ՆՇՄԱՐ.- «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԽԵՆԹ ՉԷ ՄՆԱՑԱԾ…»

0 0
Read Time:5 Minute, 25 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

28 Յունիս 2024

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան երկու թեկնածուներուն՝ Ճօ Պայտընի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ պատկերասփռուած առաջին բանավէճը (դուք ըսէք՝ բեմադրութիւնը) հազիւ աւարտած (Հինգշաբթի, 27 Յունիսի գիշերը), գրաւոր ու լսատեսողական մամուլը ողողուեցաւ անթիւ ու անհամար մեկնաբանութիւններով: Ընդհանուր տպաւորութիւնը այն էր, որ Թրամփ կէտեր շահած է այժմու նախագահին դէմ: Սա բնականաբար ահազանգի մատնեց Դեմոկրատ կուսակցութիւնը, զրոյցներ հրապարակ եկան, որ անոր ղեկավարները կը մտածեն Պայտընը փոխարինող թեկնածուի մը մասին: Դեմոկրատները նաեւ համակիրներէ դրամ մուրալու արշաւի մը սկսան հազար ու մէկ միջոցով, գործի լծելով ականաւոր դէմքեր…

Համակարգիչիս դիմաց նստած, կայքէջէ-կայքէջ ոստոստելով, զանազան մեկնաբանութիւններ կը կարդայի-կը լսէի, երգիծանկարներ աչքէ կ’անցընէի, մտածելով, որ ընտրապայքարի նորագոյն կրկէսը բաց յայտարարուած է, գլխաւոր եւ երկրորդական խամաճիկներ բեմ հանուած են եւ հասարակութիւնը՝ բարեմիտ (կրնանք ըսել նաեւ մանկամիտ) մարդիկ տարուած են այս նոր խեղկատակութիւնները դիտելով, առանց յաճախ անդրադառնալու, որ նման թատերակներ որքա՛ն մեծ դեր կը խաղան զանգուածները զբաղեցնելու եւ անոնց ուշադրութիւնը կենսական տագնապներէ այլուր շեղելու համար (եւ սա միայն Միացեալ Նահանգներու մենաշնորհը չէ, նոյնը՝ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Եւրոխորհրդարանին մէջ եւ այլուր, մի՛շտ տարբեր բեմագրութիւններով, բայց ըստ ամենայնի բեմադրիչներու նոյն դասով…): Կը մտածէի, թէ նման խեղկատակութիւններ կը յաջողին դիտող-կարդացողը տանիլ հոն, ուր պետական հսկայական գումարներու մսխումը, ժողովուրդներու վիճակուած ահաւոր ողբերգութիւնները եւ նման՝ իրակա՛ն տագնապներ կը նսեմացուին, կը քշուին լուսանցքի վրայ, կը ստեղծեն «այդ հարցերն ալ կը քննարկուին»ի խաբկանքը: Միտքս գնաց նաեւ Հայաստան, ուր իշխանաւորները աշխուժօրէն կ’ընդօրինակեն նման հնարքներ…

Փաստօրէն, զանգուածները զբաղ պահելու ձգտող մեկնաբանութիւններն ու արձագանգները առաւելաբար կեդրոնացած են, եւ իրաւա՛մբ, այն իրողութեան վրայ, թէ Սպիտակ Տան թեկնածուներէն մէկը փաստուած յանցապարտ մըն է, ուսապարկին մէջ ունի առ նուազն 34 վճիռներու բեռ մը, իսկ միւսը առիթ չի փախցներ ցուցադրելու, թէ իր իմացական կարողութիւնները տեսանելի նահանջ կրած են. եւ ահա, աշխարհի հզօրագոյն պետութիւնը համարուողի ժողովուրդին վիճակուած է, ներկայի դրուածքով, որոշել, թէ ո՞րն է աւելի լաւը. բանտարկութեան արժանի՞ մը, թէ հանգստարան տարուելիք մրցակիցը: Եւ անշուշտ կարելի չէ մտածել, թէ երկուքին «թելերը» իրենց մատներուն կապած՝ աներեւոյթ «բեմադրիչները» ուրախանալու ամէն պատճառ ունին, որովհետեւ բեմին վրայ երեւցողներուն իւրաքանչիւր շարժումը՝ խօսքը, զանոնք աւելի՛ եւս պիտի ընկղմէ այն տղմափոսին մէջ, որ անոնց համար պատրաստած են նոյնինքն շահամոլ – եւ խորքին մէջ հայրենիք չունեցող – բեմադրիչները: Հին խաղի մը նորագոյն արարները…

***

Այս ու նման մտածումներով տարուած էի, երբ հնչեց հեռաձայնիս զանգը: Գիծին միւս ծայրէն լսուեցաւ կատակասէր բարեկամիս ձայնը.

  • Ես անանկ կը տեսնեմ, որ Հայաստանի մէջ խենթ չէ մնացած, ամէն մարդ խելացի դարձած է,- նետեց, առանց նախաբանի:
  • Ուրկէ՞ ծնաւ այս գիւտդ,- պատասխանեցի՝ ընդառաջելով կատակին:
  • Երկիրը մատնուած է ահաւոր վիճակի, կորուստէ-կորուստ եւ պարտութենէ պարտութիւն կ’երթանք ամէն քայլափոխի, սակայն Պարոյր Սեւակին ըսածին պէս խենթեր չկան, որպէսզի այս վիճակէն դուրս գալու հնար մը գտնեն, «երբ չի մնում խելք ու ճար»,- բացատրեց դառնացած:
  • Երկու բան ըսեմ,- պատասխանեցի.- Նախ այն, որ հնարք փնտռող եւ պայքարող «խենթեր» կան, սակայն գիտես, իշխանութիւնը, կռնակը թշնամիներուն եւ «խաղաղասէր բարեկամներու» տուած, կարելի եւ անկարելի, ամէն օրէնքը ոտքի տակ առնող քայլերով ամէն միջոցի կը դիմէ, բողոքի շարժումը «մարած է» յայտարարելով, եւ իր խաբէութիւններուն հաւատացողներ կը գտնէ: Երկրորդ, ինչո՞ւ պիտի ուզէիր, որ Հայաստանի մէջ խենթ մնացած ըլլար. չե՞ս տեսներ. խենթերը տարածուած են աշխարհով մէկ: Պայտըն-Թրամփ վէճը մտիկ ըրի՞ր:
  • Չէ՜ հա՛, խե՞նթ եմ, որ ատանկ բաներու վրայ ժամանակս մսխեմ…
  • Ես ալ մտիկ չըրի, բայց տե՛ս, աշխարհը անոր ստեղծած փոթորիկով տարուած է հիմա:
  • (Աշխարհին հասցէին այստեղ չգրուելիք բան մը նետելէ ետք շարունակեց) Իմ չհասկցածս այն է, որ մեր ժողովուրդը, Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս, այսքան հանդուրժողութիւն ցոյց կու տայ եւ գործնական քայլեր չ’առներ, թշնամիին ծրագիրները գործադրող խումբը օր առաջ հեռացնելու համար…
  • Ի՜նչ կ’ըսես,- չարացայ:- Մարդը ազգընտի՜ր է, ինքզինք անվիճելիօրէն օրինական հռչակած է, շատո՜նց յայտարարած է, որ կ’ընէ եւ պիտի ընէ այն՝ ինչ որ ինք ճիշդ կը տեսնէ, այսօր ըսածը յաջորդ օրուանին հակառակն է, որո՞ւ հոգը… «ազգընտի՜ր»…
  • Հապա մեր ունեցած վնասնե՞րը…,- ընդմիջեց.- Արցախի եւ Հայաստանէն կորուստնե՞րը… ցանկը չէ վերջացած, Ատրպէյճան եւ անոր ետին կեցած Թուրքիան իր ըրած ամէն մէկ զիջումէն ետք նոր ֆաթուրա մը (պարտամուրհակ) կը ղրկեն Երեւան, եւ ինք ալ «ժողովուրդը խաղաղութիւն կ’ուզէ» քարոզելով, կու տայ եւ կու տայ: Եթէ ասան երթայ՝ տալիք բան պիտի չմնայ…
  • Անոր բերած վնասները ես ու դուն կը տեսնենք,- քիչ մը լրջացայ.- ընդդիմադիրները, աւելի քան երեք տարիէ ի վեր անոր զիջումներուն դէմ պայքարողները գիտեն ու կը տեսնեն, բայց մի՜ զարմանար. շատեր չեն ուզեր հաւատալ ընդդիմադիրներուն, կը յամառին չտեսնել, չլսել իրականութիւնները, մինչեւ իսկ եթէ իրականութիւնները տասը մատներովդ իրենց աչքը կոխես,- փորձեցի բացատրել:
  • Բարեկա՛մս. ասոր մէջ չտեսնելիք, չհասկնալիք ի՞նչ կայ,- շարունակեց վրդովմունքը: Ա՞յնքան դժուար է տեսնել, որ Արցախը ինչպէս նուիրեց Ատրպէյճանին, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Արցախը Ազրպէյճանին պատկանած է միշտ եւ հիմա փոշման է, որ այդ գիտցածը 2018-ին չէ ըսած… Ինչպէ՞ս կարելի է չտեսնել ու չյիշել, որ ի՜նչ տեսակի յայտարարութիւններով ինքզինք Արցախի պաշտպանը հռչակած էր, յետո՞յ… հիմա՞: Ա՞յդքան դժուար է տեսնել, որ նուէրներու շարքը հասած է Հայաստան, Տաւուշէն, Սիւնիքէն եւ Գեղարքունիքէն մասեր արդէն տուած է եւ կը յոխորտայ, որ անքլաւներն ալ պիտի տայ… Յետոյ պիտի նայի, թէ ֆաթուրային մէջ ի՞նչ նորութիւններ կան, եւ այս ամէնը կ’ընէ «աննախընթաց» կրկնելով: Դժուա՞ր է տեսնել, որ Ազրպէյճան խաղաղութիւն չ’ուզեր, «սահմանադրութիւն պէտք է փոխէք», «անցեալը, Արարատն ու Ցեղասպանութիւնը պէտք է մոռնաք», կ’ըսէ՝ իրաւունք-միրաւունքի մասին ա՛լ մի խօսիք… Մէկ խօսքով, մեր աչքը կը կոխէ, որ իր վերջնական նպատակը Հայաստանը վերցնելն է, լաւագոյն պարագային, վաղը պիտի ըսէ, որ եթէ հայերը կ’ուզեն հանգիստ ապրիլ, պէտք է ընդունին Ազրպէյճանի կամ Թուրքիոյ հպատակութիւնը, իսկ Հայաստանն ալ պիտի կոչէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»… Որքա՞ն կոյր ու տխմար պէտք է ըլլալ՝ ասոնք չտեսնելու եւ չհասկնալու համար… Դժուա՞ր է տեսնել եւ յիշել, թէ ի՛նչ ըրաւ Արցախի մէջ, ինչե՛ր ուզեց պարտադրել արցախցիներուն, որոնք մերժեցին այդ պայմանները եւ զօրով գաղթական դարձան, հիմա ալ Հայաստանի մէջ պատէ-պատ կը զարնուին…: Սարուխ (հրթիռ) թռցնող հայերը այսքանը չե՞ն կրնար տեսնել…
  • Տեսնելու եւ հասկնալու համար աչք եւ ուղեղ պէտք է. այս իշխանութեան կողքին եղողներուն աչքերն ու ուղեղները չւրը տարած է: Բայց վստա՛հ եղիր, որ Հայաստանի մէջ Պ. Սեւակի ըսածին պէս խենթեր մի՛շտ ալ գտնուած են, պիտի պիտի գտնուին: Ինքը՝ Սեւակը չէ՞ ըսած նաեւ, որ «ուշ-ուշ են գալիս, բայց ո՛չ ուշացած…»: «Խենթերու» նորագոյն գործը Տաւուշէն սկսաւ մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ…
  • Եկո՛ւր, համաձայնինք, որ հիմա ուշացումի, «ուշացած»-ներ սպասելու ժամանակը չէ, հիմա ա՛յն ժամանակն է, երբ պէտք է երգենք. «Ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ»: Ամէն ուշացում նոր վնասի դուռ պիտի բանայ:

Եւ քանի մը երկվայրկեան ընդմիջումէ ետք՝ շարունակեց.

  • Այսօր լուր մը կար. Երեւանի քաղաքապետութիւնը 60 հազար ցախաւել կորսնցուցեր է եղեր… Թէեւ ըսուեցաւ, որ անոնք չեն կորսուած, բայց իմ կարծիքովս, այդ աւելները հասած ըլլալու են ընդդիմադիր ցուցարարներուն, որպէսզի վաղը-միւս օր «60 հազար կտրիճներով» ուսապարկապետն ու ուսապարկերը աւլենք-տանինք: Որքա՛ն շուտ, ա՛յդքան լաւ: Աւլողները իմ սպասած խենթերս պիտի ըլլան…

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles