ԱՐՑԱԽԻ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԷՐ

0 0
Read Time:43 Second

Ուրբաթ, Յունիս 21-ին, Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը արցախցի 40 դպրոցականներու բաժնեց 3.483 տոլարի օգնութեան գումարը, որ հանգանակուած էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Մուրատ» ազգային վարժարանի եւ կիրակնօրեայ դպրոցի եկեղեցւոյ (Փրաւիտենս, Ռոտ Այլընտ) աշակերտներուն կողմէ ։

Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, հանդիպեցաւ դպրոցականներուն եւ անոնց ծնողներուն «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գրասենեակին մէջ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, անոնց հաղորդեց յարատեւ զօրակցութիւնը եւ յայտնեց, թէ թեմի բոլոր ծխականները անխտիր, մանուկներէն մինչեւ երիտասարդներ ու ծերեր, մշտապէս կ՚աջակցին արցախահայութեան, միշտ վստահ ըլլալով, թէ մատղաշ սերունդը պիտի մեծնայ ու դառնայ լաւ մարդ ու լաւ քաղաքացի՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, միշտ նայելով ապագային հաւատքով եւ յոյսով։

Նշենք, թէ մեր բոլոր ծուխերու ընդհանրական օժանդակութեան կողքին, Սուրբ Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Սուրբ Սարգիս (Տիրպորն, Միշիկըն), եւ այժմ Սրբոց Վարդանանց (Փրաւիտընս) եկեղեցիները իւրայատուկ ձեւով կը սատարեն տեղահանուած եղբայրներուն եւ քոյրերուն, անոնց մէջ ներառելով կամքի եւ յարատեւութեան ոգին։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles