըլլայ, որ ամբոխահաճութեամբ (populism) առաջնորդուող երկիր մը անպայման կը բախի իր առջեւ ցցուած իրականութեան եւ ճշմարտութեան հսկայ ժայռին: Ի վերջոյ ժայռոտ երկիր է Հայաստանը։ Ամբոխահաճութիւնը կը բթացնէ ժողովուրդին ողջախոհութիւնը: Այսօր հայորդին դադրած է իրատես ըլլալէ։

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը վտանգուած է։ Անվարանօրէն կարելի է յոռետես նախատեսութիւններ ընել եւ եզրակացնել, թէ այս ընթացքով ան կը վերածուի թրքական վիլայեթի կամ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի․․․

Ամբոխային եւ նոյնիսկ ամբոխահաճութեան տրամաբանութիւնը ազգային գաղափարախօսութեան վերածող յեղափոխական առաջնորդ կը սպասուի:

Ժամանակը չէ եկած․․․այլ շատո՜նց անցած է։

«Հայրենիք»

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles