ՔՈՆԿԷՍԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ԱՐՑԱԽԻ ՎԱՆՔԵՐՆ ՈՒ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂՆԵՐԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Դեմոկրատական եւ հանրապետական 47 քոնկրէսականներ, Ատըմ Շիֆի գլխաւորութեամբ, յատուկ բողոք-նամակ մը յղեցին պետական քարտուղար նախարար՝ Անթընի Պլինքընի, պահանջելով Արցախի մէջ վտանգի տակ գտնուող հայկական ժառանգութիւն ունեցող վայրերու պաշտպանութիւնը։
«նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ձեր բարձրաստիճան դիւանագէտները կը հանդիպին ազերի պաշտօնեաներու հետ, պարզ չէ` արդեօք այդ մտահոգութիւնները կ՛արծարծուի՞ն», կը նշուի նամակին մէջ։
Մասնաւորապէս կ՛ընդգծուի 1997-2011 թուականներուն Նախիջեւանի մէջ հայկական ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ Շուշի քաղաքի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ` (նաեւ յայտնի է որպէս Կանաչ ժամ) վերջերս տեղի ունեցած աւերումը:
«Ատրպէյճանը յաճախ փորձած է քօղարկել հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը` իր գործունէութիւնը անուանելով պատմական վայրերու վերականգնում, ինչպէս նաեւ ջնջելով հայկական ժառանգութիւնը` պնդելով, որ վայրերը կովկասեան ալպանական ծագում ունին: Շուրջ 500 հայկական մշակութային ժառանգութեան կառոյցներ վտանգի տակ են` Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղային զտումներէն ետք, որոնց կարգին աշխարհի ամենահին եկեղեցիներն ու վանքերը, որոնք կը թուագրուին չորրորդ դարէն սկսեալ, եւ բարդ քանդակուած խաչքարերը, որոնք Եունեսքօ-ի կողմէ ընդգրկուած են Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցուցակին մէջ», կը մանրամասնուի նամակին մէջ:
Մեկնաբանելով այս նամակը, Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Արամ Համբարեան նկատել տուաւ, որ չկայ Ատրպէյճանի ցեղասպանութեան մտադրութեան աւելի յստակ ապացոյց, քան անոր համակարգուած ջանքերը՝ ջնջելու հայկական քաղաքակրթութեան վերջին հետքերը Արցախի մէջ։ Ան նաեւ, աւելցուց, թէ այս նամակը պատրաստուած է, յատկապէս իբրեւ բուռն բողոք, վերջերս Պաքուի մօտ Ա․Մ․Ն․-ի դեսպան Մարք Լիպիի Շուշի այցելութեան։
«Չկայ Ատրպէյճանի ցեղասպանութեան մտադրութեան աւելի յստակ ապացոյց, քան անոր համակարգուած ջանքերը` ոչնչացնելու հայկական քաղաքակրթութեան վերջին հետքը Արցախի մէջ, ճիշտ այնպէս, ինչպէս որ կատարեցին թուրքերը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնէն ետս։ Մենք կ՛ողջունենք քոնրէսական ներկայացուցիչ Շիֆի ղեկավարութիւնը հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ապահովելու գործընթացով եւ կը գնահատենք անոր շարունակական ջանքերը` մարդկութեան դէմ կատարած յանցագործութիւններու համար Ատրպէյճանին պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ», եզրակացուց Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles