Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար Արմէն Գրիգորեան.- «Ռուսիան եկած է, յանձնած է Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանին ու վերադարձած Ռուսիա»

0 0
Read Time:50 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան նշեց, թէ Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղը Յանձնած Է Ատրպէյճանին։

«Երբ Հայաստանը ամբողջութեամբ կախեալ էր Ռուսիայէն, պատերազմ չե՞նք ունեցած` ունեցած ենք: Եկէք արձանագրենք, որ մինչեւ հիմա գոյութիւն ունեցող իրավիճակին պատճառով մենք յայտնուած ենք պատերազմի մէջ, մենք փորձած ենք այս փոփոխութիւններով կայունութիւն բերել եւ համոզուած ենք, որ այս փոփոխութիւնները կայունութիւն պիտի բերեն։ Ասիկա տեղի ունեցած է, երբ մենք ամբողջովին կախեալ էինք Ռուսիայէն: Ռուսիան եկած, մեր ձեռքէն վերցուցած է Լեռնային Ղարաբաղը, վերադարձուցած է Ազրպէյճանին, յետոյ ետ գացած, այս է ամբողջ իրականութիւնը: Ես կը պնդեմ` Ռուսիան վերցուցած է Լեռնային Ղարաբաղը», յայտնեց ան` խօսելով արտաքին քաղաքական ուղղուածութեան փոփոխութեան մասին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, մեկնաբանելով Գրիգորեանի Արցախի կորուստին վերաբերող երէկուան յայտարարութիւնը, յայտնեց. «Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը իր պնդումներով նուաստացուցած է սեփական ժողովուրդը: «Կը կարծեմ, որ գոյութիւն ունին իրողութիւններ, որոնք կարելի չէ մեկնաբանել, եթէ բժշկական կրթութիւն չունիս: Ես այդ ոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող գիտելիքները չեմ կրնար կիրարկել, սակայն այդ ամէնէն այլ կերպ արձագանգել կարելի չէ», յայտնեց Զախարովա:

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles