ԱՐՑԱԽԷՆ ՆՈՐ ԳԱԼԵՏՈՆԻԱ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՆԿՐՏՈՒՄՆԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 52 Second

Ա.Ա.

Գործ ունինք գաղութատիրական ախորժակներ ունեցող թշնամիին հետ՝ Ատրպէյճանին, որ Արցախը գրաւելէ, զայն հայաթափելէ, արցախեան պատմամշակութային կոթողներու կանոնաւոր բնաջնջման սկսելէ ետք, այժմ աշխատանք կը տանի Ֆրանսայի Նոր Գալետոնիա շրջանին մէջ խռովութիւններ հրահրելու եւ կղզիին ներքին գործերուն միջամուխ դառնալու համար։ Ասիկա հաստատուած իրողութիւն է եւ թիրախը Ֆրանսայի իշխանութիւններն են։ Ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւններուն ունեցած եւ հաւաքած տեղեկութիւնները ասիկա կ՛ապացուցեն։

Ատրպէյճան ներկայիս Ֆրանսան կը համարէ թշնամի եւ հակառակորդ, որովհետեւ Փարիզ զօրավիգ կը կանգնի հայկական կողմին, Արցախի տագնապին մէջ։

Մինչ այդ X  ընկերային ցանցը տասնեակներով հաշիւներ փակեց, երբ յստակացաւ, որ Նոր Գալետոնիոյ մէջ անկարգութիւններու ետին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները եւ անոնց համախոհները կը կանգնին։ Փակուած հաշիւները կը պատկանին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կուսակիցներու եւ հետեւորդներու, որոնք համակարգուած ապատեղեկատուութիւն կը տարածեն, կեղծ լուսանկարներ կ՛օգտագործեն եւ Նոր Գալետոնիոյ իրավիճակը կը ներկայացնեն օրհասական, ուր ֆրանսական ուժերը կը ճզմեն Նոր Գալետոնիոյ ժողովուրդին ազատութեան ձգտումները։ Անոնք նաեւ X ընկերային ցանցը կ՛օգտագործեն Ֆրանսայի պատկերը աղաւաղելու եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավար երկիրներէն մին հանդիսացող Ֆրանսայի իշխանութիւնները ներկայացնելու իբրեւ բռնատէր, որ կը ջանայ ճզմել Նոր Գալետոնիոյ գերիշխանութեան եւ անկախութեան ձգտող ժողովուրդը, մոռնալով, որ Պաքուի իշխանութիւնները նոյնը ըրին Արցախի մէջ։

Սեփական քաղաքացիները ճնշող, ընդդիմադիր լրագրողները եւ քաղաքական գործիչները բանտարկող, խօսքի ազատութիւններն ու անհատի իրաւունքները ոտնակոխող Պաքուի իշխանութիւնները որդեգրեցին հակաֆրանսական քաղաքականութիւն մը՝ բացէ ի բաց թիկունք կանգնելով Նոր Գալետոնիոյ մէջ ծագած դժգոհութեան ալիքը սկսած շրջանակներուն։Ատրպէյճանի իշխող կուսակցութեան՝ Եէնի Ատրպէյճանի անդամներ ընթացք տուին X ընկերային ցանցին վրայ հակաֆրանսական բուռն արշաւի մը, որուն զուգահեռ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը սկսաւ կազմակերպել խորհրդաժողովներ, որոնց հրաւիրուեցան ինչպէս նոր Գալետոնիայէն, նոյնպէս ֆրանսական տարբեր կղզիներէ ներկայացուցիչներ, որպէսզի քննարկեն ֆրանսական գաղութատիրութեան ակունքները եւ զանոնք չէզոքացնելու միջոցները։

Սակայն ատրպէյճանական մասնակցութեան ամէնէն ցցուն օրինակները արձանագրուեցան կղզիին մէջ, ուր բախումներուն եւ խռովութիւններուն ընթացքին դիմակաւոր անձեր ծածանեցին ատրպէյճանական դրօշը։ Աւելի՛ն։ Հաստատուեցաւ, որ Փարիզի իշխանութիւններուն դէմ իրենց արշաւին ծիրին մէջ, Նոր Գալետոնիոյ անջատողականները հաղորդակցութեան մէջ մտած են Յուլիս 2023-ին հիմնադրուած ատրպէյճանական կազմակերպութեան մը հետ, որուն պարտականութիւնն է  աջակցիլ ֆրանսական տարածքներու մէջ անջատողական շարժումներու։

Ատրպէյճանցիները աւելի առաջ գացին։Անոնք կասկածի տակ առին Ողիմպիական խաղեր կազմակերպելու Ֆրանսայի կարողութիւնները։ Նշելին այն է, որ հակաֆրանսական այս արշաւը թափ կը ստանար Արցախի շրջափակման, ապա սեպտեմբերեան յարձակման, Արցախի հայաթափման վերաբերեալ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ ֆրանսական կառավարութեան կողմէ Պաքուի հասցէին կատարուած կարծր քննադատութիւններուն զուգահեռ։

Արցախը գրաւած Ատրպէյճան, որ այսօր մեծ ճիգեր կը թափէ միջազգային ընտանիքին ներկայանալու համար իբրեւ խօսքի ազատաութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու ջատագով եւ զօրավիգ կանգնող պետութիւն մը, թիրախ ընտրած է Ֆրանսան, պարզապէս որովհետեւ Փարիզի իշխանութիւնները մատնացոյց կ՛ընեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վարած հակահայ քաղաքականութիւնը եւ կը փորձեն վերահաստատել Հարաւային Կովկասի մէջ զինուորական եւ քաղաքական հաւասարակշռութիւնը՝ Հայաստանի կողքին կանգնելով։ Բնականաբար ֆրանսական այս քաղաքականութիւնը ունի իր շրջանային եւ միջազգային շերտաւորումները, տնտեսական շահերը, առեւտրատնտեսական ծրագրերը, որոնց հետապնդման մէջ հաշուի կ՛առնուին տարբեր տուեալներ եւ գործօններ։Ներկայ դրութեամբ զարգացումները այնպիսին են, որ Ֆրանսա եւ Ատրպէյճան վերածուած են հակառակորդներու։ Ապագային այս պատկերը կրնայ նոյնը չմնալ, եթէ հաշուի առնենք ֆրանսական շահերը՝ Հարաւային Կովկասի եւ յատկապէս Ատրպէյճանի քարիւղի եւ բնական կազի մարզերուն մէջ։ Հետեւաբար քաղաքականութեան մէջ ամէն ինչ փոփոխական է եւ կախեալ է շահերէն։ Կը մնայ, որ այսօրուան դրութեան մէջ Ֆրանսա- Ատրպէյճան լարուածութենէն հայկական կողմը իր շահերը հետապնդէ եւ առաւելներ արձանագրէ, նախքան որ կացութիւնը շրջուի եւ Փարիզ- Պաքու ձիւնհալը տեղի ունենայ։

Քաղաքականութիւնը  յարատեւ բարեկամներ եւ մնայուն թշնամիներ չունի։Այսօր Նոր Գալետոնիոյ մէջ ֆրանսական շահերուն հակադրուած Ատրպէյճան, վաղը կրնայ բարեկամ եւ գործակից դառնալ Ատրպէյճանի, եթէ առեւտրատնտեսական շահերը շատ աւելի ծանր կշռեն։Արցախէն Նոր Գալետոնիա աւելի քան 14 հազար քիլոմեթր հեռաւորութիւն գոյութիւն ունի։ Արցախէն Նոր Գալետոնիա հարցերը եւ խնդիրները Ատրպէյճանի համար նոյնը չեն։Առաջինին պարագային՝ Պաքու գրաւող ուժ է, երկրորդին պարագային՝ ազատութեան ոգեշնչող ուժ։ Քաղաքականութեան մէջ ալ ասիկա է ծիծաղելին։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles