Երիտասարդական Հարթակ.- Ինչպէ՞ս Ետ Բերենք Մեր Հողերը

9 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

 

Սարհատ Մելգոնեան

Հ․Ե․Դ․ – Նիւ Ճըրզի

Եթէ ամէն Հայ Պետրոս Հաճեանի «Մեր Հողերը Պիտի Տա՞ն» պատմութեան պզտիկ տղուն պէս մտածէր եւ օգնէր Հայ Դատի շարժումին՝ հիմա մեր հայրենիքին իրավիճակը տարբեր կ՚ըլլար։ Պզտիկ տղան իր ամբողջ դրամը նուիրեց Հայ Դատին։ Եթէ ամէն հայ պսակուէր հողի հետ եւ պաշտպանը ըլլար անոր՝ մեր սահմաններն ալ ապահով կ՚ըլլային։ Ինչպէս Խրիմեան Հայրիկը կը պամէ «Պապկէ Պսակ Ի Դաշտ» պատմութեան մէջ. «Իսկ եթէ հողն մեռնի՝ էն ժամանակ բոլոր Պապկի ընտանիք ի միասին կը մեռնի»։ Սա կը նշանակէ, որ մենք՝ հայերս, մեր հողերը պէտք է պահենք եւ պաշտպանենք մեր ամբողջ կարողութեամբ եւ զօրութեամբ։

Ամենակարեւոր քայլը արդէն սկսած է։ Հայաստանի «Սրբազան Պայքար» շարժումին նպատակը Փաշինեանի իշխանութիւնը կառավարութիւնէն դուրս դնել է։ Թշնամիին հետ համաձայնութիւն ընել կ՚ըլլա՞յ։ Ոչ: Թուրքը հարիւրաւոր տարիներ ի վեր Հայերը ցեղասպանութեան կ՚ենթարկէ եւ մինչեւ այսօր ալ չէ ընդունած 1915 Թուականին կատարած իր մեծագոյն ցեղասպանութիւնը: Ուրեմն ինչո՞ւ մենք պիտի վստահինք իրենց խօսքին, երբ պատմութեան մէջ երբեք իրենց խօսքը չեն պահած։ Ուրեմն մենք ալ Հայաստանի կառավարութեան չենք կրնար վստահիլ, որովհետեւ թշնամիին հետ «խնամի» յարաբերութիւն կը ստեղծէ։

Այլապէս, յաջորդ քայլը Արցախը ազատագրել է։ Գարեգին Նժդեհին խօսքերէն մէջբերենք. «Առանց Սիւնիքի ու Արցախի, առանց աշխարհագրական Հայաստանի այդ հզօր ողնաշարի մեր ամբողջական հայրենիքը գոյություն ունենալ չի կարող»: Թէեւ Գարեգին Նժդեհը մօտ հարիւր տարի առաջ ապրած է, իր խօսքը այժմ ալ արդիական է: Հայաստան առանց Արցախի նույնն է, ինչպէս տղայ մը առանց եղբօրը։ Հայաստանին ուժն ու սիրտը կու գար Արցախէն։ Տասը ամիսէն աւելի Արցախի ժողովուրդը շարունակեց պայքարիլ պաշարումի տակ եւ վերապրեցաւ «Արցախի Ցեղասպանութենէն»։ Արցախը մեր հայրենիքն է եւ պէտք է յաւերժ կռուինք իրեն համար։

Մեր հողը, մեր հայրենիքը մեզի կը վստահի, հայ ժողովուրդին, իրեն հոգալու եւ ապահով պահելու։ Բոլոր հայերը, աշխարհի չորս կողմերուն, պէտք է զգան իրենց հայ ըլլալը եւ պայքարին իրենք հողերուն եւ իրաւունքներուն համար։ Իւրաքանչիւր հայ եթէ պայքարի իր Հայրենիքին համար՝ մենք նորէն կը մեծցնենք մեր զաւակները մեր պապենական հողերուն վրայ։ Օր մը ես նորէն կ՚այցելեմ իմ հոգւոյս ծննդավայր-կնքավայրը՝ Գանձասար։

ՀԱՅ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾ

Happy
Happy
80 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
20 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles