«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ՇԱՊԻՆ ԳԱՐԱՀԻՍԱՐԻ ԴԻՒՑԱԶՆԱՄԱՐՏԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 32 Second

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Յունիս 26,1953

Այսօր, 38-րդ տարեդարձն է այն անհաւասար ու ողբերգական դիւցազնամարտին, զոր Շապի Գարահիսարի փոքրաթիւ, այլ արի հայութիւնը մղեց 1915-ին, Յունիս 3-էն մինչեւ Յունիս 26-28։

Այդ արիւնոտ թուականին կազմակերպուած հերոսական դիմադրութիւնները, Վասպուրականի, Շ. Գարահիսարի, Սուէտիոյ, Ուրֆայի, Սասունի, Տարօնի եւ հետագային՝ Հաճընի եւ Այնթապի հայութեան կողմէ՝ պիտի մնան ամենէն պանծալի էջերէն՝ հայոց պատմութեան։

Ի՜նչ տխուր, մութ ու նկուն պիտի մնար հայութեան ճակատագիրը, եթէ ընդհանուր աւերքին, ջարդին, աքսորին ու հրդեհներուն մէջ մեր ժողովուրդը միայն ու միայն համակերպութիւն ցոյց տուած ըլլար։ Եթէ թշնամիին մերկ սուրին առջեւ միայն իր պարանոցը երկարած ըլլար եւ հրամաններուն առջեւ ծունկի եկած։ Ձեռք համբուրած ահաբեկ, անարգ ու անպատիւ մահէն առաջ։

Ինչպէ՞ս պիտի ներկայացնէին պատմաբանները համատարած այս դժբախտութիւնը, մեր ժողովուրդին նկարագիրը մանաւանդ, եթէ մէկ միլիոնը ոչխարի հօտի նման անկամ ու անզօր, սպանդանոց առաջնորդուէր, առանց արժանապատուութեան պոռթկումին եւ առանց ապրիլ ուզելու կամքին. կամ պատուով մեռնելու վճռականութեան։

Ինչպէ՞ս, տարիներ ետք, պիտի բացատրէինք ստրուկ համակերպութեան անարգ իրողութիւնը մեր նորահաս սերունդներուն, որոնք ներկայի մթութեան մէջէն անցեալին մէջ լոյս կը փնտռեն, անով ողողուելու համար։ Մեր օրերու մռայլ ու նսեմ կեանքին մէջէն անցեալը կը պրպտեն, հերոսական արարքներ գտնելու, անոնց կառչելու եւ անոնցմով հպարտանալու համար։

Գարահիսարի հերոսամարտը մասնաւոր տեղ մը կը գրաւէ հայութեան նմանօրինակ մարտնչումներուն մէջ. պանծալի էջ մը՝ հայոց պատմութեան ընթացքէն, իր ծագումովն ու վախճանովը հրեղէն վկայութիւն մը բերելով մեր ժողովուրդին հերոսական խառնուածքին եւ ազատատենչ ու ըմբոստ ոգիին համար։

Գարահիսարը մթին ու ամեհի լեռներու մէջ ինկած հինաւուրց փոքրիկ քաղաք մը, կտրուած աշխարհէն, զուրկ՝ արտաքին օգնութեան մը յոյսէն, միմիայն իր ուժերուն ապաւինած, ըմբոստացած էր առաջին իսկ օրերուն, երբ համակերպութեան, տարագրութեան ու զինաթափութեան հրահանգները տրուած են։

Կարելի ու պարկեշտ զիջումներէ ետք, երբ համոզուած է նենգամիտ թշնամիին խաբէութեան մասին եւ զգացած անոր հրէշային դիտումները. երբ իր հոգիին վրայ իսկ զգացած է թուրքին ոճրային ճնշումը, անարգ առաջարկները անձնատուութեան ու զինաթափութեան, Գարահիսարցին, իբրեւ հին յեղափոխական եւ խառնուածքով արի ու ըմբոստ, գիտցած է «ո՛չ» ըսել ու փարիլ զէնքի։

Դիւցազնամարտի շքեղութիւնը հոն է, որ հերոսամարտը միայն հերոսներու փաղանգի մը գործը չեղաւ, այլ հերոսացած ամբողջ ժողովուրդի մը։ Բոլոր տարրերը եւ տարիքները, մեծ ու փոքր, կին ու այր, ծեր ու երիտասարդ, կրօնական թէ աշխարհական, արհեստաւոր թէ վաճառական, բոլո՛րը անցան գործի, նետուեցան օրհասական կռուին ու կրակին մէջ, ապաստանելով պատմական բերդը, ուր կազմակերպուեցաւ դիմադրութիւնը։

Անկարելի է առանց յուզումի, առանց ուրախութեան ու տրտմութեան արցունքի լսել ականատեսներու պատմութիւնը, որ պատմութիւն մը չէ միայն, այլ համաժողովրդական դիւցազներգութիւն մը։ Դիւցազնամարտ մը՝ վառօդի ծուխին ու մուխին, գնդակներու սոյլին, քաջալերանքի աղաղակներուն, մահացողներու հռնդիւնին ու հայհոյանքներուն մէջ կազմակերպուած. հերոսներու հրամաններուն, մանուկներու, պատանիներու եւ կիներու գիտակցական վազքին, տենդագին ու անվախ պայքարին՝ ի խնդիր փամփուշտի, հացի ու ջուրի, ջուրի՜ մանաւանդ, ստոյգ մահուան շուքին տակ մղուած դիւցազնամարտ մը, որ չունի իր նմանը։

Եւ այսպէս, աւելի քան երեք շաբաթ, թուրք կատաղի ամբոխին յաջորդական գրոհներուն, զօրքերու յարձակումներուն, հանդիպակաց լերան գագաթէն արձակուած թնդանօթներու կրակին տակ, մինչեւ որ կը խորտակուի դիմադրութիւնը հացի ու ջուրի պակասին եւ կռուողներու մեծ կորուստին հետեւանքով։

Կռուին մէջ կ՛իյնան շատերը հերոսատիպ մարտիկներուն, մինչ ուրիշներ, կիներ ու աղջիկներ կը նախընտրեն մահը թոյնով, քան անպատիւ համակերպումը։

Կ՛իջնէ արիւնոտ վարագոյրը. Գարահիսարը կը դառնայ աւերակ ու հրոյ ճարակ՝ հայերու իսկ կողմէ։ Վերապրողներէն քանի մը հոգի կրակի գիծը կը ճեղքեն ու կ՛անցնին, մինչ ուրիշներ, կը քաշուին դէպի տարագրութիւն։

Հերոսական ժողովուրդի մը արիւնոտ յիշատակը միայն կը մնայ այնուհետեւ, իր բերդին նման վեհաշուք, յաւիտենական ու շքեղ։

Չգրուած պատմութիւն մըն է Գարահիսարի պատմութիւնը, որ արիւնի, դիմադրութեան ու պատուախնդրութեան պատմութիւն մըն է, հրեղէն ու իրականացած հէքեաթ մը, հին օրերէն ի վեր։

Պատահականութիւն մը չէր 1915-ի այս դիւցազնամարտը, որ իր նախընթացը ունեցած է 95-ի ջարդերուն, երբ շնորհիւ երկաթեայ պաշտպանութեան, թշնամի գրոհները ետ քշուած են ու քաղաքի բնակչութիւնը մնացած է անընկճելի ու անաղարտ։

Դիպուածի հետեւանքով չեն որ յայտնուած են Վահան Հիւսիսեանները, Պուրնազեանները, Հմայեակ ու Լեւոն Գարակէօզեանները, Մարկոսեանները, Շապուհ եւ Նիկողոս Օզանեանները, եւ այս բոլորին ղեկավարը՝ ժողովրդական հերոս Ղուկաս Աղբարը… Դէմքեր, որոնք Դանէլ Չավուշներու, Վռամշապուհ քահանաներու, Անդրանիկներու, Վահունիներու, Քաջունիներու, Յաբէթներու, Աւագ «էֆէնտի»-ներու եւ ուրիշ բազմաթիւ հերոսներու եւ յեղափոխականներու հոգեկան ժառանգութիւնը կը կրէին եւ անոնց յուշքովը կը թրծուէին։

Յեղափոխական գործի ու ոգիի հինաւուրց վառարան մը եղած է Գարահիսարը, որուն զաւակները ոչ միայն քաղաքի մը պատմութիւնը պանծալի դարձուցած են, այլեւ ամբողջ ժողովուրդի մը։

Ապրիլ ազատ ու հպարտ եւ մեռնիլ, եթէ հարկ ըլլայ, սուղ գինով, զէնքը ձեռքը,- Ազատութիւն կամ մա՜հ բացագանչութեամբ։

Ինչպէ՜ս չխոնարհինք պաշտելի յիշատակին առջեւ այս հերոսներուն, որոնք ճակատ ճակատի կռուիլ գիտցան անողոք թշնամիին դէմ եւ բարձր պահեցին մեր ճակատները։

Յաւիտենական փա՜ռք ու յարգանք իրենց անունին ու գործին։ Ն

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles