ՏԱՒՈՒՇԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԷՆ ՍՊԱՍՈՒՄԻ ՃՆՇՈՒՄԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ

1 1
Read Time:5 Minute, 16 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

28 Մայիս 2024

Բագրատ Սրբազանին՝ Տաւուշէն սկզբնաւորած շարժումը, որ կը հետապնդէ քանի մը նպատակ, մօտաւորապէս մէկ ամսուան ժամանակամիջոցին կտրեց քանի մը հանգրուան, նորագոյնը՝ 28 Մայիսի պատմական օրը: Օղակները պիտի շարունակուին:

Հիմնական նպատակն է ժողովուրդը զգաստութեան հրաւիրել եւ ցոյց տալ, որ այս իշխանութիւնը բանիւ եւ գործով կը շարունակէ հայրենիքը կորուստէ կորուստ տանելու «յաղթարշաւ»ը: Հիմա ա՛լ շատ չ’արծարծուիր «հիները տուած են, հիները համաձայնած են» ու նման ցնդաբանութիւններ, որդեգրուած է նոր գիւտ մը. Ատրպէյճանին ըստ էութեան նուէր տրուող հողերը «արդէն Ատրպէյճանին կը պատկանէին»: Նոյն «տրամաբանութեամբ» Արցախը տրուեցաւ Ատրպէյճանին, հիմա կարգը եկած է տաւուշեան սահմանային գիւղերուն, վաղուան ցանկին վրայ են «կղզեակները», իսկ աւելի ուշ՝ մինչեւ իսկ… Երեւանն ու Գիւմրին, իբրեւ լրացում՝ «Զանգեզուրի անցք»ին:

Շարժումը առաջնորդողները կ’ահազանգեն, որ եթէ այս վարչախումբին վնասարար ընթացքը չկասեցուի, հայրենիք ու պետականութիւն պիտի կորսնցնենք, եւ սակայն, կայ զանգուած մը, որ կը մնայ անտարբեր, կը սպասէ, որ ազերիին քարտէսագրութիւնը բախէ իր սեփական դուռը: Անտարբերը չի տեսներ, չ’ուզեր տեսնել, որ երէկ, Տաւուշէն յանձնուած գիւղերուն ԽԱԲՈՒԱ՜Ծ բնակիչները հրոյ ճարակ դարձուցին իրենց բնակարաններն ու ստացուածքները, որպէսզի անոնք չանցնին ազերիներո ձեռքը: Նոյնը ըրած էին արցախցիք՝ Աղաւնոյի, Բերձորի, Քարվաճառի եւ այլ աւաններու մէջ, նոյնը ըրած էին սիւնեցիք, վաղը նոյն ճակատագիրը կը սպասէ այլ շէներու:

Այս փաստերն ու ճշմարտութիւնները տեսնողը ալիք առ ալիք կը միանայ Տաւուշէն սկսած ու հայրենիքի փրկութեան ձգտող շարժումին: Մեծ հանրահաւաքներէն ետք, հայրենապաշտպանութեան գործը կը շարունակուի բողոքի խաղաղ ցոյցերով, փողոցներ փակելով ու նման՝ ոչ բիրտ միջոցներով: Իշխանութիւնը, հաւատարիմ իր վարքագիծին, ամենայն բրտութեամբ կը փորձէ ճնշել ու խորտակել իրերայաջորդ ալիքները: Բազմահարիւր ցուցարարներ կը ձերբակալուին, ծեծի կ’ենթարկուին, իբրեւ ապացոյց՝ «ժողովրդարութեան պասթիոն» Հայաստանին, մինչեւ իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ու հոգեւորականներու «գունդ»-ին դիմաց արգելք կը դրուի Սարդարապատի յուշահամալիր մտնելու եւ Մայիս 28-ի կերտիչներուն յիշատակը ոգեկոչելու…: Եւ սակայն, արդարութեան ձայնը չի՛ մարիր, պիտի չմարի, մինչեւ վախճանական նպատակը՝ մինչեւ այս վարչախումբին վտարումը իշխանութեան ղեկէն:

***

Երբ այս շարժումը սկիզբ առաւ, կար ընդհանուր թերահաւատութիւն մը, թէ՝ այս ալիքն ալ պիտի անցնի ապարդիւն, թէ՝ «Զարթիր լաօ»-ին եւ յաջորդած ալիքներուն համահունչ ա՛յս ծառացումն ալ պիտի մարի շուտով: Թերահաւատութիւնը ըստ բաւականին փարատած է հիմա, «Լաօ»-ն ապացուցած է, որ արթնցած է, բողոքի իր ձայնը բարձրացնելով՝ առաջին հերթին կ’աշխատի զգաստութեան հրաւիրել իշխանախումբը, որ սակայն կը յամառի չանսալ ժողովուրդի կոչին, աւելին, չի վարանիր բանիւ եւ գործով բախումներ ստեղծել: Բողոքողները բաւարար իմաստութիւն ունին չտարուելու իշխանաւորներու այս ու նման սադրանքներով:

Խորքին մէջ, «անհաւասար» հակամարտութիւն մը տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ եւ արձագանգները կը տարածուին հայրենիքի սահմաններէն անդին: Անհաւասար-ը ունի երկու երես. մէկ կողմէ, կայ «ամենազօր» իշխանախումբը, որ բազմահազար ոստիկաններով կը հալածէ ու բռնարարքներու կ’ենթարկէ անզէն, խաղաղ ցուցարարները, որոնք կարծէք թէ կը հետեւին «մէկ երեսիդ զարնողին՝ միւս երեսդ դարձուր» պատգամին (չմոռնանք, որ առաջնորդողը Քրիստոսի մէկ աշխակերտն է): Այս իմաստով, ուժերը անհաւասար են գետնի վրայ, իշխանաւորներն են հզօրը: Կայ, սակայն, միւս երեսը: Ժողովուրդին զայրոյթը կը կուտակուի օրէ օր եւ վաղը պիտի գտնէ «վերջին շիւղը, որ կը կոտրէ ուղտին կռնակը»: Այս իմաստով՝ ժողովուրդն է հզօրը, որուն պիտի պատկանի, պէ՛տք է պատկանի վերջին յաղթանակը:

Սպասողական վիճակը կ’երկարաձգուի: Շարժումին առաջնորդը կը յորդորէ հետեւորդները՝ գօտեպնդուելու եւ զինուելու համբերութեամբ, յայտարարելով, որ բողոքի ալիքը քայլ առ քայլ յառաջ պիտի շարժի եւ հասնի նպատակին՝ ճշմարտութեան յաղթանակին: Պէտք է տեսնել, սակայն, որ համբերութեան բաժակը գրեթէ լեցուած է եւ պէտք է օր առաջ կառքը հասցնել վախճանակէտին:

***

Այս տողերուն նպատակը՝ շարժումին ընթացքը քննարկել չէ, ո՛չ ալ մանաւանդ՝ քննադատութիւններ նետել (ինչպէս կ’ըլլան աջէն-ձախէն): Այլ պարզապէս կ’ուզենք ըսել, որ համբերութեան պարանը կարճ է, իսկ սկսուած շարժումը կը կարօտի որակական ու քանակական ծաւալումի:

Ի՞նչ կը հասնկնանք որակական եւ քանակական ծաւալում ըսելով:

Նորութիւն ըսած պիտի չըլլանք, եթէ նշենք, որ բողոքի ալիքին միացողներուն թիւի յաւելումը ամէնէն կարեւոր ազդակներէն մէկը պիտի ըլլայ՝ սպասուած բարեշրջումը իրականացնելու համար: Ցարդ հաւաքներն ու քայլերթները սահմանափակուած են Երեւանով (իսկ Մայիս 28-ին, Սարդարապատի մէջ եղածը աւանդական ուխտագնացութիւն էր, ապա, երեկոյեան, ինքնաշարժներու ճչակներով երթը ձայն բարձրացնելու այլ ձեւ): Թէեւ երկու անգամ կարելի եղաւ հրապարակը յորդեցնող գիտակից բազմութիւն մը հաւաքագրել, սակայն ջրբաժանին սպասման ճնշումը կը բարձրանայ: Գիտակից (ո՛չ խելագարած) զանգուածին սպասումը արդար է, որովհետեւ մարդիկ բաց աչքերով կը տեսնեն, որ իշխանախումբին երկրի ղեկին մնալը ժամ առ ժամ նոր վնասներ կը պատճառէ բոլոր գիծերուն վրայ: Նոր հողերու կորուստը վերահաս է. մինչեւ իսկ իշխանութեան համակիրներ սկսած են տեսնել – եթէ տեսնելու կարողութիւնը անդառնալիօրէն չեն կորսնցուցած – թէ «ընտրեալ»ին քուէ չէին տուած, որպէսզի հայրենիքը նուիրէ Ատրպէյճանին, մոռնայ Արցախը,  քաղաքական բանտարկեալներն ու գերիները, ալ ի՜նչ խօսք՝ երկրի տնտեսական ու ընկերային վիճակներուն քայքայումին մասին: Հետեւաբար, սպասելի է, որ բողոքի ալիքը չմնայ Երեւանի մէջ, զուգահեռաբար բազմամարդ հաւաքներ տեղի ունենան միւս մեծ քաղաքներուն մէջ, երկրին անդամալուծուումը (գոնէ քանի մը օրով) ըլլայ աւելի՛ համատարած, որպէսզի իշխանութիւնը պաշտնապող ոստկիկանները գործնապէս անկարողութեան մատնուին: Ի վերջոյ, կարելի՞ է բազմահազար քաղաքացիներ ձերբակալել եւ ոստիկանատուները լեցնել…: Սա նաեւ զգաստութեան գործնական հրաւէր պիտի ըլլայ ոստիկաններուն:

Իսկ որակական ըսելով՝ ի մտի ունինք ազդեցիկ քարոզչութեան ծաւալումը: Այս շարժումը ցարդ բաւարար, գոհացուցիչ արձագանգ չէ գտած արտաքին շրջանակներու մէջ (*): Ամէն մարդ դժգոհ է, որովհետեւ բարեկամ երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները «կրաւորական» եւ «անտարբեր» են շարժումին նկատմամբ, հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն կ’ըլլայ քաղաքական դրդապատճառներուն մասին: Շարժումին ղեկավարութիւնը պէտք է պահը հասած նկատէ, որպէսզի ձեւը գտնէ փոթորիկ ստեղծելու արտաքին ոլորտին մէջ (փոթորիկը աւերիչ կամ ինքնանպատակ պիտի չըլլայ, այլ իր յայտարարած նպատակներուն նպաստ բերող հոսանքներու, արձագանգներու յառաջացում): Վստահաբար մտածող եղած է որ պահանջները բովանդակող գիրեր հասցուին դեսպանատուներ եւ միջազգային այլ կառոյցներ: Ազդու եւ արդիւնաբեր քարոզչութեան միջոցները անսպառ են, պէտք է գործի լծել բոլոր ձեռքերը, անվերապահ գործակցութիւն ստեղծել մասնաւորաբար Հայաստան-Սփիւռք գիծերու վրայ:

***

Անցեալ շաբաթավերջին, Լորիի եւ Տաւուշի գետափնեայ գիւղերն ու աւանները պատուհասած բնական աղէտը՝ ողողումները, ահաւոր վնասներ պատճառեցին: Ունեցանք մարդկային եւ նիւթական անհաշուելի կորուստներ: Վարչապետ կոչեցեալը յայտնապէս բաւարար նկատած է աղէտեալ շրջաններ «ամբոխահաճ» շրջապտոյտը՝ քանի մը «ուսապարկ»ի ընկերակցութեամբ: Իշխանութիւնները այս անգամ ալ խոստումներ շռայլած են, եւ սակայն, աղէտէն 2-3 օր ետք, մեկուսացած շրջանները կը մնան անօգնական, բնակիչներուն «աչքը ջուր» կտրած է պետական օժանդակութիւններու սպասումով…

Վաղը, այս կամ այն ձեւով, մարդիկ իրենց «գլխուն ճարին պիտի նային»: Աղէտահար շրջաններու բնակիչները գիտեն, որ բռնագաղթուած արցախցիները ինչպիսի՛ վերաբերմունք գտած են Երեւանի իշխանաւորներուն կողմէ, անոնց տրամադրուածը՝ կիսատ-պռատ օգնութենէ անդին չէ անցած: Այսուհանդերձ, բնական աղէտին հետեւանքները կամաց-կամաց պիտի դարմանուին, ամէնէն ծանրը պիտի մնայ զոհերուն առթած կսկիծը:

Սակայն միւս կորուստները, այսինքն՝ համաթուրանականութեան կառքին լծուած իշխանախումբին պատճառած վնասները ահաւոր են, անմիջական ապագային դարման չի տեսնուիր, մինչեւ իսկ եթէ սպասուած իշխանափոխութիւնը իրականանայ անմիջապէս:

Ահա թէ ինչո՛ւ արդար է ճնշումին բարձրացումը: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է անյապաղ ընդարձակել արդարատենջութեան եւ հայրենապաշտպանութեան շարժումին հորիզոնները:

 

 

 

(*) Միջազգային լրատու աղբիւրներ անցեալ շաբաթ հաղորդեցին, որ «Ատրպէյճան վերստացած է» հայկական չորս գիւղեր: Ատրպէյճանի բառամթերքն էր «վերստանալ»ը: Փաշինեան եւս «վերստանալու» ակնարկութիւն կատարեց, յայտնապէս ինքզինք դասելով… ազերիական ճակատին մէջ:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles