Տերեւաթափ․- Եղիշէ Չարենցի Դուստրը՝ Անահիտ Չարենց

0 0
Read Time:1 Minute, 2 Second


Յունիս 29-ին, 89 տարեկանին մահացաւ Եղիշէ Չարենցի կրտսեր դուստրը՝ Անահիտ Չարենց։ Բօթը հաղորդեց Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը, որուն անձնակազմը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Չարենց ընտանիքին եւ մտերիմներուն։

Ստորեւ, այս առիթով Վեհանոյշ Թեքեանի յղած գրութիւնը.

ԱՆԱՀԻՏ ՉԱՐԵՆՑԻ ՀԵՏ

Է՜յ, հին օրերէն օր մը. Անահիտ Չարենց Նիւ Եորք էր արդէն եւ քանի մը օր առաջ իր հօր յոբելեանին մասնակցած։ Շաբաթ առտու առի զինք իր հիւրընկալուած տունէն. գացինք Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան պատկառելի շէնքը։

Երկու ժամ ետք, համակրելի, խորիմաց Անահիտն ու ես քալեցինք Մենհեթընի ամայի փողոցներէն. Շաբաթ առտու ըլլալուն ճաշարանները փակ էին, բայց իրլանտական տօն ըլլալուն՝ անոնց գինետուները բաց էին։ Մտանք թափանցիկ կանաչաւուն դուռէ մը եւ գետնախնձորով, խոզի ապուխտով պնակ մը կար առջեւնիս, մենք գարեջուրի բաժակները զարկինք ու զարկինք, կենաց խմեցինք։ Իր մայրը եկաւ, եկաւ Եղիշէ Չարենցը, շապիկը որ լուացուելու ղրկած էր, պատմեց վերջին յուշը իր հօրմէն: Եկաւ անցեալը, եկաւ ձեռագիրներու տակառը, Կարսն ալ եկաւ, Երեւանի բանտախուցն ալ եկաւ, Աղասի Խանճեանը, Ակսել Բակունցը, Չարենցի լուսաւորող պատգամն ու տեսիլքը ձեռք-ձեռքի բռնած ներս մտան, եկան ու եկա՜ն։

Յետոյ դուրս ելանք։ Անահիտը գնաց Հոլանտա, իր աղջկան քով։ Ես ալ վերադարձայ տունս, ուր ամէն օր ահա այսպէս յիշատակ մը կ՛այցելէ ու թեթեւկուն քայլերով կ՛անցնի անհունութեան։

Մեծհօրդ եւ մօրդ արտասովոր կեանքէն ՝ բեղուն օրեր թող հասնին քեզի, սիրելի՛ Գոհար։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles