ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 36 Second

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովի մասնակիցները՝ գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու ընկեր Կիրօ Մանոյեան ներկայացուց հիւրերը եւ Նորին Սրբութեան համապարփակ տեղեկութիւններ փոխանցեց խորհրդաժողովին աշխատանքներուն մասին։

Ամենայն հայոց կաթողիկոս ողջունեց հիւրերը եւ կարեւորեց խորհրդաժողովի աշխատանքները՝ ի խնդիր հայրենիքին եւ ազգին զաւակներուն իրաւունքներու պաշտպանութեան։Գարեգին Բ. մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայրենիքին առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ ջանքերու մէկտեղման ջանքերուն։Ան յատկապէս կարեւորեց Հայաստան Սփիւռք կապերու սերտացումը եւ համազգային ներուժի ծառայեցումը յանուն հայրենիքի հզօրացման եւ ապահով կեանքի կերտման։

Ամենայն Հայոց վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի գրասենեակին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն կապակցաբար, ինչպէս նաեւ՝ Արցախահայութեան արդար իրաւունքներու բարձրաձայնման եւ հետապնդման, հայրենանուէր եւ ազգօգուտ այլ իրագործումներուն համար։

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոցը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն, պատերազմական հայ գերիներուն վերադարձին համար Մայր Աթոռին կողմէ տարուող աշխատանքներուն եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն։

*

Հայաստանի Ազգային Ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանի դէմ՝  կարմիր պերետաւորներու կողմէ կատարուած յարձակման եւ խոշտանգման դէմ բողոքէն ետք, քրէական գործ հարուցուած է։

Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան աղբիւրները հաղորդեցին,որ գործը հարուցուած է պաշտօնատար անձի կողմէ բռնութիւն գործադրելու միջոցով ծառայողական լիազօրութիւնները անցնելու կամ չարաշահելու յօդուածով։Մեղադրեալներ, սակայն, տակաւին չկան։ Միայն բացայայտ դարձաւ, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը ծառայողական քննութեան իբրեւ արդիւնք, դադրեցուցած է միջադէպին մասնակից ոստիկաններէն մէկուն լիազօրութիւնները։

*

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջեց ճանչնալ այսպէս կոչուած Խոճալուի «ցեղասպանութիւնը» եւ ներողութիւն խնդրել Ատրպէյճանի ժողովուրդէն։Ալիեւ այս պահանջով արդարացուց հայաստանեան ընդդիմութեան այն մտավախութիւնը, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բնաւ պիտի չգոհանան եւ նոր պահանջներ պիտի ներկայացնեն Հայաստանի իշխանութիւններուն։

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահին պահանջին, յայտարարեց, որ այս թեման բնականաբար քննարկման ենթակայ չէ։ «Անշուշտ մթնոլորտի որոշ բարելաւում ունինք սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնաժողովին աշխատանքին եւ խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ բանակցութիւններուն պատճառով, բայց Ատրպէյճան կը շարունակէ ոչ շինիչ իր վերաբերումը՝ վերջնագիրներ ներկայացնելով», ըսաւ Յովհաննիսեան, աւելցնելով, որ այս պատճառով ոչ պէտք է գերագնահատել, ոչ ալ թերագնահատել իրավիճակը։

Ըստ Յովհաննիսեանի, Տաւուշի մարզին մէջ կատարուած սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքով Հայաստան յաջողած է Ատրպէյճանէն խլել Հայաստանի վրայ յարձակելու պատրուակը։

*

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ աւելնալու ընթացքի մէջ կը գտնուի թիւը այն քոնկրէսականներուն, որոնք համամիտ եւ կողմնակից են Ատրպէյճանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու հաստատման նախագիծի մը, որուն հեղինակները՝ քոնկրէսականներ Տինա Թայթըս եւ Կաս Պիլիրաքիս կը նշեն անունները ատրպէյճանցի 44 պաշտօնատարներու, որոնց դէմ պատժամիջոցներ պէտք է հաստատուին,որովհետեւ մասնակից են ինչպէս ատրպէյճանցիներու, նոյնպէս հայաստանի եւ արցախի քաղաքացիներու դէմ յանցագործութիւններու։

Օրէնքի նախագիծը ներկայիս կը վայելէ զօրակցութիւնը 32 քոնկրէսականներու, որոնց 26-ը դեմոկրատական, իսկ վեցը՝ հանրապետական։ Փաստաթուղթին հեղինակներ՝ Տինա Թայթըս եւ Կաս Պիլիրաքիս ատրպէյճանցի 44 պաշտօնատարի անուն յիշած են՝ պնդելով,որ քաղաքական եւ զինուորական այդ անձնաւորութիւնները ներգրաւուած են ինչպէս Ատրպէյճանի քաղաքացիներու, այնպէս ալ հայերու դէմ գործուած յանցագործութիւններու մէջ։ Եթէ Պայտընի վարչակազմը հաստատէ, որ այդ պաշտօնատարները իրաւական խախտումներ արձանագրած են, ապա անոնց դէմ պիտի գործադրուի «Մակնիցքիի Աքթ»-ը։ Այսինքն պիտի սառեցուին անոնց դրամատնային հաշիւները եւ Միացեալ Նահանգներ անոնց մուտքը պիտի արգիլուի։

Տեղին է նշել ,որ յստակ չէ, թէ երբ քուէարկութեան պիտի դրուի փաստաթուղթը։ Սակայն յստակ է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները գործի անցած են։ Անցեալ շաբաթ Ուաշինկթըն ժամանեց Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւը, որ հանդիպում մը ունեցաւ Պաքուի հասցէին կարծր քննադատութիւններ կատարած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Եուրի Քիմի հետ։Ան նաեւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Սպիտակ Տան Ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի հետ։

*

28 Մայիսին Պրիւքսէլի մէջ կայացած՝ Շումանի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ֆորումի աշխատանքներուն ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան տեսակցութիւն մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան զինուորական կոմիտէի նախագահ զօրավար Ռապըրթ Պրիկըրի հետ։Խորհրդակցութիւններուն առանցքը կազմեցին պաշտպանութեան մարզին մէջ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան առնչուող հարցեր։ Պապիկեան եւ Պրիկըր համաձայն գտնուեցան երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ համագործակցութեան զարկ տալ։Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ տեսակցութիւններ ունեցաւ Եւրոպական Միութեան պաշտպանութեան մարզի տարբեր պաշտօնատարներու հետ։ Քննարկուեցան պաշտպանութեան մարզին մէջ գործակցութեան զարկ տալու հեռանկարները։

*

Հայաստանի եւ Ուքրայինայի մէջ ձերբակալուեցան չորս անձեր՝ համակարգչային ծրագրերու դէմ կայքահէններու դէմ լայնածիր պայքարի մը ծիրին մէջ, հաղորդեցին Եւրոփոլի աղբիւրները, որոնք շեշտեցին, որ յարձակման ենթարկուած են աւելի քան հարիւր հազար համացանցային «սըրվըր»-ներ։ Այս յարձակման պատճառով հազարաւոր մարդիկ տուժած են։ Կայքահէնները շորթող վարակներ տարածած են համացանցին մէջ եւ մարդոց դրամատնային հաշիւներուն մէջ թափանցելով կոկիկ գումարներ գողցած։ Ձերբակալեալներէն մին Քրիփթօ արժոյթով վաստակած է աւելի քան 69 միլիոն եւրօ՝ վարձու տալով յանցաւոր ենթակառոյցներու կայքեր՝ շորթող ծրագիրներու գործադրման համար։ Եւրոփօլը սակայն չբացայայտնեց Հայաստանի եւ Ուքրայինայի մէջ ձերբակալուածներուն ինքնութիւնը եւ հպատակութիւնը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles